Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Աշակերտ Գէորգ Եղիայեան Սուրիոյ 4-րդ Բարձրագոյն Նիշը Ապահովեց


4 Յունիս 2015-ի կէսօրին, Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը հրապարակեց 2014-2015 Երկրորդականի պետական քննութեան (պաքալորիայի) արդիւնքները, կը գրե «Գանձասար»: Ըստ նախարարութեան, Սուրիոյ մակարդակով մասնակցողներու ընդհ. թիւն է աւելի քան 250.000 աշակերտ-աշակերտուհի: Գիտական բաժինի յաջողութեան տոկոսն է՝ 68,86 % , իսկ գրական բաժինի՝ 52,93%:
Սուրիոյ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Հազուան ալ Ուըզ յայտարարեց Սուրիոյ պաքալորիայի առաջին հինգ բարձրագոյն նիշերը ապահոված աշակերտներուն անունները: Սուրիոյ մակարդակով 4-րդ բարձրագոյն նիշը ապահոված է Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն Գէորգ Եղիայեանը՝ 2880/2900:

«Գանձասար» կը շնորհաւորէ Գէորգ Եղիայեանն ու Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանը այս պատուաբեր արդիւնքին համար:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.