23 Յուլիս 1897. Վազգէնի, Գուրգէնի եւ 30 ֆետայիներու յաղթական կռիւը


23 Յուլիսին, 118 տարի առաջ, Վանի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Սպահան (նաեւ՝ Սապահան կոչուած է) լիճը եւ զայն շրջապատող հայոցբարձրաբերձ լեռները լուռ վկաները դարձան հայ ֆետայիներու հերոսական խոյանքին ու մարտունակութեան։

1897ի Յուլիս 20էն 24 երկարող օրերուն, խմբապետներ Վազգէնի եւ Գուրգէնի ղեկավարած 30 դաշնակցական ֆետայիներու խումբը, թուրք-պարսկական սահմանը հատելու ժամանակ, Սպահան լիճի մերձակայքը, յաղթական կռիւ մղեց քիւրտ ասպատակողներու եւ թուրք զապթիէներու միացեալ յարձակումներուն դէմ՝ ծանրագոյն վնասներ պատճառելով թշնամիներուն։

Վազգէնը ֆետայական անունն է Վանի դաշնակցական կազմակերպութեան պատասխանատու Տիգրան Տէրոյեանի, որ մերժեց իր ծննդավայրէն հեռանալ 1896ի Յունիսին, երբ համիտեան ջարդարար յարձակումներուն դէմ Այգեստանի հայութեան ինքնապաշտպանական կռիւները դադրեցուեցան՝ կռուող հայորդիներու քաղաքէն հեռանալու համաձայնութեամբ։

Պատմութիւնը ծանօթ է. արմենական Աւետիսեանի, հնչակեան Մարտիկի եւ դաշնակցական Պետոյի միացեալ հրամանատարութեան տակ կռուած վանեցի երիտասարդութիւնը, որպէսզի Այգեստանի մեր ժողովուրդին փրկէ գաւառներու հայութեան վիճակուած ջարդերու ճակատագրէն, ընդառաջեց եւրոպական մեծ տէրութեանց կողմէ տրուած ապահովութեան երաշխիքներուն եւ յանձն առաւ հեռանալ Վանէն։ Բայց դէպի Պարսկաստան իրենց ճամբուն վրայ, հարիւրաւոր հայ մարտիկները ենթարկուեցան թրքական զօրքերու, մանաւա՛նդ քրտական Մազրիկ ցեղի զինեալներու յարձակումներուն, որոնց դէմ հերոսաբար կռուեցան մինչեւ վերջին շուրջ եւ նահատակուեցան, երբ մնացին առանց փամփուշտի…

Հարիւրաւոր հայ մարտիկներու կոտորածը ուղղակի ցնցեց ողջ հայութիւնը։ Հարկ էր թէ՛ պատժական հատու պատասխան տալ ջարդարար Մազրիկ ցեղի ասպատակողներուն, թէ՛ վերականգնել խոր յուսահատութեան մատնուած մեր ժողովուրդին ինքնավստահութիւնը, թէ՛ ազդարարել եւրոպական հանրային կարծիքին, որ հայ ժողովուրդը այլեւս չի կրնար հաւատք ընծայել մեծ տէրութեանց դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն տուած… «ապահովութեան երաշխիքներուն»։

Ձասումի եւ յուսաբեկութեան, բողոքի եւ ընկրկումի այդ մթնոլորտին մէջ էր, որ Հ.Յ.Դ. 1896-1897ի Ռայոնական Ժողովը տուաւ Մազրիկ ցեղը մեծաթիւ արշաւախումբով մը պատժի ենթարկելու եւ, այդ օրինակով, հակահայ բոլոր տարրերուն ազդարարութիւն ուղղելու որոշումը։
Բայց նոյնինքն դաշնակցական գործիչներու շարքին նկատառելի թիւ կը կազմէին անոնք, որոնք նման ցուցական քայլով ու պատժական արշաւախումբով չէին պատկերացներ Պետոներու վրէժը լուծելու յարմարագոյն եւ հատու պատասխանը։

Ընդհակառակն՝ արշաւախումբի գաղափարին ընդդիմացողները կը շեշտէին, թէ անհրաժեշտ է նորովի եւ լայն թափ տալ զէնքի, զինամթերքի եւ մարտիկ ուժերու Երկիր առաքումին՝ լուռ եւ անաղմուկ զինելու համար նոյնինքն Երկրի մեր ժողովուրդը եւ զայն պատրաստելու հետագայ հարուածներու դիմագրաւման։

