30 Յունիս 1914. Թալէաթ Ռուսաստանի դէմ «զինակցութիւն» կ’առաջարկէ Արշակ Վռամեանի եւ Արմէն Գարոյի


Յու­նիս 30ի այս օ­րը, 101 տա­րի ա­ռաջ, պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թեամբ քա­ղա­քա­կան հան­դի­պում մը կա­յա­ցաւ մէկ կող­մէ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ Ար­շակ Վ­ռա­մեա­նի եւ Ար­մէն ­Գա­րո­յի, իսկ միւս կող­մէ թրքա­կան պե­տու­թեան ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Թա­լէաթ փա­շա­յի մի­ջեւ։

Հան­դիպ­ման նա­խա­ձեռ­նո­ղը ­Թա­լէաթն էր, որ Իթ­թի­հա­տի եւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մի­ջեւ 1911ին խզո­ւած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը իբր թէ վե­րա­կանգ­նե­լու ընդ­հա­նուր ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ՝ կ­’ու­զէր Վ­ռա­մեա­նի եւ ­Գա­րո­յի ներ­կա­յաց­նել մաս­նա­յա­տուկ «զի­նակ­ցու­թեան» ա­ռա­ջար­կու­թիւն մը։

Իթ­թի­հա­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին ա­ռա­ջար­կած «զի­նակ­ցու­թիւն»ը ծայր աս­տի­ճան ար­կա­ծախնդ­րա­կան էր ու յղի՝ վտան­գա­ւոր հե­տե­ւանք­նե­րով։ ­Թա­լէաթ կը տե­ղե­կաց­նէր, թէ Իթ­թի­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ո­րո­շած էր, եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թեանց մի­ջեւ մօ­տա­լուտ մեծ պա­տե­րազ­մի բռնկման պա­րա­գա­յին, դաշ­նակ­ցիլ ­Կայ­սե­րա­կան ­Գեր­մա­նիոյ հետ՝ ա­նոր կող­քին Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նը ընդ­հա­նուր պա­տե­րազ­մին մէջ մտցնե­լով։

Այդ հի­ման վրայ ալ, Իթ­թի­հատ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կ­’ա­ռա­ջար­կէր զի­նակ­ցիլ ­Ցա­րա­կան ­Կայս­րու­թեան դէմ՝ հայ ժո­ղո­վուր­դին ազ­գա­յին ինք­նա­վա­րու­թիւն շնոր­հե­լու խոս­տու­մով…

Ն­ման բնոյ­թի տե­սակ­ցու­թեան եւ ա­ռա­ջար­կու­թեան կը վե­րա­բե­րի 30 ­Յու­նիս 1914ի յու­շա­տետ­րի է­ջը՝ լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լով նա­խօ­րէի պատ­մա­կան զար­գա­ցում­նե­րու խո­րա­պատ­կերն ու այդ բո­լո­րի ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան նշա­նա­կու­թիւ­նը, ինչ­պէս եւ անդ­րա­դար­ձը հե­տա­գայ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն վրայ։

Նախ՝ տե­սակ­ցող­նե­րուն մա­սին։

Թա­լէաթ ոչ միայն գլխա­ւոր դէմքն էր Իթ­թի­հա­տի ղե­կա­վար ե­ռա­պե­տու­թեան, այ­լեւ՝ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րարն էր։ Ար­շակ Վ­ռա­մեան (Օն­նիկ ­Դեր­ձա­կեան) Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ էր եւ, միա­ժա­մա­նակ, ­Վա­նի հա­յու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նող պե­տա­կան պատ­գա­մա­ւոր էր օս­մա­նեան խորհր­դա­րա­նին մէջ։ Իսկ ­Պանք Օ­թո­մա­նի հե­րո­սա­կան գրա­ւու­մէն վե­րապ­րած Ար­մէն ­Գա­րոն (­Գա­րե­գին ­Փաստր­մա­ճեան) ­Կար­նոյ հա­յու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նող պե­տա­կան պատ­գա­մա­ւոր էր մին­չեւ 1913, երբ նոյ­նինքն ­Թա­լէա­թի սադ­րանք­նե­րով պար­տու­թեան մատ­նո­ւե­ցաւ օս­մա­նեան խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, բայց որ 1913ի Օ­գոս­տո­սին ­Կար­նոյ մէջ գու­մա­րո­ւած Հ.Յ.Դ. 7րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին ընտ­րո­ւած էր Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ։

Փաս­տօ­րէն տե­ղի ու­նե­ցա­ծը ան­պաշ­տօն տե­սակ­ցու­թիւն մըն էր Իթ­թի­հա­տի եւ Հ.Յ.Դ. ղե­կա­վա­րու­թեան մի­ջեւ։ Ե­րեք մաս­նա­կից­ներն ալ անձ­նա­պէս քա­ջա­ծա­նօթ էին ի­րա­րու։ ­Մին­չեւ 1908ի Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը, ա­նոնք պա­տաս­խա­նա­տու մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցած էին Իթ­թի­հա­տի եւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մի­ջեւ ա­ռա­ջա­ցած գոր­ծակ­ցու­թեան մէջ՝ ­Հա­մի­տեան բռնա­տի­րու­թեան դէմ մղո­ւած հա­մաօս­մա­նեան ընդ­հա­նուր պայ­քա­րի շրջա­նին։ ­Նոյն­պէս այ­նու­հե­տեւ՝ յատ­կա­պէս 1911ի Իթ­թի­հատ-­Դաշ­նակ­ցու­թիւն խզու­մէն ետք, ա­նոնք կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տար­ներ ե­ղած էին ի­րենց մի­ջեւ շա­րու­նա­կո­ւած գոր­ծակ­ցու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րով, բա­խում­նե­րով եւ… հա­կադ­րու­թիւն­նե­րով։

Տե­սակ­ցու­թեան պատ­մա­կան խո­րա­պատ­կե­րին վե­րա­բե­րեալ կա­րե­ւոր է նշել, որ 1909ի ­Կի­լի­կիոյ ­Մեծ Ա­ղէ­տէն ետք, ան­վե­րա­կանգ­նե­լիօ­րէն վատ­թա­րա­ցան կա­պե­րը Իթ­թի­հա­տի եւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մի­ջեւ՝ պե­տա­կան-քա­ղա­քա­կան միեւ­նոյն դաշ­տին մէջ գոր­ծե­լու հար­կադ­րան­քով հան­դերձ։

Այ­սօր ար­դէն պատ­մա­կան բա­ցա­յայ­տում­նե­րը կը հաս­տա­տեն, որ Իթ­թի­հատ 1912ին, ­Սե­լա­նի­կի իր գաղտ­նի ժո­ղո­վին կա­յա­ցու­ցած գեր-գաղտ­նի ո­րո­շու­մով, վճռած էր պե­տա­կա­նօ­րէն գոր­ծադ­րել հայ ժո­ղո­վուր­դի բնաջնջ­ման ցե­ղաս­պա­նա­կան ա­հա­ւոր ծրա­գի­րը՝ մէ­կան­գա­մընդ­միշտ «ձեր­բա­զա­տո­ւե­լու» հա­մար ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցէն։

1913ին պայ­թած էր ­Պալ­քա­նեան պա­տե­րազ­մը, որ վերջ գտաւ օս­մա­նեան բա­նա­կի ան­փա­ռու­նակ պար­տու­թեամբ։ Իթ­թի­հատ ոչ միայն իր կրած պար­տու­թեան հա­մար պա­տաս­խա­նա­տու նկա­տեց ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, որ Անդ­րա­նի­կի հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ մաս­նակ­ցած էր հա­կա­թուրք պա­տե­րազ­մին, այ­լեւ՝ իր ներ­քին գա­ւառ­նե­րուն այս­պէս կո­չո­ւած «սպառ­նա­ցող վտանգ»ը կան­խե­լու մտադ­րու­թեամբ, տեն­դա­գին լծուած էր ­Գեր­մա­նիոյ կող­քին պա­տե­րազ­մի մէջ մտնե­լու եւ, ընդ­հա­նուր կռո­ւի պայ­ման­նե­րուն մէջ, հա­յաս­պա­նա­կան իր ծրա­գի­րը ա­րա­գաց­նե­լու հրէ­շա­յին գոր­ծին։

Մա­նա­ւանդ որ ­Ռու­սաս­տա­նի ճնշում­նե­րով եւ Եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թեանց հա­խո­հու­թեամբ՝ օս­մա­նեան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ստի­պո­ւած ե­ղած էր ըն­դու­նե­լու հայ­կա­կան նա­հանգ­նե­րուն վար­չա­կան ինք­նա­վա­րու­թիւն տա­լու ծրա­գի­րը եւ հաս­տա­տո­ւած էր ­Հոֆն ու ­Վես­տե­նեն­կը իբ­րեւ կա­ռա­վա­րիչ­ներ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տան ու­ղար­կե­լու ո­րո­շու­մը, իսկ Ար­մէն ­Գա­րո­յի վստա­հո­ւած էր փոխ-կա­ռա­վա­րի­չի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։

