ՔԱԿ-ի Զինեալ Թեւի Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Միակողմանի Զինադադարը Յայտարարելը Միամտութիւնն Էր»


«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան զինեալ թեւի ղեկավարներէն Մուրատ Քարայըլան «Էյ. Էմ. Սի. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ իրենց կողմէ միակողմանի կերպով զինադադար յայտարարելը միամտութիւն էր: Ան ըսած է, որ իրենք միամտաբար հաւատացած են Էրտողանի խոստումին, որ անպայման սահմանադրական բարեփոխումներ պիտի կատարուին եւ պիտի կարգաւորուի քրտական հարցը` ինքնավարութիւն ստեղծելու ուղղութեամբ:

Ըստ անոր, յատկապէս 7 յունիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախօրեակին Էրտողանի այն յայտարարութենէն ետք, որ Թուրքիոյ մէջ քրտական հարց գոյութիւն չունի, խնդիրի լուծման հոլովոյթը դադրած է:

Քարայըլան յիշեցուցած է, որ Քիւրտիստանի հասարակութիւններու միութիւնը արդէն յայտարարած է ՔԱԿ-ի կողմէ անցեալ տարուան սեպտեմբերին յայտարարուած միակողմանի զինադադարի աւարտին մասին:

«Հետագայ զարգացումները ցոյց տուին, որ միամտութիւն էր հաւատալ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ միակողմանի զինադադար յայտարարել: Խնդիրի ժողովրդավարական լուծման բոլոր յոյսերը ի դերեւ ելած են: Իշխող կուսակցութիւնը խախտած է բոլոր նախնական համաձայնութիւնները», ըսած է ան:

Քարայըլան ըսած է, որ քրտական խնդիրի լուծման հոլովոյթը վերցուած է Էրտողանի միջամտութեամբ, երբ ան յայտարարած էր, որ «սեղանին վրայ այդպիսի հարց չէ դրուած»:

«Այսինքն, այն բոլոր համաձայնութիւնները, զորս իշխանութիւնը ձեռք բերած էր Իմրալիի մէջ բանտարկուած Ապտիւլլա Օճալանի հետ երկուքուկէս տարի շարունակ տեղի ունեցած բանակցութիւններու իբրեւ արդիւնք, այլեւս գոյութիւն չունին: Ատիկա կը խօսի այն մասին, որ խնդիրի լուծում, ինչպէս կը պատկերացուէր, այլեւս գոյութիւն չունի», ընդգծած է ան:

Քիւրտիստանի հասարակութիւններու միութեան ղեկավարը նշած է, որ զինաթափուելու մասին Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կոչերը «յանձնուելու» իմաստ ստացած են: Ան ՔԱԿ-ի ետ քաշուելու ծրագիրին առնչութեամբ ըսած է հետեւեալը.

«Ատիկա կրնայ ըլլալ այն պարագային, եթէ կառավարութիւնը կատարէ իր խոստումը եւ օրէնսդրական ու սահմանադրական փոփոխութիւններ կատարէ: Ապրիլին արդէն մենք հասկցանք, որ միամտօրէն խաբուած ենք: Այժմ մենք կը սպասենք համախոհական կառավարութեան ստեղծման: Ատոր բնոյթէն մեկնելով` պիտի որոշենք մեր հետագայ ընելիքը»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.