Արցախ Կը Հերքէ «Ազրպէյճանական Քարոզչութեան» Տարածած Տեղեկութիւնը


Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը հերքեց «ազրպէյճանական քարոզչութեան կողմէ տարածուած տեղեկութիւնը», թէ ռազմափորձի ընթացքին հակահրասայլային ականի վրայ պայթած է պաշտպանութեան բանակի երկու հրասայլ:

«Տարածուած տեղեկութիւնը ընդունեցէք իբրեւ  ազրպէյճանական քարոզչութեան երեւակայութեան արդիւնք», նշուած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան  հաղորդագրութեան մէջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.