Յատկապէս Վազգէն դրօշակիրներէն էր ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան կռուաններու հզօրացումին նախապատուութիւն տալու տեսակէտին։

Հակառակ անոր, որ 23ամեայ յեղափոխականը գաղափարական ու մարտական իր կրակի մկրտութիւնը ստացած էր Պետոյի շունչին տակ եւ լի էր ամենայն վճռականութեամբ՝ լուծելու Պետոներու վրէժը, այսուհանդերձ՝ Վազգէն համոզուած էր, որ Պետոյի սկսած սուրբ գործը լաւագոյնս կրնար շարունակուիլ Երկրի հայութեան յարաճուն զինումով եւ մարտունակ կազմակերպումով։

Այդ մղումով եւ Վանի մէջ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչի իր հանգամանքով՝ Վազգէն բազմիցս կտրեց թուրք-պարսկական սահմանը, Սալմաստ ու Թաւրիզ հասնելու եւ զէնք, զինամթերք եւ զինատար խումբեր դէպի Վան առաջնորդելու առաքելութեամբ։

Պարբերական այդ առաքելութեանց շարքին յատկապէս յիշատակելի դարձաւ, Յուլիս 1897ի սկզբնաւորութեան, Վազգէնի մասնակցութիւնը Սալմաստի մէջ դաշնակցական գործիչներու եւ ներկայացուցիչներու հաւաքին՝ Խանասորի արշաւախումբին վերաբերեալ վերջնական որոշում կայացնելու խորհրդակցութիւններուն։

Երբ վճռուեցաւ Խանասորի արշաւանքին ճակատագիրը՝ արշաւախումբի հրամանատարական կազմի նշանակումով, զօրամիաւորներու յստակացումով եւ յարձակման գործադրութեան ժամկէտի ճշդումով, խորհրդակցութեանց մասնակից Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի լիազօր Յարութիւն Շահրիկեանն ու Հ.Յ.Դ. Ատրպատականի Կ. Կոմիտէն յարմար գտան, որ միաժամանակ կազմուի 30 հոգինոց լաւապէս զինուած խումբ մը՝ Պարսկաստան-Թուրքիա սահմանը հիւսիսէն հատելու, զինամթերք ու մարտիկներ Վան հասցնելու եւ հոնկէ ալ Սասուն անցնելու համար։

Խումբը դրուեցաւ Վազգէնի ղեկավարութեան տակ եւ անոր օգնական նշանակուեցաւ նոյնպէս երիտասարդ՝ 24ամեայ Գուրգէնը (Պաղտասար Մալեան), որ Վանէն անցաւ Սասուն իբրեւ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչը, հոն մնաց մինչեւ 1899ի իր նահատակութիւնը եւ մեծ ներդրում ունեցաւ Տարօնի շրջանի յեղափոխական կազմակերպումին մէջ։

Միեւնոյն խումբին մէջ էր նաեւ Անդրանիկ, հետագայ մեծանուն հայդուկապետը, որ 1897ին իբրեւ նորագիր ֆետայի մուտք գործեց Երկիր։

Հրաչ Տասնապետեանի վկայութեամբ, խումբը դէպի Վան ճամբայ ելաւ Յուլիս 14ին։ Այդքան մեծաթիւ խումբի մը համար օրեր պէտք եղան, որպէսզի սահմանային լեռները կտրելով յառաջանայ դէպի Բերկրի (այժմու անուանումով՝ Մուրատիէ), որ Վան քաղաքին հիւսիս¬արեւելքը կը գտնուի, 77 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ։ Բերկրիի մերձակայ Սպահան լճակը շրջապատող բարձր լեռները կտրել պէտք եղաւ, որպէսզի ֆետայիներու խումբը կարենայ աննկատ շարունակել իր ճամբան։

Բայց ամբողջ ձմեռը սառոյց կապող եւ մինչեւ ամրան սկիզբը սառոյցի տակ մնացող լեռները հնարաւորութիւնը չընձեռեցին, որպէսզի ֆետայիներու խումբը աննկատ անցնի։
Քիւրտ խաշնարածներ նկատեցին հայ ֆետայիներու շարժումները, հաւար փրցուցին մինչեւ հեռաւոր գիւղերը եւ քիւրտ զինեալներ ու թուրք զապթիէներ փութացին հաշուեյարդար տեսնելու հայ քաջերուն հետ։

