Երբ աննկատ գործօնը կը փորձէ ազդու դերակատար ըլլալ


 

Ժան Հալլաճեան

Վերջերս civilent-ի կայքէջին վրայ հանդիպեցայ  սուրիահայութեան հարցերով շահեկան հարցազրոյցի մը՝ Ազդակի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի հետ: Հարցումներէն մէկը կը վերաբերէր սուրիահայութեան հարցերով Հայաստանի Հանրապետութեան դերակատարութեան, ու այդ ծիրէն ներս ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի Սուրիա այցելութեան։ Հարցազրոյցը վարողը այս այցելութիւնը կը նկատէր  Հայաստան-Սուրիա «մօտ յարաբերութիւններ»ու ակնյայտ եղանակ ու հարցականի տակ կ՚առնէր քաղաքական-յարաբերական այս եղանակը, շահարկելով այն փաստը որ սուրիական պետական կառոյցները միջազգային վաւերականութիւն չեն վայելեր, իսկ սուրիական իշխանութիւնը կարգ մը միջազգային ուժերու կողմէ անընդունելի վարչակարգ կը դասուի: Պրն. Գանտահարեան համապարփակ պատասխան մը տուաւ այս հարցումին եւ կարեւորեց այն հանգամանքը, որ Սուրիոյ հայ գաղութը ռազմավարական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ համայն հայութեան համար ու ճիշդ այդ պատճառով գաղութի անվտանգութեան թեման դարձած է գերակայ խնդիր բոլորին համար: Առ այդ հայ ղեկավարութիւնը, ամենուրէք, իր դիւանագիտական ճիգերը ի գործ կը դնէ եւ կը կարեւորէ-առաւելագոյն չափով-սուրիահայութեան ֆիզիքական ապահովութիւնը ու կ՚երաշխաւորէ անոր անվտանգութիւնը, իմա՝ Հայաստանի պետականութիւնը:

Երբ կ՚անդրադառնանք միջ-պետական յարաբերութիւններու ձեւաւորման գործընթացին, պէտք է անպայմանօրէն նկատի առնենք, որ չափազանց զուսպ  յայտարարութիւններն  ու կրաւորական օրինաչափութեամբ գործելը, քաղաքական եւ զինուորական հարցերու ճակատագրի վրայ ոչ մեղմացուցիչ եւ ոչ ալ գրգռիչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ: Իւրաքանչիւր հակամարտող- մրցակցող կողմ, կը գործէ մեկնած իր աշխարհաքաղաքական շահերէն, առանց հաշուի առնելու՝ խմբակներու, փոքրամասնութիւններու, պետութիւններու յականէ-անուանէ կողմնորոշումներն ու կեցուածքները: Այս մասին կը վկայեն Միջին Արեւելքի դէպքերու յորձանուտին մէջ վերջին զարգացումները, ուր ոչ մէկ կողմ կը խնայէ կամ կը պաշտպանէ փոքրամասնութիւն մը, իր չէզոք, անկողմնակալ կեցուածքին համար:

Միջազգային գետնի վրայ, ո՞վ կրնայ ըսել թէ ով է «ընդունելի», կամ «մեղմ ընդդիմադիր»ը, որ քաղաքական գետնի վրայ ներկայութիւն է եւ զինուորական քաղաքական գործընթացի վրայ զգալի ազդեցութիւն ունի, որպէսզի այդ օրինակին հիման վրայ Հայաստանի իշխանութիւնները փորձեն  «քաղաքականութիւն խաղալ»։

Այն ինչ որ կը յայտարարուի ու կը տեսնուի քաղաքական բեմահարթակի վրայ մէկ բաժինն է միայն քաղաքական յարաբերութիւններու։ Իրականութեան մէջ, պետական-քաղաքական համաձայնութիւններու եւ անոնց վերջնական ձեւաւորումներուն հասնիլը կ՚ անցնի լուռ նախախմորումներէ կամ չբացայայտուած բեմակատարումներէ: Այո՛, սուրիական իշխանութիւններու ազդու ներկայութիւնը հաճելի չէ կարգ մը միջազգային դերակատար կողմերու, բայց նոյն այդ կողմերը իրենց  քաղաքական յարաբերական կեանքին մէջ, կ՚օգտագործեն,  առանց տարկուսանքի, back door հասկացողութիւնը,  սուրիական իշխանութիւններուն հետ ուղղակի կամ աննուղղակի կամուրջներ նետելով: Հիւսիս արեւելեան քրտական շրջաններու մէջ հակոտնեայ երեւոյթներու կը հանդիպինք, ուր արեւելեան ուժեր կը հովանաւորեն քրտական ուժերը, որոնք բնական դաշնակից ունենալով սուրիական զինուորական օրինական ուժերը, նոյն խրամատներէն կը պայքարին ու կը դիմադրեն ահաբեկչական խմբակներու դէմ:

