Գումարուեցաւ ՀՅԴ Հարաւային Եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Ու Աւստրալիոյ Մարմիններու Շրջանային Ժողովը


ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ.- Անցեալ շաբաթավերին՝ Սեպտեմբեր  5-6, 2015ին, Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսի մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւէրով գումարուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի, Արեւելեան Ամերիկայի, Արեւմտեան Ամերիկայի, Գանատայի եւ Աւտրալիոյ մարմիններու շրջանային (ռայոնական) Ժողովը:

Ժողովին մասնակցեցան  ՀՅԴ  Բյուրոյի,  ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի, Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի եւ Ամերիկեան ցամաքամասի ու Աւստրալիոյ կազմակերպական հինգ շրջաններու մարմիններու  22 ներկայացուցիչներ։

Չորս նիստերու ընթացքին Շրջանային Ժողովը քննարկեց  Դաշնակցութեան եւ ընդհանրապէս հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները Հայաստանի, Արցախի, Ջավախքի, Արեւմտեան աշխարհի, Միջին Արեւելքի մէջ եւ այլուր, ինչպես նաեւ լսեց իւրաքանչիւր մարմնի գործունէութեան զեկոյցը եւ առաջարկները։

ՀՅԴ 125ամեակի տօնակատարութիւններու շեմին կայացած այս քննարկումները յատկապէս կեդրոնացան Հայաստանի, Արցախի ու Ջավախքի օժանդակութեան, ՀՀ Սահմանադրական բարեփոխումներու գործընթացի, սիրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններու, կազմակերպական հզօրացման, երիտասարդութեան ներգրաւման, Հայ Դատի աշխատանքներու  եւ ազգային ներուժի ամրապնդման խնդիրներու վրայ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.