Արեւմտահայերէնը Պահպանելու Գործնական Միջոցներու Որոնում


Յարութիւն Քիւրքճեանի «Ապրիլ 24-Էն առաջ ու ետք` մեր պատասխանատուութիւններուն դէմ. արեւմտահայերէն եւ արեւմտահայ մշակոյթ. ի՞նչ հեռանկարներ» յօդուածը («Ազդակ», 30 մայիս եւ 1 յունիս 2015) արդարացիօրէն կը ներկայացնէ արեւմտահայերէնի այժմու իրավիճակը:

Մեկնելով Քիւրքճեանի յօդուածին եզրափակիչ հարցադրումէն` «Ու մանաւանդ հարց տալ, թէ արեւմտահայերէն ու արեւմտահայ մշակոյթ, եթէ «վտանգուած» են, ինչո՞ւ վտանգուած են: Ճակատագիրի անխախտելի հրամանո՞վ մը, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ախտաճանաչումով ու նախատեսութեա՞մբ, թէ՞, այդ բոլորէն առաջ ու վեր, իբրեւ հետեւանք մեր սեփական կեցուածքին ու որոշումին,  մեր դասալքութեան:

Արամ Ա. կաթողիկոսը Համասփիւռքեան կրթական Գ. համագումարին` նուիրուած արեւմտահայերէնին, Պիքֆայա, 18 օգոստոս 2011-ին, բացման  խօսքին մէջ կ՛ըսէ. «Այսօր, սակայն, տխուր պատկեր մը կը ներկայացնէ արեւմտահայերէնը` ինքնութիւն ու մշակոյթ, լեզու ու աւանդութիւն գունաթափող ու մաշեցնող սփիւռքի պայմաններուն մէջ: Արդարեւ, երբ 2007 թուականը հռչակեցինք «Հայ լեզուի տարի», Մեր հայրապետական գիրին մէջ արդէն սփիւռքի մէջ հայ լեզուի նահանջին ահազանգը հնչեցուցինք` ըսելով. «Հայ լեզուն կը նահանջէ ամէ՛ն տեղ, տարբեր կերպերով ու ամէ՛ն իմաստով… 1600 տարիներու պատմութիւնը իր ամէնէն ահաւոր զէնքերով չկրցաւ սպաննել հայ լեզուն: Այսօր մենք է, որ կը սպաննենք հայ լեզուն` երբեմն մեր անտարբերութեամբ, երբեմն մեր տգիտութեամբ, երբեմն մեր անհաւատարմութեամբ, երբեմն մեր օտարամոլութեամբ …»:

Փորձենք պարզացուած տրամաբանութեամբ քննարկել, թէ ինչո՞ւ արեւմտահայերէնը վտանգուած է եւ ի՞նչ պէտք է ընել լեզուն վտանգի գօտիէն դուրս բերելու համար, յատկապէս` Միջին Արեւելքի համեմատաբար նուազ վտանգուած կարծեցեալ միջավայրին մէջ:

1. Սկզբունքով, տուեալ ազգ մը ընդհանրապէս կը բնորոշուի իր սեփական կենսաբանական ծինային ժառանգութեամբ, լեզուով, աւանդութիւններով, մշակոյթով, խոհանոցով, սովորութիւններով, հաւաքական յիշողութեամբ, ապրելակերպով եւ պատմութեամբ` իբրեւ մէկ ամբողջութիւն:

2. Սկզբունքով, տուեալ ազգի մը լեզուն իբրեւ սեփականութիւն եւ անբռնաբարելի իրաւունք, առանց քարոզչութեան կարիքի, բնականօրէն, բնազդօրէն պէտք է գործածուի (լսել, խօսիլ, կարդալ, գրել, ըմբռնել եւ մտածել) այդ ազգի զաւակներուն կողմէ:

3. Սկզբունքով, ոեւէ անհատ բնականօրէն եւ բնազդօրէն, ամէն գնով կը պաշտպանէ իր սեփականութիւնները` տունը, խանութը, ինքնաշարժը ….լեզուն:

4. Սկզբունքով, տուեալ ազգի մը զաւակը դժուարութիւն կ՛ունենայ ապրելու իր հարազատ միջավայրին մէջ, եթէ չկարենայ խօսիլ, գրել, կարդալ, ըմբռնել, մտածել իր իսկ լեզուով:

