31 Օգոստոս 1904. Գէորգ ­Չա­ւու­շի եւ Անդ­րա­նի­կի հերոսական կռիւը Աղթամարի մէջ


31 Օ­գոս­տո­սին, 1904 թո­ւա­կա­նին, ­Վա­նայ ծո­վու Աղ­թա­մար կղզիին վրայ, ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցաւ ա­մէ­նէն հե­րո­սա­կան դրո­ւագ­նե­րէն մէ­կը հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման։

Օ­գոս­տո­սի այս օ­րը, 111 տա­րի ա­ռաջ, մղո­ւե­ցաւ Աղ­թա­մա­րի Կ­ռի­ւը, որ պատ­մու­թիւն կեր­տող ճա­կա­տում մը ե­ղաւ թրքա­կան կա­նո­նա­ւոր զօր­քին եւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ֆե­տա­յա­կան փա­ղան­գին մի­ջեւ։

Անդ­րա­նի­կի եւ ­Գէորգ ­Չա­ւու­շի գլխա­ւո­րու­թեամբ՝ հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու 70 հո­գի­նոց մեծ խում­բը պար­տու­թեան մատ­նեց Աղ­թա­մար կղզին ռազ­մա­նա­ւե­րով պա­շա­րած եւ թնդա­նօ­թա­յին ռմբա­կոծ­ման են­թար­կած թրքա­կան զօր­քը։

Աղ­թա­մա­րի կռի­ւը հան­դի­սա­ցաւ հայ ֆե­տա­յա­կան շարժ­ման ա­մէ­նէն փայ­լուն նո­ւա­ճում­նե­րէն մէ­կը, որ ա­ռաս­պե­լա­կան քա­ջա­գոր­ծու­թեան պսա­կին ար­ժա­նա­ցուց դաշ­նակ­ցա­կան հայ­դուկ­նե­րը եւ պան­ծա­ցուց հե­րո­սա­կան հայ­դու­կա­պե­տի կեր­պա­րը ան­զու­գա­կան Անդ­րա­նի­կին։ Ապս­տամբ ­Սա­սու­նի հա­մար ծանր ժա­մա­նա­կաշր­ջան էր։ ­Գար­նա­նա­մու­տին ամ­բողջ ­Տա­րօ­նայ Աշ­խար­հը բռնկած էր, ո­րով­հե­տեւ սուլ­թան ­Հա­միտ յղա­ցած եւ գոր­ծադ­րու­թեան յանձ­նած էր հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին ող­նա­շա­րը՝ ա­նա­ռիկ ­Սա­սու­նը կոտ­րե­լու եւ հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը ծուն­կի բե­րե­լու ծրա­գի­րը։

Մ­շոյ դաշ­տի հայ­կա­կան գիւ­ղե­րէն մին­չեւ ­Սաս­նոյ բար­ձունք­նե­րը թի­րախ դար­ձան թրքա­կան կա­նո­նա­ւոր զօր­քե­րու եւ ա­նոնց կող­մէ զի­նո­ւած ու շարժ­ման մէջ դրուած քրտա­կան ան­կա­նոն ու­ժե­րու ընդ­հա­նուր գրո­հին։

Թուր­քեւ­քիւրտ գրո­հը դի­մագ­րա­ւե­լու պատ­րաստ վի­ճա­կի մէջ էր ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Դու­րան-­Բարձ­րա­ւան­դա­կի ողջ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը։ Հ­րայր-Դ­ժոխ­քի եւ ­Վա­հա­նի (­Մա­նո­ւէ­լեան) ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ ու Անդ­րա­նի­կի մար­տա­կան ղե­կա­վա­րու­թեամբ, դաշ­նակ­ցա­կան ֆե­տա­յի­նե­րը նե­տո­ւե­ցան օր­հա­սա­կան կռո­ւի մէջ եւ մին­չեւ ա­մառ հե­րո­սա­բար դի­մադ­րե­ցին ա­րիւ­նար­բու ո­սո­խին։ 1894-1896ի կո­տո­րած­նե­րը կրկնե­լու հա­մի­տեան ա­խոր­ժա­կե­րը թէեւ սան­ձո­ւե­ցան, դաշ­տա­յին թէ լեռ­նա­յին մար­տե­րու մէջ թէեւ փայ­լուն յաղ­թա­նակ­ներ ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցան, այ­դու­հան­դերձ՝ հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը Հ­րայր-Դ­ժոխ­քի եւ ­Վա­հա­նի նման ան­զու­գա­կան հե­րոս­նե­րու եւ ղե­կա­վար մար­տիկ­նե­րու ա­րեան զո­հա­բեր­ման ծանր գի­նը վճա­րեց թշնա­մին ետ մղե­լու հա­մար։ ­Յու­լի­սին ար­դէն հա­մի­տեան գրո­հը սկսած էր մեղ­մա­նալ, եւ­րո­պա­կան տէ­րու­թեանց մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րը ո­րո­շա­կի զի­նա­դուլ ա­ռա­ջա­ցու­ցած էին եւ ֆե­տա­յի­նե­րը ըն­դու­նած էին քա­շո­ւիլ լեռ­նե­րը…

