Անձինք Նուիրեալք – Սպաղանաց Մակար (?-1907)


Սասնոյ առաջին ֆետայիներէն, գործակցած Արաբոյի, Մուրատ Պոյաճեանի, Սերոբի, Գուրգէնի, Հրայր Դժոխքի, Գէորգ Չաւուշի, Անդրանիկի եւ Ռուբէնի հետ։ Սպաղանքի իշխաններու տոհմէն էր, մի՛շտ խիզախ, ասպետական եւ անձնուէր։ Զինք ձեռք անցնըելու համար, Պշարէ Խալիլ քիւրտ ցեղապետը եւ թրքական բանակը, 1899 Նոյեմբերին եւ 1900 Յուլիսին, քարուքանդ կ՚ընեն Սպաղանքը։ Մակար մասամբ կը լուծէ իր վրէժը 1900-ի աշնան, Անդրանիկի եւ Գէորգի հետ, սպաննելով Խալիլն ու իր ղօլամները։ Կը մասնակցի Սասնոյ բոլոր կռիւներուն , եւ 1904-ին հերոսամարտէն ետք կը մերժէ հեռանալ Սասունէն։ Գէորգ Չաւուշի հետ գործելակերպային տարակարծութիւններ կ՚ունենայ, զոր 1906-ին կը հարթէ Դաշնակցութեան նորեկ ներկայացուցիչ Ռուբէնը։ Ծերունի Մակարը կը նահատակուի Փեթարի կռուին ընթացքին՝ Շէնիկի Մանուկին եւ Փեթարի Պետիկին հետ, 1907-ի ամառը, երբ կ՚երթային ազատելու եւ ապահով տեղ փոխադրելու Գէորգ Չաւուշի կինը՝ Եղսոն եւ երեխան՝ Վարդգէսը։

«Քընց Հալէպու քաղաք՝ դէմա» չանցած Մակարը մինչեւ մահ մնաց ազատագրական պայքարի կիզակէտ Սասունի մէջ՝ միշտ հաւատարիմ յեղափոխութեան։ Հաւատաւոր ու անվեհեր այս մարտիկի կեանքը, որ իմաստաւորուեցաւ միայն յամառ պայքարով, գաղափարական հզօր աւանդ է՝ որ այսօր կը ճառագայթէ Արցախի ու սահմանային գօտիներուն վրայ արթուն հսկող բոլոր անանուն հերոսներուն գործունէութեան ընդմէջէն։

Այսքանը բաւ է՝ որպէսզի Մակարները վերածուին իրա՛ւ մեծութիւններու. մեծ՝ առանց շպարներու. լուսանկարներու. այլ՝ կենդանի գործով։

Նկարը՝ «Սասունցիներ», գործ՝ Գրիգոր Խանջեանի։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.