Ըմբշամարտ. Աշխարհի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Հայաստան 6 Ըմբիշով Կը Մեկնի Պրազիլ
1197
0
10-17 օգոստոսին Պրազիլի Սալվատոր Տա Պայիա քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ ըմբշամարտի աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Հայաստան` 6 ըմբիշով:
Երիտասարդական հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Աւետիք Վարդանեան յայտնեց, որ այս ախոյեանութեան նկատի առած է հետեւեալ ըմբիշները.
Ռազմիկ Միսաքեան (50 քկ), Նարեկ Յովհաննիսեան (55 քկ), Գագիկ Ակուլեան (60 քկ), Գէորգ Մխէեան (66 քկ), Սուրէն Խաչատրեան (74 քկ) եւ Սարգիս Յովսէփեան (84 քկ):
Նշենք, որ գլխաւոր մարզիչը յայտնեց, որ հայրենի կազմը իր վերջին հաւաքը պիտի կատարէ Պրազիլի մէջ, այս ախոյեանութեան ազդանշանը տրուելէն շաբաթ մը առաջ, որպէսզի կազմը յարմարի կլիմայական պայմաններուն:
Վարդանեանի օգնականը պիտի ըլլայ Հապետնակ Կուրզինեան, եզրափակեց հայկական լրատու աղբիւրը: