Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին նոր Պատրիարք կ’ընտրէ Զմմառի մէջ


Այսօր՝ Յուլիս 14, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին՝ Զմմառի վանական համալիրէն ներս, սկսաւ իր նիստը՝ յառաջիկայ օրերուն նոր Պատրիարք ընտրելուո համար։ Պատրիարքի պաշտօնին, ի պաշտօնէ թեկնածու կը համարուին Սիւնոդի անդամ բոլոր Կաթողիկէ Եպիսկոպոսները: Այս մասին Հայերն Այսօրին յայտնեցին Լիբանանի Զմմառի վաանքէն։

Կաթողիկէ Սուրբ Սիւնոտի անդամ եպիսկոպոսները կը շարունակեն ժամանել Լիբանանեան Քեսրուան շրջանի մէջ գտնուող Զմմառի Վանական համալիր: Ժողովը տեղի կ’ունենայ դռնփակ, թեկնածուներու անունները պարզ չեն, ընտրութիւնը կը կայանայ այս 15 օրերու ընթացքին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.