Հետեւաբար,  երբ ազգային անվտանգութեան եւ հայ զանգուածներու ֆիզիքական ապահովութեան թեման գլխաւոր թեմա կը դառնայ, հայ քաղաքական միտքը փոթորկող ու խթանող նոր հարցումներու եւ խորհրդածութիւններու առջեւ կը դրուի ու լայն դուռ կը բացուի ընդհանրապէս հայ ազգային անվտանգութեան սահմանումին ու անոր ընկալման շուրջ, հակառակ անոր որ Հայաստանը պատմական փորձ ունի անվտանգութեան հարցին մէջ, որովհետեւ 1918-ին, Առաջին Հանրապետութեան օրերերուն, ձեւարուած անվտանգութեան ծառայութեան համակարգը ատաղձը դարձաւ գալիքի աւելի արհեստավարժ ու կայուն համակարգի ստեղծման:Յամէնայնդէպս, նոյնիսկ կայացած պետական համակարգերուն մէջ, որաշակի դեր կը խաղայ ազգային անվտանգոթեան բաժանմունքը կամ ծառայութիւնը/գործակալութիւնը եթէ կարելի է այդպէս որակել: Sine qua non կառոյց մըն է արդի եւ վաղեմի պետական հասկացողութեան մէջ: Ազգային Անվտանգութեան ըմբռնումը նոր հասակ կը նետէ մեր առօրեային մէջ: Հայաստանի վերանկախացումով, լիարժէք պետականութեան վայել կառոյց ունենալով հանդերձ, երկար տարիներու հաւաքագրուած փորձի ու ժառանգի կը կարօտի այդ մարզը, որ վերածուի անխորտակելի ու ամրակուռ, յստակ առաքելութեամբ ու դիմագիծով ծառայութեան մը:

Իսկ շրջանային քաղաքական ոլորտին մէջ երբ կը քննենք Հայաստանի պետութեան դերակատարութիւնը ու կը գնահատենք անոր մասնակցութիւնը միջազգային յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ, պէտք չէ անտեսել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ ռազմավարական դաշնակից ըլլալու հանգամանքը, եւ Հայաստան-Պարսկաստան տնտեսական եւ քաղաքական սերտաճած իւրայատուկ յարաբերութիւնները:  Հետեւաբար, կարելի չէ  դիտել Հայաստանի բացայայտ մերձեցումը սուրիական օրինական իշխանութիւններուն, որպէս հարցականներու տուն տուող խնդիր կամ տհաս քաղաքականութիւն:  Հայաստան արդէն ռազմավարական այնպիսի հանգուցային թատերաբեմի վրայ կը գործէ ու կը գտնուի, որ բոլոր տուեալ տարածաշրջանային ուժերէն ինքզինք չի կրնար մեկուսացնել, երբ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնը ու ապագայ հեռանկարային բոլոր կացութիւնները  աղերսուած են դրացի տարածքներու մէջ խմորուող զինուորական, քաղաքական, քարտէզներու վերագծման հարցերուն հետ:

Հապա ի՞նչ ըսել Թուրքիոյ օր ցերեկ նկրտումներուն ու գաղութատէր ախորժակներուն մասին: Արդեօ՞ք Թուրքիոյ սրուած անսահման ոտնձգութիւնները, միայն Սուրիոյ մէջ առաւել մը արձանգրելու խնդիր ունի՞, թէ կ՚երկարի այդ մէկը անցնելով Պոսնիայէն, Կիպրոսէն, Պուլկարիայէն, Խրիմէն, Արցախէն  հասնելով՝ Թուրանիա: Բոլոր միջազգային պատնէշները ու ձեւաչափերը խորտակելով, ինքզինքին իրաւունք տուած է դառնալու շրջանային ոստիկան, ու վերահսկիչ անհամարատու ոյժ:

