Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Իրաքի Հայերը Օտար Պետութեանց Մէջ ՀՀ Անձնագիր Պիտի Ստանան


ՀՀ կառավարութիւնը կը քննարկէ իր նախկին որոշումներէն մէկուն փոփոխութիւն կատարելու նախագիծը, որմով մինչեւ 2016 թուականի Դեկտեմբեր 31 հնարաւորութիւն կու տայ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի քաղաքացիներուն ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն եւ հիւպատոսական հիմնարկներուն մէջ ստանալ ՀՀ քաղաքացիի անձնագիր: Ըստ Armenpress.am-ի՝ նախագիծը ընդգրկուած է կառավարութեան Օգոստոս 6-ի նիստի օրակարգին մէջ:

Նախորդ որոշմամբ՝ նշուած երկիրներու քաղաքացիները օտար պետութեան մէջ ՀՀ անձնագիր կրնային ստանալ մինչեւ ընթացիկ տարուան Սեպտեմբեր 1: Որոշումը կ’ընդունուի` մեկնելով Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ստեղծուած իրավիճակէն:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.