Եթէ վերեւ յիշուած պարզացուած  չորս սկզբունքներուն համաձայնինք կարելի կը դառնայ վերլուծել հետեւեալը (միշտ նկատի առնելով, որ լեզու մը կը գոյատեւէ, եթէ հարազատ եւ անսխալ գործածողներուն թիւը եւ պահանջը չնուազի համեմատած իր թիւին, եւ մանաւանդ երբ այդ լեզուով նոր գրականութիւն կը մշակուի):

ա. Առաջին  սկզբունքի պարագային, ծնելով հայ ծնողքէ` անհատը բնականօրէն եւ անխուսափելիօրէն կը դառնայ հայ ազգի զաւակ, հայ, եւ իր իրաւունքը եւ պատասխանատուութիւնն է սորվիլ եւ կիրարկել հայոց լեզուն, աւանդութիւնները, մշակոյթը, խոհանոցը, սովորութիւնները, ապրելակերպը եւ պատմութիւնը:

Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս կը սորվի եւ կը կիրարկէ. նախ` տան մէջ, դպրոցը, եկեղեցին, միջավայրը եւ ակումբը (օրինակ`  ՀՄԸՄ-ի արի-արենուշի եօթներորդ դաւանանքը` «Արին, արենուշը մաքուր հայերէն կը խօսին ամէն ատեն եւ ամէն տեղ»): Անշուշտ հայոց լեզուի ուսուցման գլխաւոր միջոցը հայ դպրոցն է, որ պէտք է միշտ դառնայ գուրգուրանքի եւ բոլորիս ուշադրութեան կեդրոնը (ցաւալի է, որ դպրոցի կարգ մը խնամակալներ եւ աւելի գերադաս մարմիններու անդամներ մակերեսային չափով հայոց լեզուին ծանօթ են, եւ ոմանք իրենց զաւակները օտար վարժարան կը ղրկեն): Սակայն պէտք չէ թերացումները վերագրել միայն կրթական համակարգին, երբ նոյն դպրոցէն եւ դասարանէն տակաւին կ՛ունենանք վերոնշեալ գիտութիւններով եւ ազգային պաշարով զինուած շրջանաւարտը: Ուրեմն այստեղ յստակ է նաեւ անհատական գործօնը:

Կարեւորութեամբ կ՛առաջարկեմ հայերէն գրականութեան դասաւանդումի ծրագիրին մէջ մտցնել պայծառ նիւթեր` հերոսական նուաճումներ, յաղթանակներ, ազատութեան պայքարի փայլուն դրուագներ եւ մանաւանդ հայկական առասպելներ: Այլապէս, երբ ներկայացնենք տխուր եւ մռայլ կամ բոլորովին ճապաղ` անգոյն եւ անհամ նիւթեր, եւ երբ մեր գրեթէ բոլոր գրագէտները, բանաստեղծները եւ մշակոյթի գործիչները կը ներկայացնենք իբրեւ խեղճ ու թշուառ, թոքախտահար, սոխ ու հացով սնանողներ, ո՞ր պատանին պիտի փափաքի մտնել հայկական գրականութեան եւ մշակոյթի մարզը, եւ նոյնիսկ հաւանաբար իր ենթագիտակիցին մէջ պիտի խորշի մայրենի լեզուէն:

Լուծում` պատճառարկութիւն (motivation), դրդումի կարիք:

բ. Երկրորդ սկզբունքի պարագային, երբեմն նկատելի է քարոզչութեան կարիքը` հայերէնը սորվելու, խօսելու, կարդալու եւ գրելու, երբ հայ լեզուն հայ անհատին թէ՛ իրաւունքը եւ թէ՛ սեփականութիւնն է: Ծնողներ, երբ իրենց զաւակը օտար վարժարան կը ղրկեն (հոն, ուր հայկական վարժարան կայ) մարդկային տարրական իրաւունքէ կը զրկեն իրենց զաւակը եւ կը գողնան անոր պատկանող սեփական լեզուն:

