«Հայերու Վերջը Պիտի Գայ, Մենք Ձեր Վերջը Պիտի Բերենք». Թրքական Թերթի Ատելավառ Հրապարակումը


Էրմենիհապեր – Թուրք-քրտական հերթական զինուած բախումներէն մէկուն ժամանակ սպաննուած թուրք ոստիկան Օլգուն Քուրպանօղլուի յուղարկաւորութեան ժամանակ քաղաքացի մը, որուն ինքնութիւնը չի նշուիր, յայտարարած է, թէ ՔԲԿ-ի (PKK) բոլոր ներկայացուցիչները իրականութեան մէջ ոչ թէ քիւրտ են, այլ` հայ:

Նշենք, որ «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը» (PKK-ՔԲԿ) թրքական իշխանութիւններուն կողմէ ճանչցուած է որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւն:

Քաղաքացիին վերոնշեալ մերկապարանոց յայտարարութիւնը որպէս լուր իր կայքին մէջ հրապարակած է Թուրքիոյ իշխանամէտ «Sabah» թերթը հետեւեալ վերտառութեամբ` «ՔԲԿ-ականները բոլորը հայեր են»,-կը փոխանցէ ermenihaber.am-ը:

Լուրին կից տեսանիւթին մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէս է քաղաքացին ոգեւորուած եւ սպառնալից կը պառայ. «Այս ՔԲԿ-ականները բոլորը հայեր են, իրենց ինքնութիւնը կը թաքցնեն: Ես քիւրտ եմ, ես իսլամ եմ, բայց ես հայ չեմ: Հայերուն վերջը պիտի գայ: Մենք ձեր վերջը պիտի բերենք: Ինչ ալ ընէք` ի զուր է, ով հայեր: Մենք ձեզ գիտենք: Ինչ ալ ընէք` ի զուր է»


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.