Արամ Ա. կաթողիկոս շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ նորընտիր հայ կաթողիկէ Գրիգոր-Պետրոս Ի. Պատրիարքին


Երկուշաբթի, 27 Յուլիս 2015-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Զմմառու Վանք, շնորհաւորելու նորընտիր Հայ Կաթողիկէ Գրիգոր-Պետրոս Ի. Պատրիարքը: Նորին Սրբութեան կ’ընկերանային Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Եպս. Սարգիսեան, Տպարանի տեսուչ Գերշ. Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեան եւ Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան:

Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ նորընտիր Հոգեւոր Տիրոջ կողմէ եւ «Հրաշափառ»ով առաջնորդուեցաւ մատուռ: Ապա, վանքի դահլիճին մէջ Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց Հայ Կաթողիկէ համայնքը իր նոր Պատրիարքի ընտրութեան համար եւ շեշտեց գործակցութեան հրամայականը, յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած ներկայ պայմաններու լոյսին տակ: Նորընտիր Պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին այցելութեան համար, եւ նշեց թէ Նորին Սրբութեան հովուապետական քսանամեայ փորձառութենէն մեծապէս պէտք է օգտուիլ՝ այս դժուարին պայմաններուն մէջ հովուելու մեր ժողովուրդը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.