Կրկին պիտի անդրադառնամ անհատական գործօնին:  Ճանչցած եմ երեք անձեր, որոնք թէպէտ օտար վարժարան յաճախած են, բայց հետագային` անձնական ճիգերով հայերէն սորված. առաջինը ազգային վարժարանի տնօրէն եղած է: Երկրորդը ազգային միութենական կեանքի մէջ քարտուղար եղած է: Երրորդը` արաբական երկիր ծնած եւ մեծցած համալսարանի դասընկերս, որ կցկտուր հայերէն գիտէր եւ հեգելով կը կարդար: Խանդավառուելով մեր ազգային յեղափոխական պայքարի մասին զրոյցներէն, նախ պահանջեց այս նիւթերուն մասին անգլերէն գիրքեր, ապա ազգային նիւթերու ծարաւը յագեցնելու համար կարդաց այդ օրերու մեր յեղափոխական գրեթէ ամբողջ գրականութիւնը, ներառեալ` Մալխասի քառահատոր «Զարթօնք»-ը:

Լուծում` պատճառարկութիւն, դրդումի, խթանումի կարիք եւ ամենակարեւորը` պահանջի զգացում:

գ.  Երրորդ սկզբունքը անհատապէս եւ որպէս հաւաքականութիւն մեզմէ կը պահանջէ պաշտպանել  արեւմտահայերէնը ամէն տեսակի աղաւաղումէ, մանաւանդ` խորհրդային հայերէնէն, որ աւելի դիւրին կերպով սկսած է մուտք գործել քիչ մը ամէն տեղ:

Այնպէս` ինչպէս կը պաշտպանենք եւ կը պահպանենք մեր անձնական այլ գոյքերը, մեր լեզուն նաեւ մեր գուրգուրանքի առարկան պէտք է դառնայ խստապահանջ մօտեցումով: Օրինակի համար, համագաղութային բանակումի մը ընթացքին Յունաստանէն եկած սկաուտի մը հարցուցի գոյքի մը յունարէն անուանումը, ըսաւ, թէ իրենց արգիլուած է յունարէն խօսիլ բանակումի ընթացքին… Նոյն առիթով, երբ Միացեալ Նահանգներէն եկած արենուշներ անգլերէն-հայերէն կը խօսէին, իրենց յիշեցուցի մաքուր հայերէն խօսելու մասին եւ հնազանդեցան: Երբ այս նիւթը արծարծեցի պատասխանատուներուն հետ, ըսին, թէ խստապահանջութիւնը կը խրտչեցնէ… Եթէ այդ պատասխանատուին ինքնաշարժին վրայ սկաուտներ ցատկռտեն, արդեօք ի՞նչ կեցուածք կ՛ունենայ:

«Վնաս չունի», «կը խրտչին», «այսքանին համար ալ փառք», «գրագէ՞տ մը պիտի ըլլանք»… եւ այլն: Նախ եւ առաջ այս արտայայտութիւնները հայու վայել չեն, եւ ճի՛շդ այս բծախնդրութեան եւ խստապահանջութեան պակասը արեւմտահայերէնը այս վիճակին հասցուց: Այդ ոչ խստապահանջ անձերը իրենց անձնական եկամուտի ասպարէզին մէջ նոյն ձեւո՞վ կը վարուին, եթէ պաշտօնեան վնաս հասցնէ գործին:

Լուծում` Արեւմտահայերէնի պահակութիւն խստապահանջ մօտեցումով բոլորիս կողմէ:

դ. Չորրորդ սկզբունքը հայկական համայնքին մէջ ձեւով մը վտարանդի կամ աքսորեալ կարգավիճակի մէջ կը զետեղէ այն հայերը, որոնք հայերէն խօսիլ, գրել, կարդալ չեն գիտեր: Կը մէջբերեմ Քիւրքճեանի` «Ոչ ոք թող յոգնի մեզ համոզելու` օտարախօս եւ օտարամշակոյթ, բայց «հոգիով հայ» մարդու շողշողուն պատկերով: Այդպիսի պայծառ բացառութիւններ, փոքրամասնութիւն-խմբակներ կը ճանչնանք»: Հարցը ոչ թէ լեզուն գիտնալու սիրոյն է, այլ` ամբողջ մեր գրականութեան պատմութեան եւ մամուլին ծանօթանալու հարազատ եւ լեզուամտածողական հոլովոյթի մը հետամուտ ըլլալու ունակութիւնը եւ կրօնամշակութային հսկայական աւանդին հարազատ ընկալումը: Այլ խօսքով, հայութեան եւ համայնքին հետ հասարակ յայտարարի պակասը:

Լուծում` բնաւ ուշ չէ հայերէն սորվիլը, որպէսզի դառնան լիիրաւ անդամներ համայնքին եւ կարենան կարդալ Մալխասի «Զարթօնք»-ը:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.