Նոր Գիրքեր՝ «Թուրք մտաւորականներ որոնք ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը»


Կիրակի, 30 Օգոստոս 2015ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Տաճարի ԿԻՐԱԿՈՍ սրահին մէջ, տեղի պիտի ունենայ վերոնշեալ գիրքին Շնորհանդէս-Գինեձօնը: Ձեռնարկը կազմակերպուած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 92 տարի շարունակ լոյս տեսնող՝ ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջանի պաշտօնաթերթ «Նոր Օր»ի վարչութեան եւ Լոս Անճելոսի մէջ 36 տարիէ ի վեր գործող Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութեան կողմէ:

Սոյն հատորը հրատարակուած է «Նոր Օր»ի վարչութեան նախաձեռնութեամբ ու մեկենասութեամբ: Տպագրական ծախսերուն մասամբ օժանդակած են որոշ ազգայիններ, որոնց շնորհակալութեան յատուկ խօսք մը ըսուած է հատորին մէջ:

Համբարձում Աղպաշեան ծնած է Պաղտատ, Իրաք, Զէյթունցի ծնողքէ: Աւարտած է Պաղտատի համալսարանի Ելեկտրական Ճարտարապետութեան (Electrical Engineering) բաժինը: Մինչեւ Ա.Մ.Ն. գալը աշխատած է քանի մը ընկերութիւններու մէջ, նաեւ ունեցած է իր ընկերութիւնը: Ան փոքր տարիքէն մաս կազմած է Իրաքահայ գաղութի ազգային կեանքի ծառայութեանց: Եղած է Հ. Բ. Ը. Միութեան Մշակութային յանձնախումբի անդամ եւ ատենապետ: Նմանապէս ծառայած է Իրաքի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Մշակութային յանձնախումբին մէջ:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ գալէն ի վեր գործօն աշխատակիցն է՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան Շրջանի “Նոր Օր» պաշտօնաթերթին:

Անգլերէնով գրուած 140 էջնոց այս գիրքը, շատ գեղեցիկ տպագրութեամբ, դիւրընթեռնելի եւ դիւրըմբռնելի ոճով շարադրուած է:

Բոլոր գրութիւնները լոյս տեսած են «Նոր Օր» եւ մաս մըն ալ «Մասիս» շաբաթաթերթերուն մէջ:

Հեղինակը լուրջ եւ հետեւողական աշխատանքով կրցած է վերջին մէկ-երկու տարիներուն, մօտ 100-է աւելի թուրք մտաւորականներու վկայութիւնները, խօսքերը եւ կարծիքները հաւաքել: Այս գիրքին մէջ ներկայացուած են միայն 50 մտաւորականներու տեսակէտները եւ արտայայտութիւնները, իսկ յաջորդ՝ երկրորդ հատորին մէջ, Համբարձում Աղպաշեան պիտի ներկայացնէ միւս 50 մտաւորականներունը: Աղպաշեան այդ մտաւորականներու կենսագրութիւններն ալ տուած է գիրքին մէջ:

Յիշենք, որ թրքահպատակ այս մտաւորականները ծագումով իսլամ, հրեայ, քրիստոնեայ, քիւրտ, ալաուի, ձախակողմեան եւ աջակողմեան, բարձր դիրքերու վրայ եղող մեծանուն հասարակական գործիչներ ու համալսարաններու դասախօսներ են, որոնք հաւատարիմ մնալով իրենց գիտութեան, խիղճին ու կոչումին, քաջութիւնը ունեցած են եւ կը շարունակեն ունենալ՝ բացէ ի բաց ճանչնալու այն բացայայտ ճշմարտութիւնը, որ Օսմանեան Կայսրութեան այդ շրջանի ղեկավարները ծրագրուած Ցեղասպանութեամբ աշխատեցան՝ հայ ժողովուրդը իր պապենական հողերէն արմատախիլ ընել՝ բռնի տեղահանելով զայն իր դարերու բնօրրանէն, մէկուկէս միլիոն հայերու ֆիզիքական բնաջնջումով եւ անոնց դարերու ընթացքին կուտակած նիւթական հարստութիւնները կողոպտելով:

Այս բոլոր իրողութիւններուն մասին հայերուն եւ ողջ աշխարհի մարդկութեան ու պետութեանց կողմէ պաշտօնապէս կամ անպաշտօն արտայայտութիւններ կ՛ըլլան, բայց ներկայ թուրք պետական այրերը զանոնք ժխտելով կը ժխտեն՝ հազարումէկ քաղաքական տգեղ խաղերու դիմելով:

Այս գիրքին մէջ Համբարձում Աղպաշեան կրցած է «ի բերանէ քումմէ»՝ իրենց մտաւորականներու բերնով տալ անժխտելի այն իրականութիւնը, որ հայերը հարիւր տարիէ ի վեր փորձած են ու կը փորձեն համոզել աշխարհը, թէ Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ իրագործուած եւ անպատիժ մնացած Ցեղասպանութեան հարցը արդար լուծումի կարօտ է:

Արդարեւ այս հատորին մէջ մենք կը գտնենք այնպիսի վկայութիւններ եւ արտայայտութիւններ, որոնք նորութիւններ են նոյնիսկ հայերուս համար:

Այս գրութեամբ նպատակ չունինք գիրքը գրախօսելու, այլ ատիկա կը թողունք Կիրակի, 30 Օգոստոսի ձեռնարկին: Այդ օր ելոյթ պիտի ունենայ եւ գիրքը հանգամանօրէն ներկայացնէ Կլենտէյլ Գոլէճի դասախօսներէն, մօտ յիսուն տարիէ ի վեր Լոս Անճելոսի մէջ լոյս տեսնող անգլիատառ՝ «The Armenian Observer» թերթի տէր ու խմբագիր, ՌԱԿ-ի «Նոր Օր» հայատառ թերթի նախկին խմբագիր, ներհուն հրապարակախօս, Լոս Անճելոսի անգլիատառ հայ մամուլի նահապետներէն փրոֆ. Օշին Քեշիշեան:

Սրտի խօսքերով ելոյթ պիտի ունենան Ռ.Ա.Կ.ի Արեւմտեան Շրջանի եւ Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութեան ներկայացուցիչները:

Նմանապէս այդ օր սրտի խօսքով հանդէս պիտի գայ Կլենտէյլ Գոլէճի հանրածանօթ դասախօսներէն եւ այս գիրքի հեղինակ Համբարձում Աղպաշեանի ուսուցիչներէն՝ պատմաբան փրոֆ. Լեւոն Մարաշլեան:

Որպէս գեղարուեստական յայտագիրի մասնակից, այդ օր ելոյթ պիտի ունենայ հայ երգի մեկնաբան, քաղցրաձայն երգիչ Դաւիթ Սամուէլեան, իսկ Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութեան երիտասարդները երգով ու ասմունքով իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն յայտագիրին:

Այդ օր ներկաները բացառիկ հաճոյքը պիտի ունենան վայլելու՝ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան պատանեկան հանրածանօթ պարախումբի ելոյթը:

Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք տեղի պիտի ունենայ գիրքին գինեձօնի արարողութիւնը:

Ներկաները սեղաններու շուրջ գինիով եւ խորտիկներով պիտի հիւրասիրուին:

Ջերմօրէն կը հրաւիրենք հայ ժողովուրդը այս շնորհանդէին՝ յուսալով, որ անոնք իրենց հետ կը բերեն նորահաս սերունդի իրենց զաւակները, կարդալու եւ ծանօթանալու համար այս խիստ շահեկան գիրքի բովանդակութեան:

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.