Թուրքիա յաւելեալ փաստաթուղթեր պահանջած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն


Ինչպէս ծանօթ է, 28 Ապրիլին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դատ բացած էր Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ, պահանջելով ետ վերադարձնել Սսոյ Կաթողիկոսական նստավայրն ու կալուածքը:

News.am գործակալութիւնը, հարցազրոյց մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մամլոյ ծառայութեան հետ եւ տեղեկացաւ, որ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը յաւելեալ փաստաթուղթեր պահանջած է կաթողիկոսութենէն:

Հաղորդուեցաւ, որ դիմումի քննութիւնը ամենայն հաւանականութեամբ պիտի սկսի Սեպտեմբերին: «Յուլիսին Թուրքիոյ մէջ տօն էր: Օգոստոսէն սկսեալ ալ Թուրքիոյ դատարանները մէկ ամսուան համար արձակուրդի գացին: Այդ պատճառով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դիմումի քննութիւնը երկարաձգուեցաւ: Մեր կարծիքով, Սեպտեմբերին գործի քննութիւնը պիտի սկսի, իսկ Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր ամսուն ալ արդէն վճիռ պիտի արձակուի» ըսին մամլոյ ծառայութենէն, աւելցնելով որ, ըստ Թուրքիոյ Սահմանադրութեան, դատարանը վեց ամսուան ընթացքին վճիռ պէտք է արձակէ: Մամլոյ ծառայութենէն դիտել տուին, որ իրենցմէ յաւելեալ փաստաթուղթեր պահանջած են, ինչ որ կը նշանակէ, թէ դիմումը արդէն ընդունուած է դատարանին կողմէ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.