Ի տես այս զարգացումներուն, նոր հասկացողութիւն կը զարգանայ եւ ինքզինք կը պարտադրէ հայկական իրականութեան մէջ, թէ ո՞վ պիտի գործէ որպէս վաւերական ուժ, որ ի վիճակի է պաշտպանելու եւ տէր կանգնելու հայ ազգային անվտանգութեան վերնագրին՝ տուեալ օրհասական պահուն : Արդեօ՞ք հայութեան  անվտանգութեան օրակարգը սահմանափակուած է Հայաստանի հանրապետութեան աշխարհագրական տարածքով եւ քաղաքացիներով, թէ՞ կ՚երկարի ամէն տեղ ուր որ հայ կայ: Մեր համոզումով, միակ վաւերական կողմը, որ կրնայ երաշխաւորել այդ մէկը պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ անտարակոյս, հակառակ անոր, որ այդ մէկը ունի գործնական  օրինական միջ- պետական, միջազգային ձեւաչափերու սահմանափակումներ: Սակայն ի հեճուկս այդ “նորմ”երուն, ո՛չ մէկ արգելակիչ դեր պէտք է ունենայ, օրհասական պահերուն, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը տէր ըլլայ ու պաշտպանէ իր ազգակիցը: Պատմական բազում փաստեր կան, երբ պետութիւններ, թէեւ եւ թիկունք կանգնած են իրենց ազգակիցներուն կամ սերունդներ առաջ իրմէ սերած անհատներու, երբ վտանգուած է անոնց կեանքը, հակառակ անոր որ իր քաղաքացիները չեն եւ կը կրեն տարբեր պետութեան անձագրեր:

Հետեւաբար, Հալէպի թէժ մթնոլորտին մէջ տարօրինակ պէտք չէ տեսնել, յամառ ներկայութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսարանին ու անոր անձնակազմին, որոնք  ներգործօն դերակատարութեամբ, առաւելագոյն չափով կ՚աշխատին ապահովել հայ զանգուածներու կարիքները ու կը սպասարկեն գաղութի զանազան պէտքերուն, գործելով միջազգային միջ-պետական ընդունուած չափանիշներով: Ամէնայն Հայոց պետականութեան հասկացողութիւնը հոսկէ կը սկսի,  եւ ոչ թէ պճնանքի բաշխումներով, որոնց լուսապատկերները երբեմն կը պաճուճեն հայկական հրատարակութիւններու առաջին էջերը:

Երբ շատ մը  դիւանագիտական կողմեր իրենց ճամպրուկները հաւաքած հեռացած է անապահով ու թէժ երկրէն, Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան Սուրիոյ մէջ գործող այրերը,հերոսական ներկայութեամբ,կառչած իրենց ազգային առաքելութեան, մօտէն կը հետեւին զարգացող իրադարձութիւներուն ու համապատասխան եղանակով  կ՚արձագանգեն քաղաքական-զինուորական զարգացումներուն:

Ամէնայն Հայոց Պետականութեան ըբռնումը իր ամբողջական հասկացողութեամբ ընկալելը ու մարսելը ժամանակի պիտի կարօտի, տրուած ըլլալով, որ դեռ նորանկախ հանրապետութիւնը, նոր միս ու ոսկոր կազմելով, բայց հաստատ, ազդու քաղաքական գործօն ներկայութեան կը փորձէ վերածուիլ:  Հայ իրականութեան մէջ նմանօրինակ զարգացումներու թերեւս պարագայաբար  հանդիպինք մօտ ապագային, ուր Հայաստանի Հանրապետութիւնը  անհրաժեշտ հատու դրոշմը դնելու հարկադրանքին առջեւ պիտի գտնուի, երբ  դէմ յանդիման ըլլայ հայ զանգուածներու ֆիզիքական ապահովութիւնը ու անվտանգութիւնը պաշտպանելու օրակարգին:

Այս գծով, «Աննկատ գործօնը», Հայաստանի Հանրապետութիւնը, շեշտակի ներկայութիւն վերածուելու իր ճիգին մէջ, հայորդիներուս համար  կը խտացնէ  հոգեբարոյական իմաստ մը՝ Հայաստան տեսնելու թիկունքիդ, կողքիդ, երբ անոր կարիքը կը զգացուի: Նաեւ կը փոխանցէ պատգամ մըն ալ, որ  ազգի մը  պատկանելիութիւնը աշխարհագրական սահման չի ճանչնար, հակաառակ միջազգային նորմերու սեղմումներուն  ու սահմանափակումներուն:

Բաւական բարդ, կնճռոտ աշխարհաքաքաղաքան հանգուցուած կացութեան մը մէջ պարտաւոր ենք ազգովին նաւարկել, մեզի ընձեռնուած եւ երբեմն պարտադրուած գործօններով, որոնցմէ ամենէն նկատառելին՝ Հայաստանի բնական դաշնակիցներու եւ պաշտօնական դաշնակիցներու համախմբումի պաշտպանած ու որդեգրած քաղաքական գիծն է, որուն լայն գիծերուն ներքոյ, պարտաւոր ենք ուրուագծել սեփական եւ ուրոյն քաղաքականութիւն, առաջնահերթութեան կարգով ապահովելու հայութեան ֆիզիքական անվտանգութիւնը ու ազգային շահերը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.