Դէպի Ու՞ր Կը Դիմէ Թրքական Ճատրակախաղը


Թուրքիոյ մէջ համախոհական կառավարութիւն ձևաւորելու սկզբնական ճիգերը արդէն իսկ կը բախին լուրջ խոչընդոտներու ամէն օր աւելի սրելով Թուրքիոյ ներքին ճակատի կուտակուող հարցականները։

 Նախ. Էրտողանի մեծամասնական կուսակցութիւնը (AKP) կը շարունակէ խօսիլ ուժի դիրքերէ իր ձեռքին մէջ ունենալով երկու հզօր խաղաքարտեր։ ։Ըստ գործող սահմանադրութեան, իրենց կը պատկանի առաջին իրաւունքը համախոհական (coalition) հողի վրայ նոր կառավարութիւն կազմելու։ Եթէ իշխող կուսակցութիւնը չկարողանայ բազմակուսակցական դահլիճ մը ստեղծել, հանրապետութեան նախագահը այդ գործը հարկադրաբար պիտի վստահի ընդդիմադիր կողմին։ Իսկ եթէ միջկուսակցական բանակցութիւնները առհասարակ ձախողին, Նախ. Էրտողան իրաւունք ունի գործածելու իր երկրորդ խաղաքարտը, որ Ազգային Մեծ Ժողովի լուծարումն է և նոր ընտրութիւններու կայացումը։

 Պէտք է հարց տալ, այս կէտին վրայ, թէ որո՞նք են գոյութիւն ունեցող «անհամատեղելի»ները յառաջիկայ միջկուսակցական բանակցութիւններու սեղանին վրայ և արդեօ՞ք Ահմէտ Տաւութողլու կրնայ այնուամենայնիւ հակադիր ուժերու շահերը համատեղել իր տրամադրութեան տակ գտնուող քաղաքական զէնքերով և ծնունդ տալ թրքական «հրաշք»ի մը…

 Փաստերը ցոյց կու տան, որ երեք ընդդդիմադիր կուսակցութինններն ալ անխտիր կանգնած են Նախ. Էրտողանի իրաւասութիւնները զգալիօրէն կրճատելու դիրքերուն վրայ։ Քիլիճտարողլու (CHP), Պահչելի (MHP) և Տեմիրթաշ (HDP), իւրաքանչիւրը իր շահերէն ելլելով (և յաճախ հակադի՛ր շահերէ), մեծ վտանգ մը կը տեսնեն իշխող կուսակցութեան և յատկապէս Էրտողանի մենատիրական յաւակնութիւններուն մէջ, իսկ Էրտողան կը մնայ անդրդուելի ու անզիջող այս մարզին մէջ։ Էրտողան և Տաւութողլու, յանուն AKP-ի, պատրաստ են կարևոր նախարարութիւններ զիջելու հակառակորդ ուժերուն (գէթ CHP-ի կամ MHP-ի) նոյնիսկ նժարի վրայ դնելով Խորհրդարանի Նախագահի հեղինակաւոր դիրքը, բայց կը մերժեն թիզ մը իսկ նահանջել նախագահի իրաւասութիւններու ոլորտին մէջ։ Ասիկա այն փշոտ հարցն է, որ կրնայ արագօրէն սառեցնել երկխօսութիւնը և ներկայ բանակցային գործընթացը հրել դէպի փակուղի։

 Երկրորդ խնդիրը քրտական հարցն է։ 2012-էն ի վեր, Էրտողան հետևողականօրէն կը հետապնդէ քրտական հարցը հակակշռի տակ բերելու իր առաջադրութիւնը և անշուշտ՝ իր մականին տակ ունենալով PKK-ի մեծ կալանաւորը՝ Ապտուլլահ Օճալան։ Ան նոյնիսկ յաջողեցաւ տասը կէտերէ բաղկացած նախնական համաձայնագիր մը ստորագրել քրտական կողմին հետ (անուանապէս HDP-ի) քրտական հարցը գործնականօրէն կարգաւորելու փոխադարձ յանձնառութեամբ։ Եւ սակայն ներկայ տարուան փետրուարին, Էրտողան անակնկալօրէն ետդարձ կատարեց և կասեցուց բանակցային այս գործընթացը…

