Շուշիի «Արամ Մանուկեան Ճամբար»ին մասնակցեցան 446 երեխաներ եւ 42 օժանդակ-պատանիներ


Յուլիս 13-էն Օգոստոս 3, յաջորդական տասնըմէկերորդ տարուայ համար, դարձեալ տեղի ունեցաւ Շուշիի «Արամ Մանուկեան ամառային մանկա-պատանեկան Ճամբար»ը:

 Գանատաբնակ Այտա եւ Հայդուկ Շամլեանների յղացմամբ, պատրաստութեամբ, կազմակերպութեամբ եւ գործադրութեամբ, անոնց երկու զաւակներու Տեսիլի եւ Պատրոյգի մասնակցութեամբ, եւ անոնց ընտանեկան եւ ընկերական հարազատ շրջանակի կարգ մը անդամներու նիւթական նշանակալից զօրակցութեան շնորհիւ` այս իւրայատուկ ծրագիրը այս տարի եւս իրականացաւ, Նարեկացի Արուեստի Միութեան Շուշիի կեդրոնին մէջ:

 Ճամբարի փակման միջոցառման, խուռներամ ու խանդավառ հանդիսատեսներու առջեւ, ճոխ ծրագրով հանդէս եկան ճամբարի մասնակիցները:

 Այս տարի, Շուշիի «Արամ Մանուկեան Ճամբար»ին մասնակցեցան 446 երեխաներ, առաւել 42 օժանդակ-պատանիներ, շաբաթական երեք խումբերու դրութեամբ:

 Յաւելեալ տեղեկութիւններու (եւ բազմաթիւ պատկերներու) համար ՝

http://www.shoushisummercamp.org


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.