Սուրիոյ Մէջ Յայտնաբերուած Է Սուրիահայ Զինուոր Արսէն Պետրոսի Դիակը


«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ Հասաքէ քաղաքին մէջ յայտնաբերուած է սուրիահայ զինուորական ծառայող Արսէն Պետրոսի դիակը: «Արմէնփրես» իր տեղեկութիւնները ստացած է «Արմինիընզ աֆ Սիրիա» ֆէյսպուքեան էջէն:

Նշեալ աղբիւրին համաձայն, Արսէն Պետրոսեան զոհուած է Զուհուր շրջանին մէջ` ՏԱՀԵՇ ծայրայեղական խմբաւորման կատարած յարձակումի մը ընթացքին: Դէպքը տեղի ունեցած է քանի մը շաբաթ առաջ:

Ահաբեկիչներու յանկարծակի յարձակումին ընթացքին Պետրոսեանի դիակը մնացած է այդտեղ եւ յայտնաբերուած է երէկ` շրջանի ազատագրումէն ետք:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.