Ալիեւ. «Ոչ Միայն Ղարաբաղը Մերն Է, Այլ Նաեւ՝ Հայաստանը Ստեղծուած Է Ազրպէյճանական Հողերու Վրայ»


ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 25 Յունիսին Պաքուի Կարատաղ շրջանին մէջ գտնուող Փութայի մէջ ծովուժի «Ն» զօրախումբի նոր ռազմակայանի բացման հանդիսութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ըսած է, որ Ազրպէյճանի մեծագոյն հարցը «իր հողերուն բռնագրաւման շարունակութիւնն է»։ 

Ալիեւ իր ելոյթի ընթացքին ըսած է. «Այս անարդարութիւնը տարիներէ ի վեր կը շարունակուի։ 1990-ականներուն սկիզբը, Ազրպէյճանի օրուան ղեկավարութեան անատակութեան եւ դաւաճանութեան պատճառով մեր հողերը բռնագրաւման տակ են։ Դժբախտաբար, հակառակ միջազգային կազմակերպութիւններու բոլոր որոշումներուն, այդ բռնագրաւումը կը շարունակուի։ Միջազգային օրէնքի արժեչափերը կոշտ կերպով խզուած են, սակայն միջազգային համայնքը ատոր նկատմամբ անտարբեր կը մնայ։ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը հակամարտութեան վերաբերեալ չորս բանաձեւեր որդեգրեց։ Անոնք նաեւ նշեցին, որ հայկական զինեալ ուժերը պէտք է առանց նախապայմանի հեռանան մեր հողերէն։ Աւելի քան քսան տարի անցած է, սակայն այդ որոշումները չեն գործադրուած։ Ասիկա մեզի, մեր երկրին ու ժողովուրդին դէմ մեծ անարդարութիւն մըն է։ Սակայն այսօրուան աշխարհը, դժբախտաբար, անարդարութեան վրայ հիմնուած է»։ 

«Այս պարագային, անպայման, որ պէտք է միայն մեր ուժերուն վստահինք, ինչպէս արդէն կ՚ընենք։ Անշուշտ, միջազգային կազմակերպութիւններու փաստաթուղթերը, որոշումները մեր քաղաքական ու դիւանագիտական կարելիութիւնները կ՚աճեցնեն։ Այսօր ոչ մէկ երկիր կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղը։ Ասիկա մեր քաղաքական ու դիւանագիտական մեծ յաջողութիւնն է։ Միջազգային կազմակերպութեանց որոշումները կարգաւորման մը իրաւական հիմքը կը կազմեն։ Այս շրջագիծը հիմնուած է պատմական անարդարութեան մը վրայ, որովհետեւ Լեռնային Ղարաբաղը ազրպէյճանական հող է։ Ազրպէյճանցի ժողովուրդը դարերէ ի վեր ապրած ու աշխատած է այդ հողերուն վրայ։ Այդ պատմական հողերուն վրայ գտնուող պատմական կոթողները անգամ մը եւս ցոյց կու տան, որ ատիկա մեր պատմական, նախահայրերու հողերն է։ Ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղը մերն է, այլ նոյնիսկ արդի Հայաստանը ստեղծուած է ազրպէյճանական պատմական հողերու վրայ։ Բոլորս այդ մէկը գիտենք։ Արդէն աշխարհն ալ այդ մասին գիտէ։ Իրեւան խանութիւն, Կոյչէն, Զանկեզոր Մահալ, ասոնք մեր պատմական հողերն են, եւ մենք՝ ազրպէյճանցիներս պէտք է վերադառնանք այս հողերուն»։

Ազրպէյճանի նախագահը շեշտած է,որ Հայ-ազրպէյճանական Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պէտք լուծուի միայն Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան ծիրին մէջ «ո՛չ ազրպէյճանցի ժողովուրդը, ո՛չ ալ ազրպէյճանական պետութիւնը մէկ այլ ընտրանք կ՚ընդունին։ Պէտք է եւ պիտի վերականգնենք մեր հողային ամբողջականութիւնը։ Մենք ուրիշներու հողերը չենք պահանջեր։ Թէեւ, ինչպէս նշեցի, Հայաստանի ներկայ հողամասը մեր պատմական հողն է։ Սակայն ոեւէ մէկուն մեր հողը պիտի չտանք եւ այս կացութեան հետ երբեք պիտի չհաշտուինք»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.