Նախիջևանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը հետզհետէ կը յայտնուի շրջափակման մէջ


Նախիջևանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը հետզհետէ կը յայտնուի շրջափակման մէջ։ Այս մասին կ՚անդրադառնայ քաղաքական վերլուծաբան Հրանդ Մելիք-Շահնազարեան ֆէյսպուքի իր էջին վրայ։  Հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան զինեալ բախումի հաւանական վերսկսման հեռանկարը լուրջ սպառնալիք է Ատրպէյճանի համար։ Պաքուի մէջ կը գիտակցին, որ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ յարձակման պարագային Հայաստանը զինուորական լուրջ գործողութիւններ կրնայ ձեռնարկել Նախիջևանի ուղղութեամբ: Վերջին երկու տարիներու ընթացքին հայկական բանակը զգալիօրէն բարելաւած է մարտական դիրքերը Նախիջևանի հետ սահմանին վրայ: Եթէ այդ կացութեան վրայ գումարենք նաև քրտական հարցի գործօնը թուրք-ատրպէյճանական նախիջեւանեան սահմանին վրայ, ապա Պաքու խիստ անմխիթար կացութեան մէջ կրնայ յայտնուիլ, կը հաստատէ Հրանդ Մելիք-Շահնազարեան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.