Թուրք ազգայնամոլը ալեւիներու եւ հայերու գլուխը կտրելու համար Սուրիա գնաց եւ… սպաննուեցաւ


«Նոր Մարմարա».- Թրքական ազգայնամոլ կազմակերպութեան «Իւլքիւ Օճախ»ներու (Գորշ Գայլեր) անդամներէն Պուրաք Միշինճի, որ «Ալեւիներու ու Հայերու գլուխը կտրելու համար Սուրիա կ՚երթամ» ըսելով Սուրիա գացած էր, Սուրիոյ Լազիքիյէ շրջանին մէջ բախումներու ընթացքին սպաննուեցաւ Սուրիոյ պետական ուժերու կողմէ։ Ան 26 տարեկան էր։ Անոր մարմինը Իսթանպուլ բերուեցաւ ու հողին յանձնուեցաւ։ Յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուեցան ընտանիքին անդամները, ազգայնական MHP կուսակցութեան Իսթանպուլի Երեսփոխան Մէրալ Աքշէնէր, MHP-Ի Իսթանպուլի Նահանգային Նախագահ Ահմէտ Եիղիթ Եըլտըըրըմ եւ խումբ մը թիւրքմէններ։

Նկարին մէջ, Պուրաք Միշինճիի թաղման ընթացքին «Գորշ Գայլեր»ու անդամ թուրքեր ձեռքով գայլակերպ նշանը կը ցուցադրեն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.