Ղարաբաղ Ելեկտրականութեան Արտադրութեան Իմաստով 78 Տոկոսով Ինքնաբաւ Է


ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Նախորդ տարուան տուեալներով՝ Լեռնային Ղարաբաղ իր սպառած ելեկտրականութեան միայն 22 տոկոսը գնած է «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» ընկերութենէն, իսկ 78 տոկոսը արտադրած են Ղարաբաղի մէջ գործող ջրելեկտրակայանները:

Արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարարութենէն «Ազատութեան» փոխանցած են, որ Ղարաբաղի մէջ գործող ու շուտով շահագործման յանձնուելիք 17 ջրելեկտրակայաններէն միայն վեցը կը պատկանին «Արցախ ՀԷԿ» բաց բաժնետիրական ընկերութեան, ուր բաժնեմասերուն 47 տոկոսը կառավարութիւնը կը ղեկավարէ:

Ղարաբաղի մէջ ամբողջական ինքնաբաւութեան հասնելու ու նոյնիսկ հետագային ելեկտրականութիւն արտածելու վերաբերող յաւակնութիւններ կան: Երկու տարի առաջ նախագահ Բակօ Սահակեան յայտարարած էր, որ Ղարաբաղ ելեկտրականութիւն արտածող երկիր պիտի դառնայ: Ելեկտրականութեան պետական կառավարման բաժինի պետ Հայկ Աւետիսեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ առաջնահերթ է Ղարաբաղին լիարժէք ինքնաբաւութիւն ապահովելը:

«Էներեգետիկայի մասին օրէնքում գրուած է՝ մինչեւ մեզ չապահովենք Ղարաբաղում, իրաւունք չկայ վաճառելու: 100 տոկոսով մեզ ապահովենք, էդ ժամանակ կարող ենք արտահանել Հայաստան ու Իրան», ըսած է Աւետիսեան:

Վերջերս վարչապետ Արա Յարութիւնեան յայտարարած էր, որ մինչեւ 2017 թուական՝ ներկայի կառավարութեան գործունէութեան աւարտը, ղարաբաղցիները ելեկտրականութեան համար պիտի վճարեն միեւնոյն՝ 25 դրամը: Կառավարութիւնը հատուցած է գինի հաւանական փոփոխութիւնը:
«Բնակչութիւնը վճարելու է նոյն սակագինը, ինչքան էլ բարձրանայ, այդ ծրագիրը մինչեւ 2017 թուականը գործելու է: 2017 թուականից յետոյ նոր իշխանութիւնները կ՛որոշեն: Մեր երկիրը նախագահական երկիր է եւ մեր իշխանութիւնը ձեւաւորւում է նախագահի ղեկավարութեամբ, դրա համար մինչեւ 2017 թուականը մեր բնակիչները վճարելու են նոյն սակագինը», յայտարարած է Յարութիւնեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ Ղարաբաղի մէջ եւս ելեկտրականութեան սակը կը բարձրանայ, երբ 78 տոկոս ինքնաբաւութիւն կայ, վարչապետը ըսած է, թէ ջրելեկտրակայաններու կառուցման համար ներդրումներ կատարողները արտասահմանեան ընկերութիւններ են, որոնք նախապայման դրած են եւ պիտի աշխատին Հայաստանի մէջ գործող սակերով:
«Բազմաթիւ անգամ քննադատութիւնների ենք արժանացել, որ այսքան ՀԷԿեր են կառուցում, բա ո՞նց ա, որ էլի թանկանում է: Այդ ՀԷԿերը կառուցւում են օտարերկրեայ ներդրողների հաշուին: Նախնական մինչեւ 70-80 միլիոն տոլարի ներդրումներ է կատարուել ու այդ ներդրումների 95 կամ 98 տոկոսը օտարերկրեայ ներդրումներ են, եւ այդ մարդիկ պահանջում են՝ գոնէ Հայաստանի սակագները ապահովել: Ռիսկային գործօնները մի կողմ են դնում, անտեսում են, բայց ասում են՝ եթէ մենք այդ ներդրումը պէտք է կատարենք Արցախում, ապա նոյն սակագինը տուէք, եթէ աւելի ցածր էք տալու, ապա ինչու պէտք է ընտրենք Արցախը», ըսած է վարչապետը:
Այս տարի նախատեսուած է գործարկման յանձնել քանի մը նոր փոքր ջրելեկտրակայաններ։ Ղարաբաղի մէջ յոյս ունին, որ տարեվերջին ելեկտրականութեան արտադրութեան ինքնաբաւութիւնը աւելի բարձր տոկոսի հասնի։

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.