Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի 92րդ եւ Գանատայի Շրջանի 22րդ Պատգամաւորական Ժողովի Յայտարարութիւն
Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանի Պատգամաւորական Ժողովը տեղի ունեցաւ 26-28 Յունիս 2015-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնէն ներս, մասնակցութեամբ Թորոնթոյի, Մոնթրէալի, Գէմպրիճի, Համիլթընի, Օթթաուայի, Լաւալի, Վանգուվըրի, Միսի-սոկայի եւ Սէնթ Գաթրինզի մասնաճիւղերու պատգամաւոր ընկերուհիներուն, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչին, Շրջանային Վարչութեան եւ Պատգամաւորական Ժողովին կողմէ հրաւիրուած հիւրերուն, ինչպէս նաեւ գործակից եւ քոյր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն:
Եռօրեայ նիստերու ընթացքին, ժողովը քննարկեց հետեւեալ բնագաւառները.-
– Հայոց պետականութեան ամրագրման ուղղութեամբ ներուժի համադրումը:
– Արցախի եւ Ջաւախքի խնամատարական, առողջապահական, կրթամշակութային եւ ընկերային ծրագիրներու կազմակերպութեան օժանդակութիւնը:
– Նորահաս սերունդին մէջ ազգային ու հայեցի դաստիարակութեան ուժեղացումը:
– Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի աշխատանքներն ու անոնց շարունակութիւնը հունաւորող ծրագիրները:
Ժողովը հանգամանօրէն քննարկման բովէ անցուց Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած տագնապը եւ վերստին հաստատեց իր զօրակցութիւնը Սուրիոյ գաղութին:
Մարդասիրական եւ բարեսիրական առաքելութեանց յանձնառութիւնները շարունակելու վճռակամութեամբ՝ Պատգամաւորական Ժողովը հասաւ իր աւարտին ընտրելով 2015-2017 տարեշրջանի Շրջանային Վարչութեան կազմը եւ Համահայկական 71րդ Պատգամաւորական Ժողովի պատգամաւորները:
Գանատայի Շրջանի 22րդ Պատգամաւորական Ժողով
28 Յունիս 2015
Մոնթրէալ