Ահեղ կռիւներ մղուեցան, բայց թէ՛ իրենց գրաւած դիրքերով եւ թէ քաջասրտութեամբ՝ հայ հերոսները կրցան անփառունակ պարտութեան մատնել թշնամիին։ Ծանր կորուստներ տալով՝ քիւրտ ու թուրք փախուստի դիմեցին, իսկ Վազգէն իր խումբով շարունակեց ճամբան դէպի Վան։

Սպահանի կռիւին մասնակից մը, Վանէն ղրկուած ու «Դրօշակ»ի 1897ի թիւ 12 համարով (1 Հոկտեմբեր 1897 թուակիր) հրատարակուած «Ֆեդայիները Վանի մէջ» խորագրով անստորագիր թղթակցութեան մը մէջ, մանրամասն կþանդրադառնայ հերոսական այս կռուին.-
Սպահանի կռուին մանրամասն նկարագրականին կողքին, անստորագիր թղթակիցը կþանդրադառնայ նաեւ խումբի Վան հասնելուն։ Սպահանի կռուի պահուն թղթակիցը կþափսոսայ, որ մինչ այլուր՝ իրենց ընկերները կþիրականացնեն Մազրիկ ցեղի պատժական արշաւանքը, այդտեղ՝ Սպահանը եզերող լեռներուն վրայ, իրենք ստիպուած են կռիւ մղելու երկչոտ, ուժեղին դէմ փախուստ տալու պատրաստ քիւրտ յելուզակներու եւ թուրք զապթիէներու դէմ…

Իսկ Սպահանի կռիւէն երեք օր ետք, թղթակիցը դիտել կու տայ, որ Խանասորի արշաւանքին լուրը արդէն տարածուած էր՝ ահ ու սարսափի մատնելով քրտական շրջանները, որոնցմէ անցնելով Վազգէնի խումբը հասաւ Վան։

Յամենայնդէպս, Վազգէնի խումբին մղած Սպահանի հերոսական կռիւը եւ յաղթական Վան մուտքը, գումարուելով Խանասորի արշաւանքին լայն արձագանգին եւ գործած շշմեցուցիչ տպաւորութեան վրայ, հիմնովին փարատեցին Վասպուրականի հայութեան մօտ առաջացած 1896ի յուսահատութեան եւ ընկրկումի մթնոլորտը։

Վանի կուսակալը ի զուր սպառնաց եւ պահանջեց, որ Վազգէնը կա՛մ յանձնուի կառավարութեան, կա՛մ հեռանայ քաղաքէն։ Ֆետայիներու խումբին մղած Սպահանի յաղթական կռիւները մէկ կողմէ ծառայեցին հայ հերոսներու անպարտելի ուժը շեշտելու նպատակին, իսկ միւս կողմէ՝ վերջակէտ դրին քիւրտ հրոսակներու քաջարի կռուողներ ըլլալու առասպելին, միաժամանակ մերկացնելով թուրք զինուորներու երկչոտութիւնը՝ տկարին դէմ գայլ կտրելու եւ ուժեղին դէմ վախկոտ նապաստակներու պէս փախուստ տալու անոնց տխուր հռչակը շեշտելով։

Տխրահռչակ երկչոտներու վերջին զէնքը այս պարագային եւս ի զօրու դարձաւ, դժբախտաբար։
Վազգէնի դէմ կառավարութիւնը չհամարձակեցաւ ուղղակի հարուածի դիմելու՝ զգուշանալով ոչ միայն հայ յեղափոխականներու հատու հակահարուածէն, այլեւ շրջանի հայութեան ըմբոստացումէն։ Փոխարէնը՝ դիմեց հայանուն մատնիչներն ու դաւաճանները կաշառելու «զէնք»ին եւ, միայն անարգ մատնութեան միջոցաւ, կրցաւ յաղթական դուրս գալ ամիսներ տեւած առճակատումէն։

Յունուար 2ին, 1898ին, մատնութեան հետեւանքով, թուրք կառավարութիւնը յաջողեցաւ անակնկալի բերել ու պաշարել Վազգէնն ու իր քաջարի երկու ընկերները, որոնք մինչեւ վերջին շունչ կրուելով նահատակուեցան՝ անարգ մահը արհամարհելով։

Ն.


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.