Երեւանի մէջ ծնելիութիւնը աճած է


Ե­րե­ւա­նի ծննդա­տու­նե­րուն մէջ տա­րո­ւան ա­ռա­ջին կի­սա­մեա­կին ար­ձա­նագ­րո­ւած ծնունդ­նե­րուն թի­ւը կը գե­րա­զան­ցէ նա­խորդ տա­րո­ւան նոյն ցու­ցա­նի­շը: Ինչ­պէս «Ար­մէնփ­րես»ին տե­ղե­կա­ցու­ցած են Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան եւ հա­սա­րա­կայ­նու­թեան հետ կա­պե­րու վար­չու­թե­նէն, 2015 թո­ւա­կա­նի Ա. կի­սա­մեա­կին մայ­րա­քա­ղա­քի մէջ ծնունդ­նե­րուն թի­ւը 180ով գե­րա­զան­ցած է նա­խորդ տա­րուան նոյն ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծի ցու­ցա­նի­շը:

2015 թո­ւա­կա­նի ա­ռա­ջին կի­սա­մեա­կին մայ­րա­քա­ղա­քի ծննդա­տու­նե­րուն մէջ լոյս աշ­խարհ ե­կած է 10.464 ե­րե­խայ:

Յու­նիս 26էն Յու­լիս 2 ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծին Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի են­թա­կա­յու­թեամբ գոր­ծող բժշկա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներ այ­ցե­լած է 38.140 քա­ղա­քա­ցի: Յու­նիս 26էն Յու­լիս 2 ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծին՝ մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ ծնած է 452 ե­րե­խայ – 242 տղայ, 210 աղ­ջիկ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.