Ա­հա՛ այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ, հայ ժո­ղո­վուրդն ու ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն քնաց­նե­լու թրքա­կան «դի­ւա­նա­գի­տու­թեամբ», ­Թա­լէաթ անձ­նա­կան տե­սակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ Վ­ռա­մեա­նի եւ ­Գա­րո­յի հետ՝ իբր թէ հա­մո­զե­լու հա­մար, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ին­չո՛ւ պէտք է գոր­ծակ­ցի Իթ­թի­հա­տի հետ, ­Գեր­մա­նիոյ կող­քին ­Ռու­սաս­տա­նի դէմ պա­տե­րազ­մի հռչակ­ման պա­րա­գա­յին։

Տե­սակ­ցու­թե­նէն ա­միս մը ետք ար­դէն, ­Յու­լիս 1914ին, երբ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ­Կար­նոյ մէջ կը գու­մա­րէր իր 8րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վը, Իթ­թի­հատ պաշ­տօ­նա­պէս իր բա­նագ­նաց­նե­րը ու­ղար­կեց ­Դաշ­նակ­ցու­թեան Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին՝ ա­ռա­ջար­կե­լու հա­մար, որ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի թէ Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տա­նի մէջ Իթ­թի­հա­տի կող­քին պա­տե­րազ­մի մէջ մտնե­լու պա­րա­գա­յին, ան­խու­սա­փե­լի պի­տի ըլ­լար յաղ­թա­նա­կը եւ ա­պա­հո­վո­ւած պի­տի ըլ­լար, իբր թէ, ա­զա­տագ­րո­ւած ամ­բողջ ­Հա­յաս­տա­նի ինք­նա­վա­րու­թիւնն ու հե­տա­գայ ան­կա­խու­թիւ­նը….

Ան­շուշտ ե՛ւ ­Թա­լէա­թի հետ ան­պաշ­տօն հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, թէ՛ Իթ­թի­հա­տի պաշ­տօ­նա­կան բա­նագ­նաց­նե­րու դի­մու­մին՝ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ու­նէր մէկ ու միակ պա­տաս­խան, որ կա­յա­ցո­ւած էր տա­կա­ւին 1911ի Օ­գոս­տոս-­Սեպ­տեմ­բե­րին, ­Պոլ­սոյ մէջ գու­մարուած Հ.Յ.Դ. 6րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին։

Մեկ­նե­լով 1909ի Ա­տա­նա­յի ­Կո­տո­րա­ծին դառ­նա­ղէտ դա­սէն, ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ո­րո­շած էր բո­լոր ու­ժե­րով լծո­ւիլ մեր ժո­ղո­վուր­դի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­մին, իսկ ­Կով­կա­սի, ­Պարս­կաս­տա­նի եւ ­Թուր­քիոյ մէջ հա­ւա­նա­կան պա­տե­րազ­մի պա­րա­գա­յին, իւ­րա­քան­չիւր շրջա­նի հա­յու­թեան մղել, որ քա­ղա­քա­ցիա­կան իր պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը կա­տա­րէ միայն։ ­Նաեւ ար­թուն գտնո­ւի՝ ազ­գա­յին հա­ւա­նա­կան ո­րե­ւէ վտան­գի նկատ­մամբ։

Ն­ման բո­վան­դա­կու­թեամբ եւ պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թեամբ հան­դի­պու­մի մը տա­րե­դարձն է այ­սօր։

30 ­Յու­նիս 1914ին, թրքա­կան եր­կե­րե­սայ­նու­թիւ­նը իր պատ­մա­կան դրսե­ւո­րում­նե­րէն մէ­կը ու­նե­ցաւ, երբ մեծ ջար­դա­րա­րը՝ ­Թա­լէաթ ի գործ դրաւ հայ ժո­ղո­վուրդն ու քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը խա­բե­լով քնաց­նե­լու եւ կռնա­կէն դա­շու­նա­հա­րե­լու ցե­ղաս­պան թուր­քի… ա­ւան­դա­կան վար­քա­գի­ծը։

Ն.


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.