Բողոք՝ Հայկական Յուշարձաններուն Մէջ Գանձ Որոնողին Դէմ


0707aziz

Ermenihaber.am.– Սասունի, Պիթլիսի, Մուշի, Վանի եւ Պոլսոյ հայերու ընկերային օգնութեան, համերաշխութեան մշակութային միութեան ղեկավար Ազիզ Տաղճը կրկին ահազանգած է, որ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ քիչ թէ շատ պահպանուած հայկական յուշարձանները կը քանդուին գանձ որոնողներու գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք։

Թրքական լրատու գործակալութեան մը համաձայն՝ Տաղճը նշած է, որ գանձ որոնողներուն պատճառով հայկական եկեղեցիներն ու գերեզմանները վերածուած են խլուրդի բոյներու՝ յայտնելով, որ Էֆրիմ Պաղ անունով գանձախոյզի մը դէմ այս առնչութեամբ դատ բացուած է դատախազութեան մօտ:

Տաղճը մասնաւորապէս ըսած է. «Համաձայն իմ տեղեկութիւններուս՝ Էֆրիմ Պաղ անունով մէկը այս շրջանին մէջ գանձ որոնելու աշխատանքներ կը կատարէ: Չեմ գիտեր այդ գործը ընելու համար արտօնութիւն ունի՞, թէ ոչ: Գանձախոյզներուն պատճառով մեր հայկական գերեզմաններն ու եկեղեցիները խլուրդի բոյներու վերածուած են: Այս պահուն մտավախութիւն ունիմ, որ Էֆրիմ Պաղի գործողութիւններուն պատ-ճառով կրնայ վնասուիլ Սասունի Գոմք եկեղեցին: Այդ պատճառով ալ դատախազութիւն հաղորդում ներկայացուցած եմ: Ես չեմ պնդեր, որ Էֆրիմ Պաղ այդ գործը կ՛ընէ, սակայն բազմաթիւ տեղերէ լուրեր կը հասնին այն մասին, որ ան ոսկի կը փնտռէ: Մօտ մէկ շաբաթ առաջ ալ լսեցի, որ Սասուն գաւառի Սարըյայա շրջանին մէջ ոսկի կը փնտռէ, ու անմիջապէս դիմեցի դատախազութիւն»:

Տաղճը տեղեկացուցած է նաեւ, որ վերոյիշեալ Էֆրիմ Պաղ ազգութեամբ յոյն է, սակայն որպէս հայ կը ներկայանայ ու զբօսաշրջիկի կարգավիճակով կը գնէ այդ տարածքները՝ գանձ որոնելու աշխատանքներ կատարելու համար:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.