Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբաններու Սիս կատարած այցելութեան տեսանիւթը հրապարակուեցաւ


Արամ Վեհափառ Հայրապետին թելադրութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, Շաբաթ, 22 Օգոստոս 2015-ին այցելեց Սիսի Կաթողիկոսարանը, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ՝ 1293-էն Հայոց Կաթողիկոսութեան Սիս հաստատուելէն մինչեւ 1915 Սիսի մէջ գահակալած երջանկայիշատակ հայրապետներուն հոգիներուն համար:

 Ապա, կարդացուեցաւ Նորին Սրբութեան պատգամը: 100 տարի ետք, Սիսի Կաթողիկոսարանի փլատակներուն մէջ առաջին անգամ կը հնչէր Հայրապետական պատգամ ուղղուած մեր ժողովուրդին:

 Այս մասին տեսանիւթը դիտել հոս՝

 https://www.youtube.com/watch?v=mcT4iDGJ6KE


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.