Թոմարզայի Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն միայն քանի մը պատ մնացած է


Օր չ՚անցնիր որ Անատոլուի սա կամ նա շրջանի մէջ աւերակ վիճակ ներկայացնող հին Հայկական եկեղեցիի մը մասին չխօսուի եւ ահազանգ չհնչեցուի այդ յուշարձանը փրկելու ուղղութեամբ։ Երկար տասնամեակներ աւերումի ու ոչնչացման լքուած հին Հայկական եկեղեցիները հիմա արժէք շահիլ սկսած են բնականաբար ամէն բանէ առաջ անոնց ներկայացուցած զբօսաշրջական շահերու տեսանկիւնէն։

 Այս անգամ «Էրմէնի Հապէր» կայքէջը կը յիշեցնէ Գայսէրիի (պատմական Կեսարիա) Թոմարզա գաւառակի Հայկական եկեղեցին ու վանքը, որոնցմէ հիմա միայն քանի մը պատ մնացած է։ Այս շէնքն ալ չէ կրցած դիմադրել ժամանակի ու բնական աղէտներու քանդիչ աւերումներուն։ Մօտաւորապէս 300 տարի առաջ կառուցուած այս եկեղեցին ու վանքը 1915-ին թալանուեցաւ, վերջն ալ լքուեցաւ փլուզումի։ Հակառակ որ ծանր վնասներ կրած էր, Հայերը Ա. Աշխարհամարտէն վերջ փորձեցին վերաբանալ եկեղեցին, բայց վերջը դարձեալ լքեցին։ Այս վանքը հոգեւորականներ պատրաստող  կեդրոն մըն էր եւ ամէն տարի 12 Օգոստոսին կը կազմակերպուէր հանդիսութիւն մը որուն կը մասնակցէին Միջին Անատոլուի ու Կիլիկիոյ Հայերը։ Անոնք կը հիւրասիրուէին «Փաշաներու սենեակ»ին մէջ։ Թրքական «Թոմարզա Հապէր» կայքը որ նոյնպէս կ՚անդրադառնայ այս լուրին, կը գրէ, թէ եկեղեցին կը կոչուէր Ս. Աստուածածին։ Լուսանկարներուն մէջ Ս. Աստուածածին եկեղեցին 1915-էն առաջ եւ նկարուած 2007-ին։ Լուսանկարները՝ Virtual Ani կայքէջ։

 

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.