Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Պատրիարք Ընտրուած է Տ. Գրիգոր- Պետրոս 20րդ Կապրոյեան


 

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Արեւելք».- Շաբաթ, 25 Յուլիսին, Զմմառու վանքին մէջ յայտարարուեցաւ Հայ Կաթողիկէ նորընտրեալ Պատրիարքին անունը՝ Գրիգոր եպս. Կապրոյեան: Պատրիարք հայրը վերանուանած է կոչուելով՝ ամենապատիւ Տ. Գրիգոր- Պետրոս 20րդ Կապրոյեան, Կաթողիկոս Պատրիարք- Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկէ Հայոց:

Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ. Գրիգոր- Պետրոս Ի. Կապրոյեան (Կենսագրական Տուեալներ)

catholic
Նորընտիր կաթողիկոս պատրիարքը ծնած է Հալէպ` 14 Նոյեմբեր 1934ին։ Մտած է Զմմառու կղերանոցը եւ ապա իր ուսումը շարունակած է Լեւոնեան Հռոմի վարժարանէն ներս։ Իմաստասիրական եւ Աստուածաբանական ուսումները աւարտած է Քահանայապետական Գրիգորեան համալսարանին մէջ։ Եկեղեցական ուսմանց աւարտին` Քահանայ ձեռնադրուած է Պէյրութ` 28 Մարտ 1959ին։ Պաշտօնավարած է Զմմառու կղերանոցին մէջ 1960ին, ապա 1962էն 1969 եղած է տեսուչ Մեսրոպեան Վարժարանին, իսկ 1969էն 1975` տեսուչ Զմմառու դպրեվանքին եւ քարտուղար համանուն վանքին գործադիր խորհուրդին։ 1976ին Սուրբ Աթոռի կողմէ կը նշանակուի Ֆրանսայի Հայ Կաթողիկէներու Առաջնորդ, ուր կը մնայ մինչեւ իր հրաժարականը։ Եպիսկոպոսական օծումը կը ստանայ Պէյրութի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ` 13 Փետրուար 1977ին, ձեռամբ երջանկայիշատակ Հմայեակ Պետրոս ԺԷ Կէտիկեան կաթողիկոս պատրիարքի: Նորընտիր Գրիգոր – Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքի գահակալութեան արարողութիւնը նախատեսուած է 9 Օգոստոսի յետմիջօրէի` ժամը 5ին՝ Զմմառու աթոռանիստ մայրավանքին մէջ։
Ֆրանչիսկոս Պապը Շնորհաւորական Ուղերձ Յղեց Գրիգոր- Պետրոս Ի. Նորընտիր Պատրիարքին
Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կապրոյեանի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք ընտրութեան առթիւ Հռոմի ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պատգամ մը յղած է, որուն մէջ կը յայտնէ իր մեծ ուրախութիւնը եւ նորընտիր պատրիարք հօր կը շնորհէ «եկեղեցական հարղորդութիւնը»՝ խնդրուած նոյնինքն Գրիգոր –Պետրոս Ի. էն։
«Ձեր Պատրիարքի ընտրութիւնը կու գայ ժամանակի մը մէջ, ուր ձեր Եկեղեցին կը դիմագրաւէ զանազան դժուարութիւններ ու նոր մարտահրաւէրներ», կը գրէ Սրբազան Հայրը, անդրադառնալով այն դժուար պայմաններուն, որուն մէջ կ’ապրին ներկայիս Միջին Արեւելքի հայ կաթողիկէ հաւատացեալները։ Բայց եւ այնպէս, կը գրէ միշտ Քահանայապետը, «լուսաւորուած Յարուցեալ Քրիստոսի հաւատքի լոյսով, աշխարհի մեր տեսութիւնը յոյսով եւ ողորմութեամբ լի է, որովհետեւ վստահ ենք որ Յիսուսի Խաչը ծառն է կենսատու»։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ապա կը նշէ թէ ինք համոզուած է որ, «Ձեր Գերերջանկութիւնը, սիւնհոդոսական Հայրերու միութեամբ եւ Ս. Հոգւոյ օգնութեամբ, կարող պիտի ըլլաք «Աւետարանական իմաստութեամբ», «Հայր եւ Գլուխ» ու Բարի Հովիւը ըլլալ` Աստուծոյ ժողովուրդի այն մասնիկին, որ ձեզի յանձնուեցաւ, բարեխօսութեամբ բազմաթիւ հայ նահատակներու եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի,` Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետին»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.