Տիգրան Մեծի Փողոցէն… Արամի Փողոց


Վաչէ Բրուտեան 

Նոյն աղէտն է, որ կը կրկնուի: Այս անգամ, սակայն, առանց եւրոպական եռապետութեան (Միջազգային դրամական հիմնադրամ-IMF, Եւրոպական կեդրոնական դրամատուն եւ ԵՄ-ի ելեւմուտքի նախարարներ) պարտադրանքին: Եւ տակաւին, արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքէն մինչեւ Կարէն Դեմիրջեանի անունով կոչուած Մարզահամերգային համալիրը:

Այս օրերուն մշակութային արժէքներու ջարդ տեղի կ՛ունենայ համաշխարհային տարողութեամբ: Մօտաւորապէս տասնամեակ մը առաջ, երբ հայութիւնը, իր պետութեամբ եւ կազմակերպութիւններով, ահազանգ հնչեցուց Ջուղայի խաչքարերու օր ցերեկով կատարուած ջարդին կապակցութեամբ, ինքզինք «քաղաքակիրթ», «ժողովրդավար» ու չես գիտեր ինչ սուտուփուտ ածականներով ներկայացնող Արեւմուտքը նոյնիսկ չուզեց լսել կամ տեսնել: Մեղա՜յ քեզ Տէր, Ազրպէյճանը ինչպէ՞ս նեղացնել… Այս էր Արեւմուտքի լռութեան տողատակը:

Ահաւասիկ, աւելի քան տարիէ մը ի վեր, Մ. Արեւելքի Արգասաբեր մահիկ կոչուած տարածաշրջանին մէջ (Իրաք եւ Սուրիա), հազարամեակներու հնութիւն ունեցող պատմամշակութային կոթողներ բառացիօրէն կը քանդուին: Վերջին օրինակը կու գայ Սուրիոյ մէջ գտնուող պատմական Փալմիր քաղաքէն: Հոն նոյնիսկ այդ վայրին մէջ գործող երկու հնէաբան մասնագէտներ մորթուեցան (բառացիօրէն): Արեւմտեան մամուլին ու քաղաքական շրջանակներէն ներս միայն կոկորդիլոսի արցունքներ երեւացին: Շատ չփորփրեցին (տակէն կրնար վատ հոտ դուրս գալ…): Հիմնականին մէջ այն պարզ պատճառով, որ այդ բարբարոս արարքին հեղինակները նոյն այդ Արեւմուտքին ու անոր տեղական դաշնակիցներուն կողմէ ֆինանսաւորուած տարրերն են: Սա միջազգային ու հանրածանօթ «գաղտնիք» է:

0829aram

Խորքին մէջ նիւթապաշտական մտածողութիւնն է չարեաց աղբիւրը: Մտածողութիւն մը, որ կը մերժէ ճանչնալ որեւէ արժէք` Դրամէն, հնչուն Դրամէն զատ (չենք ակնարկեր ՀՀ դրամանիշին): Այս մտածողութեան համար անարժէք բաներ են մշակոյթ ու արուեստ, պատմական ժառանգութիւն կամ ազգային ինքնութիւն: Այս հոսանքը ինքզինք կ՛արտայայտէ զանազան ձեւերով` նայած երկիրին ու պայմաններուն: Տեղ մը ականահարելով ու քանդելով (ինչպէս Տէր Զօրի Նահատակաց յուշարձանին, Աֆղանիստանի մէջ պուտտաներու արձաններուն կամ Փալմիրի օրինակով), իսկ ուրիշ տեղ մը («բախտաւոր» զգացէք)` ձեւախեղելով, խեղաթիւրելով, դրամական շահու աղբիւրի վերածելով ու այդ ձեւով ալ` զայն իր պատմական ու հոգեւոր արժէքէն պարպելով:

Կ՛ըսուի, թէ ամէն ինչ յարաբերական է: Եթէ այդպէս է, ուրեմն պէտք է փա՞ռք տանք Հայաստանի Հանրապետութեան (1918-1920) կառավարութեան շէնքը դրամական եկամուտի սիրոյն վաճառողներուն: Երեւան այցելուները անպայման կը տեսնեն այդ շէնքը, Տիգրան Մեծ եւ Հանրապետութիւն փողոցներուն անկիւնը, որուն պատշգամէն Արամ ուղղեց դիմադրութեան ու կռիւի իր կոչը` Սարդարապատի նախօրեակին: Մօտաւորապէս տասնամեակ մը առաջ սեփականաշնորհուեցաւ այդ շէնքը, ուր բացուած է փիցայի ճաշարան մը (անճոռնի ցուցանակով մը): Շէնքը անցորդներուն ո՛չ Արամ կը յիշեցնէ, ո՛չ Սարդարապատ, ոչ ալ (բնականաբար) Ազգի գոյատեւման ու պայքարի ոգի: Այլ` փիցա (չէ՞ որ ամէն ինչ «յարաբերական է»):

Սեփականաշնորհուած է նաեւ Արամի բնակարանը (միշտ դրամական եկամուտի սիրոյն), Երեւանի մէջ, ուրկէ այսօր մնացած են միայն ճակատի ու կողմի պատերը: Ուժեղ փոթորիկ մը կամ ցնցում մը եւ… վերջ:

Նոյնքան մտահոգիչ են Մարզահամերգային համալիրին ու կառավարութեան շէնքին վաճառքին մասին հրապարակուած լուրերը: Կրնայ հռետորական թուիլ, բայց մտածուա՞ծ է, թէ վաճառողները ի՛նչ հաշիւ պիտի տան Ալ. Թամանեանին կամ համալիրի ծրագիրը իրագործած սերունդին:

 

Այս օրերուն ընկերային ցանցերուն վրայ սկսած են արդար մտահոգութիւններ արտայայտուիլ վերջին օրինակին կապակցութեամբ:

Արդար պիտի ըլլար ակնկալելը, որ Արամի տունը վերածուի տուն- թանգարանի, որ այցելուներուն կարենայ ներշնչել պայքարի ոգին պետականութիւն կերտած այն սերունդին, որուն փայլուն ներկայացուցիչն էր Արամը: Բանաստեղծին բառերով` «Անունն անթառամ, Մանուկեան Արամ»:

0829hamalir

Նոյնքան արդար պիտի ըլլար ակնկալելը, որ առաջին հանրապետութեան կառավարութեան շէնքը եւս վերածուի թանգարանի` անմահացնելու համար նոյն այդ սերունդին անկիւնադարձային նուաճումը, որուն կը պարտինք մեր այսօրուան գոյութիւնը: Ազգերը նաեւ այսպէս կը գոյատեւեն, նաեւ այսպէս կ՛ուժեղացնեն իրենց պաշտպանական համակարգը ու կը բիւրեղացնեն իրենց ուրոյն դիմագիծը:

Չկա՞ն հայորդիներ, որոնք մատի մէկ շարժումով կրնան գործնականացնել այս առաջադրանքները: Վստահաբա՛ր կան, Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի: Բայց կարեւոր է, որ առաջին հերթին Հայաստանի կառավարութիւնը ի՛նք կամք դրսեւորէ այդ ուղղութեամբ:

Կա՞յ այդ կամքը: Այս յօդուածագիրը կը կասկածի:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.