Մաթէօ Տարմեան` Մանչեսթըր Եունայթըտի Ֆութպոլիստ


7-12-15_matteo-darmian

Մաթէօ Տարմեան

Թորինոյի եւ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահ Մաթէօ Տարմեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ: Այս մասին կը յայտնէ իտալական ակումբին պաշտօնական կայքը:

Անոր փոխանցման գումարին մասին թէեւ ճշգրիտ տեղեկութիւն չի յայտարարուիր, սակայն կը կարծուի որ Մանչեսթըր Եունայթըտ վճարած է 20 միլիոն եւրօ:

25 տարեկան Տարմեան, որ հայկական արմատներ ունի նախորդ տարեշրջանին 33 մրցումի ընթացքին նշանակեց 2 կոլ:

Ան չորս տարուան համաձայնագիր մը ստորագրեց անգլիական ակումբին հետ:

Պասթիան Շվայնսթայկըր

Պասթիան Շվայնսթայկըր

Շվայնսթայկըր Եւս Միացաւ Խումբին

Մանչեսթըր Եունայթըտ իր կազմին միացուց նաեւ Պայէրն Միւնիխի եւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Պասթիան Շվայնսթայկըրը` անոր համար վճարելով 20 միլիոն եւրօ:

30 տարեկան ֆութպոլիստը, որ 3 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց, տարեկան պիտի ստանայ 10 միլիոն եւրօ աշխատավարձ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.