19 Յունիս 1920. Արամ Երկանեան Ահաբեկեց Պաքուի Հայութեան Ջարդարարը՝ Ֆաթալի Խան-Խոյսկին
Յունիս 19-ի այս օրը, 95 տարի առաջ, 1920-ի Մայիսին արդէն խորհրդային հանրապետութիւն հռչակուած Ատրպէյճանի մուսաւաթական առաջին կառավարութեան նախագահը՝ Ֆաթալի Խան Խոյսկին ահաբեկուեցաւ Թիֆլիսի Գոլովինսկի փողոցին (այժմ` Ռուսթավելլի պողոտայ) վրայ։
Ահաբեկիչը Արամ Երկանեան անունով դաշնակցական երիտասարդ մըն էր, որ իր յանդուգն գործողութեամբ առաջին քայլը նետեց թուրքեւազերի հայասպան ջարդարարները արդար դատաստանի եւ մահապատիժի արժանացնելու Հ.Յ.Դ. 9-րդ Ընդհանուր Ժողովի որոշած «Նեմեսիս» ծրագրի գործադրութեան ուղղութեամբ։
Խան-Խոյսկի կը հանդիսանար, Ատրպէյճանի մուսաւաթական կառավարութեան ներքին գործոց նախարար Ջիվանշիրի հետ, գլխաւոր պատասխանատուն իթթիհատական թուրքերու հիմնադրած Ատրպէյճան պետութեան տարածքին հայութիւնը կոտորելու եւ տեղահան դարձնելու ցեղասպանական ծրագրի մշակումին ու գործադրութեան։
1918-ի առաջին ամիսներուն, օգտուելով ռուսական զօրքերը ռազմաճակատներէն տուն կանչող Լենինի քայլէն, որ փաստօրէն անպաշտպան ձգեց ռուսեւթուրք սահմանն ու Ցեղասպանութենէն մազապուրծ հայութիւնը, իթթիհատական Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը, Առաջին Աշխարհամարտը կորսնցնելու պահուն, նորովի գրոհի ձեռնարկեց Անդրկովկասի ուղղութեամբ։
Վերագրաւելով Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրեալ տարածքները` թրքական զօրքերը արշաւեցին Այսրկովկաս: Թրքական 3րդ եւ 4րդ զօրախումբերու` 1918 թ. Մայիսին Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսաի ճակատամարտերուն կրած պարտութենէն յետոյ, թրքական երկրորդ զօրախումբը Ջաջուռ-Համամլու-Ղարաքիլիսա-Դիլիջան-Ղազախ-Ելիզավետպոլ գիծով արշաւեց դէպի Պաքու:
Թուրքերու Պաքու մուտքը մեծ օժանդակութիւն ստացաւ Գանձակի մէջ գտնուող Ատրպէյճանական Դեմոկրատական Հանրապետութեան մուսաւաթական նորաստեղծ կառավարութեան (նախագահը` Մ. Ֆաթալի Խան-Խոյսկի) կողմէ: Թուրք-մուսաւաթական համագործակցութիւնն աւելի ակնառու դարձաւ, երբ 1918-ի Մայիսի 27ին Մոսուլէն Գանձակ ժամանեց Կովկասեան թրքական բանակի գլխաւոր հրամանատար զօրավար Նուրի փաշան:
Մայիս 1918ի վերջերուն Պաքուի ճակատին վրայ գտնուող թրքական ուժերուն ընդհանուր թուաքանակը արդէն հասած էր 18-20 հազարի եւ օրէ օր կ’աւելնար։ Գանձակ գտնուող Ատրպէյճանի կառավարութեան ու Մուսաւաթ կուսակցութեան գործիչներու գաղտնի խորհրդակցութեան ժամանակ, մշակուեցան Նուխիի, Արէշի, կէօքչայի, Շամախի եւ Պաքուի գաւառներու հայութեան կոտորածներու ծրագիրը:
Այս առումով ուշագրաւ է, կոտորածներէն առաջ, Նուխիի, Շամախի եւ Պաքուի քաղաքապետներուն ուղղուած Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարար Բէյբուդ Խան-Ջիվանշիրի գաղտնի հրամանը, որ կը հրահանգէր.- «Անհրաժեշտ է ոչնչացնել հայերը, անոնց դիակներու վրայէն անցնելով մեր նպատակներուն հասնելու համար: Մի՛ խնայէք ոչ ոքի եւ հաւատարմօրէն կատարեցէք ձեզի տրուած հրահանգները»։
Այդ օրերուն Պաքուի հայութեան մղած հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը (Լենինի գործակից Ստեփան Շահումեանի եւ Հ.Յ.Դ. հիմնադիր Ռոստոմի միացեալ ղեկավարութեամբ) առանձին անդրադարձի նիւթ է։ Այսօրուան յուշատետրը կը կեդրոնանայ այդ օրհասական կռիւներու ընթացքին եւ յատկապէս թրքական զօրքերու Պաքու մուտքէն ետք հայ ժողովուրդին դէմ մոլեգնած ցեղասպանական ոճիրներուն վրայ, որոնց գլխաւոր պատասխանատուներէն էր Խան-Խոյսկին եւ այդ պատճառով ալ, 1920-ի Յունիս 19-ին, Արամ Երկանեանի ձեռամբ ստացաւ իր արդար պատիժը։
Այդ օր, ինչպէս որ արխիւները կը հաստատեն, «Թիֆլիսի Գոլովինսկու փողոցում անշուք արտաքինով բակապանի վրայ ոչ ոք ուշադրութիւն չդարձրեց: Ծուլօրէն յօրանջող բակապանը յանկարծ կերպարանափոխուեց, երբ երեւաց Խան-Խոյսկին` իր ղոչիներով: Մի պահ միայն թուրք դահիճը տեսաւ ահեղ վրիժառուին ու այլեւս… ոչինչ չտեսաւ: Պայթեց Արամի մաուզերը եւ հայակեր դահիճը ընկաւ ջախջախուած գանկով: Եւս երկու կրակոց, ու էլի երկու ղոչիներ հետեւեցին իրենց առաջնորդի օրինակին: Արամը ինքն էլ վիրաւորուեց, սակայն կարողացաւ խուսափել հետապնդումից` ապացուցելով, որ որքան քաջ, նոյնքան էլ հնարամիտ է»։
Ահա՛ ամփոփ ու խիտ նկարագրականը 19 Յունիս 1920-ի ահաբեկչական հատու գործողութեան, որ առաջին ազդանշաններէն մէկը պիտի դառնար 1915ի Հայասպանական մեծ Ոճիրով սկսած Հայկական Արհաւիրքի թուրք եւ թաթար պատասխանատուներու արդարահատոյց Նեմեսիս գործողութեան։
Աւելի քան ինը տասնամեակ անցած է Հայաստանի եւ հայութեան համար պատմական տարողութեամբ բախտորոշ վերիվայրումներու այդ ժամանակաշրջանէն ասդին։ Հայասպանութեան արհաւիրքին, ՄԱՅԻՍ 28-ի հրաշափառ յարութեան եւ Լենինի ու Քեմալի ձեռամբ Ազատ ու Անկախ Հայաստանի կործանման զուգահեռ, հայ ժողովուրդը պատմութեան էջերուն արձանագրեց Հայկական Նեմեսիսի մէջք շտկող եւ ազգային ինքնավստահութիւն կոփող էջը, որուն առաջին ազդանշանը եղաւ 19 Յունիս 1920-ին Պաքուի հայասպան Խան-Խոյսկիի ահաբեկումը՝ Արամ Երկանեանի ձեռամբ։՚՚
Նազարէթ Պէրպէրեան