Քրտական Հարցին Լուծումը` Համաձայն Սեւրի Դաշնագիրի Դրոյթներուն


Համաշխարհային Ա. պատերազմին պարտուած Օսմանեան կայսրութեան` քրտական հարցը լուծելի ներքին խնդիր որակելու ջանքերն ու փորձերը ձախողեցան Սեւրի դաշնագիրով:

1514-1515-ին` քրտական հարցի ծագումէն ետք, երբ տեղի ունեցաւ քիւրտ ժողովուրդին բաժանումը (որ նաեւ, պէտք է նշել, թէ քրտական օրուան «իշխանութիւններուն» կամքով տեղի ունեցաւ` դրժելով հաւատարմութիւնը պարսկական պետութեան նկատմամբ եւ միանալով Օսմանեան կայսրութեան, նկատի ունենալով կրօնական, համայնքային կապուածութիւնը), քրտական հարցի մը գոյութիւնը` իբրեւ քաղաքական ներկայութիւն, հաստատուեցաւ միայն 400 տարի ետք` իբրեւ պետութիւն մը ունենալու ժողովուրդի մը իրաւունքին դրսեւորումը` Սեւրի դաշնագիրով: Թէեւ Օսմանեան կայսրութիւնը քրտական հարցին վերաբերեալ կնքած է շարք մը համաձայնագիրներ (1555-ին Պարսկաստանի Սեֆեան պետութեան եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ ստորագրուած Ամասիայի համաձայնագիրը , 1639-ին Քասրէ  Շիրինի պայմանագիրը, 1823-ին Էրզրումի պայմանագիր եւ այլն), որոնք միայն ժամանակաւոր լուծումներու եւ «եղբայրութիւն» ամրապնդելու ծառայած են, միւս կողմէ` քրտական քաղաքական ուժերու եւ ժողովուրդին զանազան երկիրներու մէջ բաժանումին, սակայն  համաշխարհային մակարդակի վրայ քրտական հարցի միջազգայնացման առաջին լուրջ փորձը կը մնայ Սեւրի դաշնագիրը:

Սեւրի դաշնագիրի կնքման նախօրեակին քրտական ներկայացուցչութիւնը, Շերիֆ պէյի գլխաւորութեամբ` գիտակցելով շրջանին մէջ տեղի ունենալիք համաձայնութիւններու եւ նոր կազմաւորուելիք պետութիւններու իրողութեան, մարտ 1919-ին եւ մարտ 1920-ին կը ներկայացնէ քրտական պահանջները, երկու քարտէսներով, ինչպէս նաեւ այս առնչութեամբ հանդիպումներ կ՛ունենան հայկական պատուիրակութեան հետ, եւ երկուստեք կը համաձայնին, թէ հայ եւ քիւրտ ժողովուրդները ունին միացեալ շահեր, որոնք կը մարմնաւորուին երկու ժողովուրդներու անկախութեամբ եւ Օսմանեան կայսրութեան լուծէն ձերբազատելով: Ի վերջոյ, քրտական պատուիրակութիւնը, Շերիֆ պէյի գլխաւորութեամբ, յաջողեցաւ Սեւրի դաշնագիրին մէջ ունենալ 3 յօդուածներ (62-րդ, 63-րդ եւ 64-րդ), որոնց հիմամբ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին (Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութենէն մէկ տարի ետք) պիտի ստեղծուէր քրտական պետութիւն մը: Փաստն այն է, որ այլ պատճառներու կողքին (որոնք նոյնքան կարեւոր են), քրտական քաղաքական ուժերը անգամ մը եւս կը նետուին թրքական գիրկը եւ կը նախընտրեն յաճախ իրենց տրուած թրքական խոստումները` այս անգամ Մուսթաֆա Քեմալի լեզուով:

Լոնտոնի խորհրդաժողովը (1921) եւ Լոզանի համաձայնագիրը (1923) վերջ տուին քրտական հարցի լուծման փորձերուն` առաջինը քրտական հարցը «Թուրքիոյ ներքին հարց» որակելով, երկրորդը` բնաւ այդ հարցին չանդրադառնալով:

Այսօրուան դրութեամբ, քրտական հարցը յաւելեալ բարդ կացութեան մը դէմ յանդիման կը գտնուի, քրտական քաղաքական միացնող լուրջ ուժի մը բացակայութեան եւ ժողովուրդին հիմնական 4-5 իրարու դրացի երկիրներու մէջ սփռուած ըլլալուն պատճառով: Սակայն, հիմնական «հարցը» կը մնայ թրքական հատուածին մէջ քրտական ներկայութիւնը, որուն վերազարթնումը, ինչպէս տեսանք, միջազգային միակ իրաւական հիմք ունեցող համաձայնագիրի վերակենդանացման հիման վրայ կրնայ ըլլալ` խուսափելով Հայկական հարցին հետ ուղղակի բախումի երթալէ եւ  Թուրքիոյ կողքին ըլլալով անգամ մը եւս խաբուելու իրողութենէն (Սեւրէն ետք քրտական ուժերը հաւատացին Մուսթաֆա Քեմալի խոստումներուն` քրտական հարցին լուծում մը գտնելու առչութեամբ):

Վերջապէս, Սեւրի դաշնագիրի վերակենդանացումը իբրեւ հիմք կրնայ ծառայել քրտական հարցի սպասուած լուծման` ի մտի ունենալով հայկական կողմին ներկայութիւնը: Իսկ հայկական որեւէ կողմի` պետական, կուսակցական, միութենական, իսլամացուած հայեր կամ նոյնիսկ անհատական գործակցութեան պարագային` մշակութային, քաղաքական կամ այլ մարզերու մէջ, պէտք է յիշել եւ յիշեցնել, թէ Սեւրի դաշնագիրով վաւերացուած հայկական բաժինի տարածքներուն վրայ գոյութիւն ունեցած են Հայաստանի ամբողջութենէն բաժին մը եւ սահմանագծուած տարածքներ, որոնց համաձայն եղած են նաեւ քիւրտեր, ուստի որեւէ գործակցութիւն պէտք է սկիզբ առնէ այդ իրողութեան երկուստեք ընդունմամբ:

ՏՕՆԻԿ Տ.


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.