Հեծելարշաւ. Էտկար Ստեփանեան` Աշխարհի Երիտասարդներու Ախոյեանութեան Արծաթէ Մետալակիր


egdar-stepanyan_8-21-15

Ասթանայի մէջ (Ղազախստան) տեղի ունեցող հեծելարշաւի երիտասարդներու աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանը ներկայացնող Էտկար Ստեփանեան փայլուն արդիւնքներ արձանագրելով 100 շրջան (25 քմ) խմբային մրցավազքին մէջ, հանդիսացաւ արծաթէ մետալակիր, կը յայտնէ ArmSport.am:

Նշենք, որ այս ախոյեանութեան, խումբը կը մասնակցի Հայաստանի հեծելարշաւի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արմէն Կէօզալեանի ղեկավարութեամբ:

Նշենք նաեւ, որ Ստեփանեանի անձնական մարզիչն է Կարէն Սարգիսով:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.