 Հակառակ այս քաղաքական խաղերուն, փաստը կը մնայ փաստ, որ AKP միակ կուսակցութիւնն է ներկայիս, որ քիւրտ ղեկավարութեան հետ գործօն երկխօսութեան ձեռնարկած ըլլալու անցեալը ունի և այս պարագան կարևոր հնչեղութիւն ունի Թուրքիոյ քրտական համայնքին մէջ։ Չմոռնանք, որ Էրտողան իր կուսակցութենէն ներս վաղուց արդէն ստեղծած է քրտական աչքառու խարիսխ մը։ Տեմիրթաշ կը շարունակէ հետապնդել քրտական ինքնութիւնը Թուրքիոյ հասարակական կեանքէն ներս քայլ առ քայլ արմատաւորելու ստոյգ քաղաքականութիւն։ Ինք և իր համախոհները կրցան նոյնիսկ ընդլայնել շրջանակը այս քաղաքականութեան առաջ քաշելով բազմազգ Թուրքիոյ գաղափարը և այդ գաղափարին շուրջ համախմբելով Թուրքիոյ ազգութիւններու ողջ խճանկարը։ Զուտ քրտական հողի վրայ գործող իրենց կուսակցութեան (BDP-ի) յարակից՝ անոնք ստեղծեցին բազմազգ HDP—ն։

 Թուրքիոյ ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք, Թէլ Ապիատի քրտական յաղթանակը հսկայ իրադարձութիւն մըն եղաւ Թուրքիոյ քիւրտերուն համար։ Ան աւելի ևս ամրապնդեց Տեմիրթաշի ընտրական յաջողութիւնը և քրտական հարցին տուաւ շեշտոած անմիջականութիւն։ Դիտողներու համաձայն, AKP-ի ղեկավարներ Տաւութողլու և Արընչ յստակօրէն հակուած են երկխօսութեան գործընթացը վերըսկսելու քաղաքականութեան, երբ CHP և MHP մեծ վախերով կը դիմագրաւեն քիւրտերու հետ որևէ համաձայնութիւն։ Անոնք քրտական իրաւունքներու հարցը կը համարեն կենսական վտանգ Թուրքիոյ համար։ Հետևաբար համախոհական կառավարութիւն ձևաւորելու գործը մեծ արգելքի առջև կը գտնուի նաև այս հարցի կապակցութեամբ։

 Նկատի առնելով վերոյիշեալ երկու «անհամատեղելի» խնդիրները, դժուար չէ հասկնալ Էրտողանի ներկայ մտայնութիւնը։ Պարզ է, որ Էրտողան զգալի թերահաւատութեամբ կը դիտէ համախոհական դահլիճ գոյացնելու գաղափարը։ Ան չ՚ուզէր մխրճուիլ համախոհական ճահիճին մէջ։ Ան կը հաւատայ, որ իրական այլընտրանքը խորհրդարանի լուծարումն է։ Եւ կը յուսայ նոր ընտրութիւններու բովին մէջ «սրբագրել» վերջին ընտրութիւններու ընթացքին իրենց կոլմէ թոյլ տրուած մարտավարական սխալները։ Եւ անհաւանական չէ, որ այս ռազմավարութեան գծով ան հակադրութեան մէջ գտնուի ոչ միայն նախկին Նախագահ Կիւլի, այլև Վարչապետ Տաւութողլուի հետ։ Որպէս Նախագահի՝ իրեն կը պատկանի խորհրդարանը լուծարելու որոշումը և իր այդ խաղաքարտը յատուկ ուժականութեամբ կ՚օժտէ զինք…նաև Տաւութողլուի և իր միւս կուսակիցներուն դէմ։

 Այս բոլորէն կը հետևի մէկ յստակ իրողութիւն։ Թուրքիան կը գտնուի քաղաքական մեծ տագնապի մը ոլորտին մէջ։ Առայժմ ոչ թէժ՝ բայց նաև անգուշակելի և մտահոգիչ՝ Արևմուտքին համար։ Թուրքիոյ կայունութեան խախտումը յղի է ծանր հետևանքներով ամբողջ տարածաշրջանի անկայունութեան վտանգները նկատի առած։ Եւ դժբախտաբար տարածաշրջանը շատ հեռու է այսօր թրքական անկայունութեան հետևանքները կարենալ դիմագրաւելէ։ Հետևաբար անհաւանական չէ, որ Թուրքիոյ վերջին ապաւէնը, որ բանակն է եղած ներկայ հանրապետութեան առաջին օրերէն սկսած, կրկին վերահաստատէ «վերջին պահու փրկարար»ի իր դերակատարութիւնը…Աւելի՛ն. լիովին հաւանական է, որ Էրտողան ի վերջոյ իր գրաւը դնէ այդ մեծ հաշուարկին վրայ։ Այսօր բանակի վերին խաւը Էրտողանի գաղափարակիցներն են այլևս։ Անոնք են, որ կրնան առանց աելևայլի գիծ քաշել թրքական ճատրակի այս նեղացուցիչ խաղին վրայ և կրնան անգամ մը ևս խաղատախտակը շուռ տալ …

 Եւ այս մէկը ի վերջոյ կրնայ Արևմուտքի և Ռուսաստանի վախճանական շահերուն հետ դաշն նկատուիլ և վայելել մեծապետական աշխարհի լուռ աջակցութիւնը։

 Կարօ Արմենեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.