Ֆրանսայի եւ Հայաստանի Վարչապետները բացումը կատարեցին Ալֆորվիլի «Գէորգ Արապեան» վարժարանին


Նոր Յառաջ.- Յուլիս 4-ին Ալֆորվիլ քաղաքը ժողովրդական բացառիկ շարժում մը ապրեցաւ, անբացատրելի տօնական օր մը։ Ամէն կողմէ մարդկային հոսք կար դէպի Կոմիտաս փողոց։

Ներկայ էին ֆրանսական քաղաքական դասի ներկայացուցիչները՝ երեսփոխաններ՝ Ռուքէ, Շվարզէնպէրկ, Ալֆորվիլի եւ Գլամարի քաղաքապետեր՝ Գարվունաս եւ Քալթէնպախ, Խորհրդարանի նախագահ՝ Պարթոլոն, Վալ-տը-Մառնի նահանգապետ եւ շրջանի կրթութեան բաժնի տնօրէնուհի՝ Ֆլօրանս Ռուպին… իսկ հայկական կողմէն, կառավարութեան անդամներ՝ Գիւղատնտեսութեան, Կրթութեան, Սփիւռքի նախարարներ, հայաստանի դեսպան… եւ անշուշտ երկու երկիրներու վարչապետները՝ Վալս եւ Աբրահամեան։

Եկեղեցական դասէն ներկայ էին Ֆրանսայի Թեմի Առաջնորդ՝ Վահան Եպիսկ. Յովհաննէսեան, Նորվան Արք. Զաքարեան, Գերմանիոյ Թեմի Առաջնորդ Գարեգին Արք. Պեքճեան, Ռումանիոյ Առաջնորդ՝ Տաթեւ Եպիսկ. Յակոբեան եւ հոգեւոր դասու ներկայացուցիչներ։

Բացման ժապաւէնը կտրեցին վարչապետները ներկայութեամբ բարերար՝ Գէորգ Արապեանի եւ հոգեւոր եւ աշխարհական դասուն, որմէ ետք տեղի ունեցաւ դպրոցի բակին մէջ զետեղուած խաչքարի օծում։

Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան դրուատեց ֆրանք եւ հայկական դարաւոր յարաբերութիւնները, յիշեցուց հայութեան մօտ կրթութեան կարեւորութիւնը, հայերէն այբուբենը որ 1600-ամեայ անցեալ ունի, իսկ տպագրութիւնը՝ արդէն 500 տարուան պատմութիւն…
Բոլորը անհամբեր կը սպասէին ֆրանսայի վարչապետին խօսքին։ Վալս, իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ պետութիւնը կը խոստանայ Արապեան դպրոցին հետ ընկերակցութեան պայմանագիր կնքել, յանձն առնելով պետական պաշտօնէութեան վարձատրութիւնը։

Արապեան դպրոցի շինութիւնը արժած է 4,5 միլիոն եւրօ, որ գոյացած է անհատներու եւ հաստատութիւններու նուիրատւութիւններէ։ Պարոն Գէորգ Արապեան յատկացուցած է 2,5 միլիոնէ աւելին։ Իսկ քանդակագործ Էմմա Աբրահամեան իր բնակարանը կտակած էր դպրոցին, որ այս օրերուս վաճառքի ընթացքի մէջ է։

Այսօրուան կացութեամբ ծախսերուն 7,5 տոկոսը դեռ կը մնայ առկախ, այսինքն՝ 350.000 եւրօ։ Փափաքողները կրնան նուիրատւութիւն կատարել «Nor Gertaran» անունով APCAF ընկերակցութեան, կամ համացանցով՝ www.norgertaran.fr:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.