Մինչեւ Նոյեմբեր Թրքական Դատարանը Կրնայ Հրապարակել Սիսի Կաթողիկոսարանի Դատի Վերաբերեալ Իր Որոշումը


0703sisՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Սիսի կաթողիկոսարանի դատին զարգացումներուն քննարկման ծիրին մէջ Չորեքշաբթի, 1 Յուլիս 2015ին, Անթիլիասի մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տեղեկատուական գրասենեակին կազմակերպած մամլոյ ասուլիսը` ներկայութեամբ հայկական եւ լիբանանեան մամուլի ներկայացուցիչներու ու լրագրողներու:

Տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Յուսիկ ծ. վրդ. Մարտիրոսեան բացուած յայտարարեց ասուլիսը` ներկայացնելով  զեկուցաբեր բանախօսները` կալուածային հարցերու փաստաբան փրոֆ. Ճեմ Սոֆուօղլու, Հայոց Ցեղասպանութեան մասնագէտ փրոֆ. Թաներ Աքչամ, Լիբանանեան համալսարանի դասախօս դոկտ. Նորա Պայրագտարեան:

Փրոֆ. Ճեմ Սոֆուօղլու պարզեց Սիսի կաթողիկոսարանի դատին ներկայացման առնչակից պայմանները, դժուարութիւններն ու կարելիութիւնները: Ան ընդգծեց, թէ դատական այս հայցի յարուցումը աննախընթաց քայլ մըն է թրքական կալուածային ու դատական պատմութեան մէջ: Փրոֆ. Սոֆուօղլու շեշտեց, որ հարցը ներկայացուած է զուտ մարդկային իրաւանց դիտանկիւնէն` հեռու քաղաքական թէ այլ նկատառումներէ: Ան նշեց, թէ 1983ին եւ 2001ին հրապարակուած հրամանագիրներով, թրքական կառավարութիւնը կ՛արգիլէ կալուածային որեւէ տեղեկութիւն կամ փաստաթուղթ արձանագրել, ինչպէս նաեւ արգիլուած է առնչակից արխիւներու ուսումնասիրութիւնը: Ըստ անոր, 1963ի օրէնքի տրամադրութեանց համաձայն արգիլուած է կալուածային որեւէ սեփականութիւն վերադարձնել իր սեփականատիրոջ (յատկապէս հայերու պարագային): Փրոֆ. Սոֆուօղլու խիստ հաւանական նկատեց, որ յառաջիկայ Սեպտեմբերէն Նոյեմբերի միջեւ թրքական դատարանը հրապարակէ իր որոշումը: Փրոֆ. Սոֆուօղլու նշեց, որ դատին հետապնդման հիմնական նպատակը Սիսի կաթողիկոսարանին կալուածին վերադարձն է եւ ոչ թէ անոր փոխարէն նիւթական հատուցումը:

 

Իր կարգին, դոկտ. Թաներ Աքչամ խօսք առաւ եւ յայտնեց, թէ այս գծով աւելի քան հազար փաստաթուղթեր կան օսմանեան արխիւներուն մէջ: Ան կարեւորութեամբ նշեց, թէ օսմանեան իշխանութիւնները յատուկ կարեւորութիւն կ՛ընծայէին Սիսի կաթողիկոսարանի վարկին` զայն նկատելով հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր կրօնական կարեւոր կեդրոն մը, բոլորովին անկախ Պոլսոյ թէ Էջմիածնի հոգեւոր կեդրոններէն: Ան մէջբերեց օրինակ Թալէաթի եւ Ճեմալ փաշայի միջեւ փոխանակուած մէկ նամակը, ուր կը շեշտուի, թէ գրեթէ անկարելի է հիմնովին ջնջել Սիսի կաթողիկոսարանը` նկատի ունենալով անոր ճակատագրական կարեւորութիւնը հայութեան համար:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.