18 Յունիս 1987. «Հայկական Հարցին քաղաքական լուծում մը» գտնելու Եւրոխորհրդարանի առաջին քայլը
Յունիս 18ի այս օրը, 28 տարի առաջ, Եւրոպական Խորհրդարանը կայացուց իր տեսակին մէջ աննախադէպ՝ պատմաքաղաքական կարեւոր նշանակութեամբ որոշում մը Հայկական Հարցին վերաբերեալ։
18 Յունիս 1987ի իր նիստին, լայն մեծամասնութեամբ, Եւրոպական Խորհրդարանը որդեգրեց որոշումի բանաձեւ մը, որ հանրածանօթ դարձաւ «Հայկական Հարցին քաղաքական լուծում մը» անունով։
Բանաձեւը օրակարգի վրայ բերուած էր Եւրոխորհըրդարանի Ընկերվարական Խմբաւորման ներկայացուցիչներուն կողմէ՝ Հանրի Սապիի գլխաւորութեամբ։ «Հայկական Հարցին քաղաքական լուծում մը» գտնելու առաջադրանքով ներկայացուած այդ բանաձեւը աւելիով ուժ ստացաւ, երբ Եւրոխորհրդարանի յունական պատուիրակութեան անդամ Քոլոքոթրոնիս լրացուցիչ առաջարկութիւն մը ներկայացուց՝ Ապրիլ 24ը իբրեւ Հայկական Հարցի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան օր ճանչնալու անհրաժեշտութեան մասին։
Եւրոխորհրդարանի հաստատած որոշումի բանաձեւը ունի իրաւական ծաւալուն տարազում մը, որուն հետեւեալ կէտերը կը խտացնեն Հայկական Հարցին վերաբերեալ եւրոպական պետութեանց ու հանրային կարծիքին մօտ օրին տիրող ընդհանուր մօտեցումը.
«- Համոզուած ըլլալով, որ Թուրքիոյ մէջ բնակող հայ ժողովուրդին պատմութեան ճանաչումը ինքնին կ’ենթադրէ անոր ինքնութեան ճանաչումը իբրեւ ազգային, մշակութային, լեզուական և կրօնական փոքրամասնութիւն,
«- Նկատի ունենալով, որ հայերը այդ իրադարձութիւնները (1915ի ջարդերը) կ’որակեն իբրեւ կազմակերպուած ցեղասպանութիւն` համաձայն Մ.Ա.Կ.ի 1948 թուականի Ցեղասպանութեան մասին Ուխտագրին,
«- Նկատի ունենալով, որ թրքական պետութիւնը կը մերժԷ ցեղասպանութեան մեղադրանքը իբրեւ անհիմն,
«- Հաստատելով, որ թրքական կառավարութիւնը, մերժելով մինչեւ օրս ճանչնալ 1915 թուականի ցեղասպանութիւնը, այդպիսով կը շարունակԷ զրկել հայ ժողովուրդին իր սեփական պատմութեան իրաւունքէն,
«- Նկատի ունենալով, որ պատմականօրէն ապացուցուած հայկական ցեղասպանութիւնը մինչեւ այժմ ո՛չ ենթարկուած Է քաղաքական դատապարտումի, ո՛չ ալ ստացած Է համապատասխան հատուցում,
«- Նկատի ունենալով, որ Թուրքիոյ կողմէ հայկական ցեղասպանութեան ճանաչումը այսուհետեւ կը դիտուի որպէս հայերու նկատմամբ բարոյական իրաւունքի վերականգնման խորապէս մարդկային քայլ, որ միայն պատիւ կրնայ բերել թրքական կառավարութեան,
«- Խորապէս ափսոսանք յայտնելով եւ դատապարտելով 1973էն 1986 թուականներու ընթացքին հայկական խմբաւորումներու անիմաստ ահաբեկչութիւնը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ մահափորձերը, որոնց հետեւանքով զոհուեցան կամ վիրաւորուեցան բազմաթիւ անմեղ մարդիկ, ինչ որ դատապարտուեցաւ հայ ժողովուրդի ճնշող մեծամասնութեան կողմէ,
«- Նկատի ունենալով, որ բոլոր իրերայաջորդ թրքական կառավարութիւններու անհաշտ դիրքորոշումը Հայկական Հարցին նկատմամբ որեւէ կերպով չէ նպաստած լարուածութեան թուլացման,
«1. Յայտնելով այն կարծիքը, որ Հայկական Հարցը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու հարցը պէտք Է քննարկուին Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Տնտեսական Համագործակցութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութեանց շրջագիծին մէջ՝ կ’ընդգծԷ, որ ժողովրդավարութիւնը երկրի մը մէջ կրնայ արմատապէս հաստատուիլ միայն այն պայմանով, երբ այդ երկիրը ճանչնայ եւ հարստացնէ իր պատմութիւնը՝ իր ազգային եւ մշակութային այլազանութեամբ:
«2. Կը գտնԷ, թէ ողբերգական իրադարձութիւնները, որոնք տեղի ունեցան 1915-1917 թուականներուն Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին հայերու նկատմամբ, կը հանդիսանան ցեղասպանութիւն՝ համաձայն «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին» Ուխտագրին, ընդունուած Մ.Ա.Կ.ի Գլխաւոր Համաժողովին կողմէ 1948ի Դեկտեմբեր 9ին:
