Բացում՝ Սեբաստահայերու նոր հաւաքատեղիի Պոլսոյ մէջ


Սեբաս­տա­հայոց Հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թեան նոր հա­ւաքա­տեղիի հան­դի­սաւոր բա­ցու­մը կա­տարուեցաւ 13 Յու­նիս Շա­բաթ օր։ Փան­կալթի թա­ղի, Թիւրքպէյ փո­ղոցի 40 թիւ շէն­քի մէջ գտնուող նոր հա­ւաքա­տեղին միու­թեան ան­դամնե­րուն հան­գա­նակու­թեամբ առ­նուած էր ան­ցեալ ամիս­նե­րուն։

Սեբաս­տա­հայոց Հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թեան նոր հա­ւաքա­տեղիի հան­դի­սաւոր բա­ցու­մը կա­տարուեցաւ 13 Յու­նիս Շա­բաթ օր։ Փան­կալթի թա­ղի, Թիւրքպէյ փո­ղոցի 40 թիւ շէն­քի մէջ գտնուող նոր հա­ւաքա­տեղին միու­թեան ան­դամնե­րուն հան­գա­նակու­թեամբ առ­նուած էր ան­ցեալ ամիս­նե­րուն։ Սե­բաս­տա­հայոց եւ բա­րեկամ­նե­րու միութեան վար­չութեան ատե­նապետ Սե­պուհ Քո­չաք եւ վար­չութեան միւս ան­դամնե­րը մտե­րիմ մթնո­լոր­տի մը մէջ ող­ջունե­ցին բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը։

Հա­ւաքա­տեղիի բաց­ման առ­թիւ սար­քուեցաւ նաեւ Զա­քարիա Միլ­տա­նօղ­լուի տե­ղադ­րումով լու­սանկար­նե­րու ցու­ցադրու­թիւն մը։ Ինչպէս միու­թեան ատե­նապետ Սե­պուհ Քո­չաք ալ բա­րերար­նե­րուն ուղղեալ իր շնոր­հա­կալու­թեան խօս­քին մէջ պի­տի նշէր, ցու­ցադրուած լու­սանկար­նե­րու կա­րեւոր մէկ մա­սը ապա­հովուած էին միու­թեան երի­տասարդ ան­դամնե­րու ջան­քե­րով։ Վեր­ջա­պէս Զա­քարիա Միլ­տա­նօղ­լու այդ հա­ւաքա­ծոն վե­րածած էր Սե­բաս­տիոյ հա­րիւր տա­րուայ պատ­մութեան վկա­յու­թեան։

Սե­պուհ Քո­չաք նման կազ­մա­կեր­պութիւննե­րուն պոլ­սա­հայ ըն­կե­րային կեան­քի վրայ ու­նե­նալիք դրա­կան ազ­դե­ցու­թիւննե­րուն մատ­նանշած իր ելոյ­թով շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց հան­գա­նակու­թեան գլխա­ւոր բա­րերար­ներ՝ Տիգ­րան Կիւլմէզ­կիլ, Եթ­քին Պէր­պէ­րօղ­լու, Շիշ­լիի քա­ղաքա­պետ Հայ­րի Ինէօնիւ եւ Զա­քարիա Միլ­տա­նօղ­լուին։ Մի­ջոցառ­ման ներ­կայ գտնուեցան Ռա­քէլ Տինք, Հայկ Աս­լա­նեան, Ահ­մէտ Թու­րան Ալ­քան, հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչներ Հիւ­սէ­յին Եըլ­տը­րըմ, Գէորգ Ֆիք­րի Չա­լըշ, Ճէմ Հա­լավուրթ, Մտքի Հար­թա­կի ան­դամնե­րէն Թա­դէոս Պէ­պէք, Հայ­Ճա­րի հիմ­նա­դիրներէն Նազար Պինաթլը եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ։

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.