Հայկական Ֆութպոլ. Մեծ Փոփոխութիւններ` Ալաշկերտի Մէջ


17328770286_6cf43a0f60_b«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2015-2016 տարեշրջանի զտումի մրցումներուն պատրաստուող Ալաշկերտի կազմին մէջ տեղի կ՛ունենան զգալի փոփոխութիւններ, կը յայտնէ ArmSport.am:

Ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը յայտնէ, որ աւարտած են հետեւեալ ֆութպոլիստներուն պայմանագրութիւնները եւ անոնք այսուհետեւ Ալաշկերտի հետ չեն. Նարեկ Դաւթեան, Նարեկ Կէօզալեան, Արման Յովհաննիսեան, Ստեփան Ղազարեան, Տուշան Մլատենովիչ եւ Տարքօ Վուքիչ:

Միւս կողմէ, խումբին կազմը համալրուած է շարք մը ֆութպոլիստներով: Ալաշկերտի հետ պայմանագրութիւն կնքած են հետեւեալ մարզիկները. Խորէն Վերանեան, Արտակ Գրիգորեան, Գէորգ Պօղոսեան, Անդրանիկ Ոսկանեան, Ռաֆայէլ Ղազարեան, Գէորգ Կարապետեան, Գէորգ Գասպարով եւ ուքրանացի Օլեքսանտր Վոլչքով:

Ալաշկերտի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ խումբը կրնայ համալրուիլ երեք այլ օտարական ֆութպոլիստներով եւս:

 

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.