Սուլ­թա­նը ան­շուշտ փոր­ձեց ա­ռա­ւե­լա­գոյնս օգ­տուիլ ֆե­տա­յի­նե­րու այդ զի­ջու­մէն եւ բա­ցա­կա­յու­թե­նէն… ­Հայ ան­զէն բնակ­չու­թիւ­նը կո­ղոպ­տե­լու եւ նե­ղե­լու սան­ձար­ձակ գրո­հի կա­նաչ լոյս տո­ւաւ թուրք եւ քիւրտ ան­կա­նոն զի­նեալ­նե­րուն, ո­րոնք եւ­րո­պա­ցի հիւ­պա­տոս­նե­րու քի­թին տակ հա­մա­տա­րած ահ ու սար­սա­փի մատ­նե­ցին հա­յու­թիւ­նը։

Ս­տեղ­ծո­ւած կա­ցու­թիւ­նը դի­մագ­րա­ւե­լու եւ հայ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի հե­տա­գայ քայ­լե­րը ճշդե­լու եւ ծրագ­րե­լու նպա­տա­կով՝ ­Տա­րօ­նի ու ­Վաս­պու­րա­կա­նի տա­րած­քին գոր­ծող դաշ­նակ­ցա­կան խում­բե­րու եւ կազ­մա­կեր­պա­կան կա­ռոյց­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ո­րո­շե­ցին ընդ­լայ­նո­ւած խորհր­դակ­ցու­թեան հա­մար հա­ւա­քո­ւիլ Աղ­թա­մար կղզիին վրայ։ Օ­գոս­տո­սի կէ­սե­րուն գու­մա­րո­ւած Աղ­թա­մա­րի ­Ժո­ղո­վը պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ, ո­րով­հե­տեւ վճռա­հա­տեց տա­րի­նե­րէ ի վեր օ­րա­կար­գի վրայ դրո­ւած, բայց տա­րա­կար­ծու­թեանց հե­տե­ւան­քով իր վերջ­նա­կան լու­ծու­մը չստա­ցած Երկ­րի ընդ­հա­նուր ապս­տամ­բու­թիւ­նը նա­խա­պատ­րաս­տե­լու խնդի­րը։ Անդ­րա­նի­կի եւ ­Գէորգ ­Չա­ւու­շի, Ա­րա­մի եւ ­Կոմ­սի, ­Մու­րա­տի եւ ­Վա­նայ Իշ­խա­նի տա­րո­ղու­թեամբ ղե­կա­վար գոր­ծիչ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, Աղ­թա­մա­րի ժո­ղո­վը որ­դեգ­րեց տա­րի­նե­րէ ի վեր Հ­րայր-Դ­ժոխ­քի պաշտ­պա­նած հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ընդ­հա­նուր ապս­տամ­բու­թեան ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը, որ կը նշա­նա­կէր նո­ւա­զա­գոյ­նի ի­ջեց­նել եւ միայն անհ­րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին ֆե­տա­յա­կան ընդ­հա­րում­ներ ու­նե­նալ թշնա­միին հետ։ ­Նաեւ՝ խու­սա­փիլ դէ­պի Եր­կիր զի­նա­տար խում­բե­րու օգ­տա­գոր­ծու­մէն, փո­խա­րէ­նը թափ տա­լով «Ծծ­ման ե­ղա­նակ»ով Երկ­րի հա­յու­թիւ­նը զի­նե­լու եւ ապս­տամ­բու­թեան պատ­րաս­տե­լու գոր­ծու­նէու­թեան։ Իսկ ա­ւե­լի ծան­րակ­շի­ռը՝ ­Տա­րօ­նի Աշ­խար­հէն հե­ռաց­նել Անդ­րա­նի­կի եւ ­Մու­րա­տի օ­րի­նա­կով ­Հա­յաս­տա­նի այ­լե­ւայլ շրջան­նե­րէն ­Սա­սուն հա­ւա­քո­ւած մար­տա­կան ղե­կա­վար­նե­րը, որ­պէս­զի ­Գէորգ ­Չա­ւու­շի եւ ­Կո­րիւ­նի օ­րի­նա­կով տե­ղա­կան ու­ժե­րը ստանձ­նեն ընդ­հա­նուր ապս­տամ­բու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պե­լու գոր­ծին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։

Ժո­ղո­վը նոր ա­ւար­տած էր իր աշ­խա­տանք­նե­րը եւ ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն մէկ մա­սը հա­զիւ հե­ռա­ցած էր կղզիէն, երբ Աղ­թա­մա­րը յան­կարծ շրջա­փա­կո­ւե­ցաւ՝ ժո­ղո­վին լու­րը ի­մա­ցած եւ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւնն ու ֆե­տա­յա­կան շար­ժու­մը մար­տա­կա­նօ­րէն գլխա­տե­լու հրա­հանգ ստա­ցած թրքա­կան զօր­քի նա­ւե­րուն կող­մէ։

Օ­գոս­տոս 31ի այդ ամ­բողջ օ­րը բուռն կռիւ մղո­ւե­ցաւ։ Թր­քա­կան նա­ւե­րը ա­ւե­լի քան քսան թնթա­նօթ­նե­րով ռմբա­կո­ծե­ցին ֆե­տա­յա­կան դիր­քե­րը, որ­պէս­զի ռում­բե­րու տա­րա­փին տակ ահ ու սար­սա­փի մատ­նեն հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րը եւ ցա­մաք էջք կա­տա­րեն ու հա­շո­ւե­յար­դար տես­նեն սուլ­թա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան դէմ ապս­տամ­բու­թեան դրօշ պար­զած հայ «կեա­ւուր»նե­րուն հետ… ­Բայց պա­տա­հե­ցաւ ճիշդ հա­կա­ռա­կը, ար­ձա­կո­ւած ռում­բե­րը չհա­սան ի­րենց նպա­տա­կին եւ, ընդ­հա­կա­ռակն, Անդ­րա­նի­կի հրա­մա­նա­տա­րա­կան փայ­լուն տա­ղան­դով, ֆե­տա­յի­նե­րը կրցան ի­րենց հրա­ցան­նե­րով եւ նշա­նա­ռու­թեամբ տաս­նեակ­նե­րով զոհ խլել հա­րիւր­նե­րով նաւ բարձ­րա­ցած թրքա­կան զօր­քէն։

Թշ­նա­մին ճա­րա­հատ նա­հան­ջեց, որ­պէս­զի վե­րա­դա­սա­ւո­րէ իր շար­քե­րը եւ ամ­րաց­նէ նա­ւե­րու վրայ դրո­ւած թնթա­նօթ­նե­րուն դիր­քե­րը։ Անդ­րա­նիկ լա­ւա­գոյնս օգ­տա­գոր­ծեց թրքա­կան զօր­քի նա­հան­ջը եւ հայ մար­տիկ­նե­րը նա­ւակ­ներ բար­ձրա­նա­լով՝ հա­կագ­րո­հի ան­ցան թրքա­կան նա­ւե­րուն դէմ։ ­Ծո­վուն բա­ցե­րը մղո­ւե­ցաւ հրա­ցան­նե­րով բուռն կռիւ, ո­րուն ըն­թաց­քին հայ ֆե­տա­յի­նե­րը ի­րենց նա­ւակ­նե­րու ա­րա­գա­շար­ժու­թեամբ եւ նշա­նա­ռո­ւի ի­րենց ա­ռա­ւե­լու­թեամբ՝ մին­չեւ գի­շեր շա­րու­նա­կե­ցին հա­րո­ւա­ծել թշնա­մին։

Մու­թը կո­խե­լէն ետք հայ մար­տիկ­նե­րու նա­ւակ­նե­րը ճեղ­քե­ցին թրքա­կան պա­շա­րու­մը եւ տար­բեր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով հե­ռա­ցան Աղ­թա­մա­րէն։ Ո­մանք ուղ­ղո­ւե­ցան դէ­պի ­Մուշ ու ­Սա­սուն, իսկ միւս­նե­րը՝ դէ­պի Վան։

Հոկ­տեմ­բեր 1904ի իր հա­մա­րով՝ Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Դ­րօ­շակ» ամ­փոփ նկա­րագ­րա­կա­նը տո­ւած է Աղ­թա­մա­րի կռո­ւին եւ հե­տե­ւեալ խօ­սուն ար­ժե­ւո­րու­մով եզ­րա­փա­կած է իր թղթակ­ցու­թիւ­նը.- «Կ­ռի­ւը շատ տպա­ւո­րիչ էր. մե­րոն­ցից ամ­բողջ օ­րո­ւայ կռո­ւի ըն­թաց­քում վի­րա­ւոր­ւում են եր­կու հո­գի, սպանն­ւում է 19 տա­րե­կան մի պա­տա­նի. թշնա­մու կո­րուս­տը անց­նում է 19ից։ Ար­ձա­կո­ւած ռում­բե­րի թի­ւը 30ից ա­ւե­լի է։

«­Մի քա­նի օ­րից յե­տոյ ­Գէորգ ­Չա­ւու­շը 20 հո­գով վե­րա­դառ­նում է ­Դաշ­տը՝ ժո­ղովր­դին օգ­նե­լու հա­մար, իսկ Անդ­րա­նի­կը՝ 50 հո­գով մնում է ­Վաս­պու­րա­կան»։

Ն.


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.