2018-ի Մոնտիալ. Վիճակահանութենէն Առաջ Հայաստան Յայտնուեցաւ 5-րդ Զամբիւղին Մէջ
25 յուլիսին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի ցամաքամասին 2018-ի Մոնտիալին վիճակաձգութիւնը:
Եւրոպայի զտումի մրցումներուն պիտի մասնակցին 54 խումբերէն 52-ը: Ճիպրալթար ցարդ ՖԻՖԱ-ի անդամ չէ, մինչ Ռուսիա, որ հիւրընկալ երկիրն է, զտումի մրցումներուն պիտի չմասնակցի:
9 յուլիսին, երբ ՖԻՖԱ-ին կողմէ հրապարակուի աշխարհի նոր դասաւորումը, անոր հիման վրայ պիտի կատարուի վիճակաձգութիւնը (25 յուլիսին):
Այդ 52 խումբերը բաժնուեցան 6 զամբիւղի, իւրաքանչիւրը` 9 խումբ, բացի 6-րդ զամբիւղէն, որ կը պարունակէ 7 խումբ:
Այդ 9 խմբակներուն պարագլուխի դիրքը գրաւող խումբերը կ՛ապահովեն Մոնտիալի իրենց տոմսերը, մինչ մնացեալ ութ լաւագոյն երկրորդ դիրքը գրաւողները կը մասնակցին փլէյ-օֆի մրցումներուն` չորս տոմսի համար:
Այդ 13-ին կը միանայ Ռուսիա` իբրեւ հիւրընկալ երկիր եւ Եւրոպայի ցամաքամասին թիւը կ՛ամբողջանայ 14-ի:
Ափրիկէ ունի 5 խումբ, Հարաւային Ամերիկա` 4, Ասիա` 4, Հիւսիսային Ամերիկա («ՔՈՆՔԱՔԱՖ») 3: Անոնց կը միանան 2 այլ խումբեր` հետեւեալ ձեւով. Հարաւային Ամերիկայի 5-րդ դիրք գրաւող-ասիական խումբի մը մրցումին յաղթականը եւ Հիւսիսային Ամերիկայի 4-րդ դիրքը գրաւող – Ովկիանիոյ ախոյեանին միջեւ տեղի ունենալիք մրցումին յաղթականը:
Ինչ կը վերաբերի այդ 52 խումբերուն գրաւած զամբիւղներուն, նախքան վիճակաձգութիւնը, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը մաս կազմեց 5-րդ զամբիւղին:
Ստորեւ` այդ 6 զամբիւղներուն վիճակաձգութիւնը (նշենք, որ զտումի մրցումները տեղի պիտի ունենան սեպտեմբեր 2016 – նոյեմբեր 2017 ժամանակամիջոցին).
Ա. ԶԱՄԲԻՒՂ.
Գերմանիա, Պելճիքա, Հոլանտա, Փորթուգալ, Ռումանիա, Անգլիա, Կալես, Սպանիա եւ Խրուաթիա:
Բ. ԶԱՄԲԻՒՂ.
Աւստրիա, Սլովաքիա, Իտալիա, Զուիցերիա, Չեխիա, Ֆրանսա, Իսլանտա, Դանիա եւ Պոսնիա:
Գ. ԶԱՄԲԻՒՂ.
Ուքրանիա, Սկովտիա, Լեհաստան, Հունգարիա, Շուէտ, Ալպանիա, Հիւսիսային Իրլանտա, Սերպիա եւ Յունաստան:
Դ. ԶԱՄԲԻՒՂ.
Թուրքիա, Սլովենիա, Իսրայէլ, Իրլանտա, Նորվեկիա, Պուլկարիա, Ֆարօ կղզիներ, Մոնթենեկրօ եւ Էսթոնիա:
Ե. ԶԱՄԲԻՒՂ.
Կիպրոս, Լաթվիա, ՀԱՅԱՍՏԱՆ, Ֆինլանտա, Պիելոռուսիա, Մակեդոնիա, Ազրպէյճան, Լիթուանիա եւ Մոլտովա:
Զ. ԶԱՄԲԻՒՂ.
Ղազախստան, Լիւքսամպուրկ, Լիխթնշթայն, Վրաստան, Մալթա, Սան Մարինօ եւ Անտորրա: