Բանանց Եւ Արցախի Ֆութպոլի Հաւաքականը Բարեկամական Մրցում Պիտի Կատարեն


7-20-15_panantz

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանին պատրաստուելու շրջանակներուն մէջ, Բանանց իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ Արցախի ֆութպոլի հաւաքականին դէմ: Այս մասին կը յայտնէ երեւանեան ակումբին պաշտօնական կայքը:

ArmSport.am կայքը աւելցուց, որ այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 23 յուլիսին, ժամը 11:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով, Բանանցի մարզահամալիրին մէջ:

Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանին ազդանշանը կը տրուի 1 օգոստոսին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.