Սիսի Կաթողիկոսարանի Դատին Զարգացումներուն Նուիրուած Մամլոյ Ասուլիս. Փրոֆ. Սոֆուօղլու. «Դատին Հիմնական Նպատակը Սիսի Կաթողիկոսարանի Կալուածին Վերադարձն Է Եւ Ոչ Թէ Նիւթական Հատուցումը»


Սիսի կաթողիկոսարանի դատին զարգացումներուն քննարկման ծիրին մէջ երէկ` չորեքշաբթի, 1 յուլիս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տեղեկատուական գրասենեակին կազմակերպած մամլոյ ասուլիսը` ներկայութեամբ հայկական եւ լիբանանեան մամուլի ներկայացուցիչներու ու լրագրողներու: Տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան բացուած յայտարարեց ասուլիսը` ներկայացնելով  զեկուցաբեր բանախօսները` կալուածային հարցերու փաստաբան փրոֆ. Ճեմ Սոֆուօղլու, Հայոց ցեղասպանութեան մասնագէտ փրոֆ. Թաներ Աքչամ, Լիբանանեան համալսարանի դասախօս դոկտ. Նորա Պայրագտարեան: Նշենք, թէ նախատեսուած էր նաեւ միջազգային ատեաններու մօտ փաստաբան դոկտ. Փայամ Ախաւանի մասնակցութիւնը, սակայն օդանաւային թռիչքի ուշացման պատճառով չկրցաւ մասնակցիլ մամլոյ ասուլիսին: Արաբերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան պատմական յետադարձ ակնարկով անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի կրած տառապանքին Օսմանեան կայսրութեան մէջ, յատկապէս 1894-1923 երկարող ժամանակաշրջանին: Ան երախտագիտական խօսքերով շեշտեց հիւրընկալ Լիբանանի կարեւորութիւնը, որ դարձաւ հայ ժողովուրդի վերածնունդի ու զարթօնքի հայրենիքը` նշելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առանցքային դերը: Կաթողիկոսութիւնը դատական հայց ներկայացուց թրքական Սահմանադրական դատարանին մօտ, յայտնեց հայր սուրբը եւ աւելցուց. «Այսօր դատական հայցի ներկայացումէն երկու ամիսներ ետք, մեր տեղեկութիւնները կը հաստատեն, որ թրքական Սահմանադրական դատարանը սկսած է սերտել դատական այս հայցի թղթածրարը»:

Ապա դոկտ. Նորա Պայրագտարեան արաբերէնով թուեց Սիսի կաթողիկոսարանին գծով դատական հայցի յարուցման զուգահեռ ու զայն կանխած առնչակից քայլերը (ինչպէս` «Ճանաչումէն հատուցում» միջազգային գիտաժողովի կազմակերպումը փետրուար 2012-ին, ապա թուրք իրաւագէտներէ եւ միջազգային մասնագէտ-փորձագէտներէ բաղկացած յանձնախումբի կազմութիւնը…): Դոկտ. Պայրագտարեան շեշտեց Սիսի կաթողիկոսութեան խորհրդանշական մեծ կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդին համար:  Ան յիշեցուց, թէ անցնող  27 ապրիլ 2015-ին ներկայացուած դատական այս հայցին գծով  թրքական Սահմանադրական  դատարանը պէտք է առաւելագոյնը իննսուն օրուան ընթացքին ձեռնարկէ այս հայցի քննարկման: Այլապէս` հարցը պիտի ներկայացուի Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին:

Ապա փրոֆ. Ճեմ Սոֆուօղլու անգլերէնով պարզեց Սիսի կաթողիկոսարանի դատին ներկայացման առնչակից պայմանները, դժուարութիւններն ու կարելիութիւնները: Ան ընդգծեց, թէ դատական այս հայցի յարուցումը աննախընթաց քայլ մըն է թրքական կալուածային ու դատական պատմութեան մէջ: Փրոֆ. Սոֆուօղլու շեշտեց, որ հարցը ներկայացուած է զուտ մարդկային իրաւանց դիտանկիւնէն` հեռու քաղաքական թէ այլ նկատառումներէ: Ան նշեց, թէ 1983-ին եւ 2001-ին հրապարակուած հրամանագիրներով, թրքական կառավարութիւնը կ՛արգիլէ կալուածային որեւէ տեղեկութիւն կամ փաստաթուղթ արձանագրել, ինչպէս նաեւ արգիլուած է առնչակից արխիւներու ուսումնասիրութիւնը: Ըստ անոր, 1963-ի օրէնքի տրամադրութեանց համաձայն արգիլուած է կալուածային որեւէ սեփականութիւն վերադարձնել իր սեփականատիրոջ (յատկապէս հայերու պարագային): Փրոֆ. Սոֆուօղլու խիստ հաւանական նկատեց, որ յառաջիկայ սեպտեմբերէն նոյեմբերի միջեւ թրքական դատարանը հրապարակէ իր որոշումը: Փրոֆ. Սոֆուօղլու նշեց, որ դատին հետապնդման հիմնական նպատակը Սիսի կաթողիկոսարանին կալուածին վերադարձն է եւ ոչ թէ անոր փոխարէն նիւթական հատուցումը:

Իր կարգին, դոկտ. Թաներ Աքչամ խօսք առաւ եւ յայտնեց, թէ այս գծով աւելի քան հազար փաստաթուղթեր կան օսմանեան արխիւներուն մէջ: Ան կարեւորութեամբ նշեց, թէ օսմանեան իշխանութիւնները յատուկ կարեւորութիւն կ՛ընծայէին Սիսի կաթողիկոսարանի վարկին` զայն նկատելով հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր կրօնական կարեւոր կեդրոն մը, բոլորովին անկախ Պոլսոյ թէ Էջմիածնի հոգեւոր կեդրոններէն: Ան մէջբերեց օրինակ Թալէաթի եւ Ճեմալ փաշայի միջեւ փոխանակուած մէկ նամակը, ուր կը շեշտուի, թէ գրեթէ անկարելի է հիմնովին ջնջել Սիսի կաթողիկոսարանը` նկատի ունենալով անոր ճակատագրական կարեւորութիւնը հայութեան համար:

Ապա զեկուցաբեր բանախօսները պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն, որոնք առաւելաբար կեդրոնացան հայ անհատներու սեփականութեանց վերատիրացման գծով հիմնական նախաքայլերու եւ կարելիութիւններու վրայ: Այս գծով «Ազդակ»-ի այն հարցումին, թէ արդեօք կարելի՞ է ժողովրդային քարոզչական ճիգերով թրքական հայամէտ հանրային կարծիքը մղել (քարոզչական) ճնշում բանեցնելու թրքական իշխանութեանց վրայ` նկատի ունենալով, որ Սիսի (այժմ` Քոզան կոչուող) քաղաքապետը կտրուկ կերպով մերժած է ընդառաջել այս հարցին` փրոֆ. Սոֆուօղլու քարոզչական ճիգերը կարելի դրական քայլ նկատեց` թելադրելով միաժամանակ կալուածային նմանօրինակ հայցերու «տարափ» մը յղել թրքական պատկան իշխանութիւններուն:

Միւս կողմէ, կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ երեկոյեան ժամը 7:30-ին,  կազմակերպութեամբ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան, տեղի ունեցաւ երիտասարդ-ուսանողներու եւ փրոֆ. Թաներ Աքչամի միջեւ հանդիպում-զրոյցը: Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Սիսի կաթողիկոսարանի դատին զարգացումներուն, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ հատուցման ձեւերուն ու հանգրուաններուն: Հանդիպումին հիմնական բաժինը յատկացուած էր երիտասարդութեան հարցումներուն, եւ զրոյցին ընդմէջէն փրոֆ. Աքչամ տուաւ իր պատասխանները:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.