«Կը նշԷ, միաժամանակ, որ ժամանակակից Թուրքիան պատասխանատու չի կրնար համարուիլ Օսմանեան Կայսրութեան հայ բնակչութեան ողբերգութեան համար եւ ամենայն հաստատակամութեամբ կ’ընդգծէ, որ պատմական այդ իրադարձութեանց ճանաչումը իբրեւ ցեղասպանութեան` առիթ չի կրնար հանդիսանալ քաղաքական, իրաւական կամ նիւթական որեւէ պահանջի այսօրուան Թուրքիոյ նկատմամբ:
«3. Կը պահանջէ (Եւրոպական) Խորհուրդէն ճնշում գործադրել այսօրուան թրքական կառավարութեան վրայ, որպէսզի վերջինս ճանչնայ 1915-1917 թուականներուն հայերու հանդէպ կազմակերպուած ցեղասպանութիւնը եւ այդպիսով նպաստէ քաղաքական երկխօսութեան հաստատման՝ Թուրքիոյ եւ հայերու լիազօր պատուիրակներուն միջեւ:
«4. Մեկնելով անկէ, որ հայ ժողովուրդին դէմ անցեալին Երիտթուրք կառավարութեան գործադրած ցեղասպանութեան մերժումը այժմու թրքական կառավարութեան կողմէ, Յունաստանի հետ գոյութիւն ունեցող վիճելի հարցերուն մէջ միջազգային իրաւական նորմերու կիրառումէն հրաժարումը, Կիպրոսի մէջ թրքական գրաւման զօրքերու պահպանումը, ինչպէս նաեւ քրտական իրադարձութիւնների ժխտումը, այդ երկրին մէջ (Թուրքիա) իսկական խորհրդարանական ժողովրդավարութեան բացակայութիւնը, անհատական, հասարակական ու յատկապէս կրօնական ազատութիւններու ոտնահարումը՝ այս ամէնը կը հանդիսանան անյաղթահարելի արգելքներ Եւրոպական Տնտեսական Համագործակցութեան կազմին մէջ Թուրքիոյ հնարաւոր ընդունման հարցի քննարկման համար»…:
Բանաձեւը բազում այլ կէտեր եւս կը պարունակէ, բայց այսքանն իսկ բաւարար է հաստատելու համար, որ իր տեսակին մէջ քաղաքական կարեւոր քայլ մը նետուեցաւ այդ ժամանակ տակաւին Արեւմտեան Եւրոպայի կողմէ՝ ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու դատապարտման ճակատին վրայ, այլեւ՝ Թուրքիան եւս միեւնոյն կեցուածքին մղելու բարոյական պարտաւորութեան ճնշումի առումով։
Անշուշտ հայերուս սեւ աչքերուն համար չորդեգրուեցաւ այդ բանաձեւը։
Հայ Դատի ուժական պայքարին գլխաւոր նուաճումը հանդիսացաւ միջազգային հանրութեան՝ այս պարագային Արեւմտեան Եւրոպայի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման հետամուտ այդ քայլը։
Նոյնպէս անտեսումի պէտք չէ մատնուի բանաձեւին պարունակած հայ ժողովուրդի հաշւոյն անընդունելի այն բացայայտ պայմանը, որ այսօրուան Թուրքիան պէտք չէ պատասխանատու համարուի եւ որեւէ պահանջի առջեւ դրուի՝ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ Երիտթուրք կառավարութեան գործած ոճիրներուն համար։
Բայց միաժամանակ կարեւորութեամբ պէտք է ընդգծել, որ Երոպական Միութեան անդամակցելու համար, Թուրքիան պարտաւորութեան տակ դրուեցաւ ճանչնալու եւ դատապարտելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Այս վերջին պայմանը շուտով մոռացութեան տրուեցաւ Եւրոխորհրդարանին կողմէ՝ Թուրքիոյ անդամակցութեան համար հետագային իր ճշդած պայմաններու ցուցակէն…
Բայց իր այս հակասութիւններով ու սահմանափակումներով հանդերձ՝ 18 Յունիս 1987ի Եւրոխորհրդարանի որդեգրած որոշումի բանաձեւը ճամբան բացաւ Հայկական Հարցին քաղաքական լուծում մը գտնելու միջազգային ընտանիքի պարտաւորութեան առջեւ։
Կը մնայ, որ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք իր դիրքերը աւելիով ամրապնդած իրաւատէր հայութիւնը հետեւողականօրէն պահանջատէր կանգնի թէ՛ Եւրոխորհրդարանի բանաձեւին աւելի արդարադատ տարազումին, թէ՛ անոր լիարժէք գործադրութեան, ի խնդիր պատմական արդարութեան ամբողջական վերականգնումին։
Մեծ Եղեռնի 100ամեակին, մտաբերելով 18 Յունիս 1987ի Եւրոպական Խորհրդարանի այս բանաձեւը, Երեւանէն մինչեւ Սփիւռքի հեռաւոր ափերը կը վերանորոգենք հաւաքական մեր վճռակամութիւնը՝ միասնաբար բոլորին յիշեցնելու, թէ հայ ժողովուրդը թրքական պետութենէն կը պահանջէ ոչ միայն ընդունիլ եւ դատապարտել իր նախորդներուն գործադրած ահաւոր ցեղասպանութիւնը, այլեւ քաղաքական, հողային, մշակութային եւ մարդկային արդար ու ամբողջական հատուցում կատարել։
18 Յունիս 1987ի Եւրոպական Խորհրդարանի բանաձեւով՝ Հայ Դատի պայքարը աւարտեց Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման փուլը եւ թեւակոխեց հատուցման վերջնական փուլը։
Ն.