Ճատրակ. Արոնեան Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց Կրիսչուքի Հետ
995
0
Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող «Սինքուեֆիլտ Քափ»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 5-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն, որոնք տեղի ունեցան երէկ, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան հաւասարութիւն մը արձանագրեց ռուս Ալեքսանտր Կրիսչուքի հետ:
Կրանտմասթըրները 30-րդ քայլէն ետք հաւասարութեամբ ուզեցին բաւականանալ:
Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, Արոնեան այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 3,5 կէտ, կը յայտնէ ArmSport.am: