Հնչակեան կուսակցութիւնը Իսթանպուլի քաղաքապետէն կը պահանջէ կախաղան հանուած 20 նահատակներու աճիւնները


ՍԴ Հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը Հնչակեան 20 կախաղաններու 100-րդ տարելիցի առիթով հետեւեալ պահանջագիրը  ուղարկած է Սթամպուլի քաղաքապետին:

Պահանջագիրին մէջ կ’ըսուի.

«Պարոն քաղաքապետ 1915 թուականի Յունիս 15-ին Պոլսոյ Սուլթան Պայազետ հրապարակին վրայ կախաղան հանուեցան 20 հայ յեղափոխական, որոնք Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան ղեկավարներն ու պատասխանատու անդամներն էին: Անոնք էին` Մաթեւոս Սարգսեան, Յակոբ Պասմաճեան, Գաբրիէլ Քեշիշեան, Սմբատ Գլըճեան, Ռուբէն Կարապետեան, Պետրոս Թորոսեան, Արմենակ Համբարձումեան, Աբրահամ Մուրատեան, Արամ Աչըգպաշեան, Հրանդ Եկաւեան, Գարեգին Պօղոսեան, Պօղոս Պօղոսեան, Մուրադ Զաքարեան, Թովմաս Թովմասեան, Երեմիա Մանանդեան, Մկրտիչ Երէցեան, Գեղամ Վանիկեան, Երուանդ Թօփուզեան, Յովհաննէս Տէր-Եղիազարեան, Գառնիկ Պոյաճեան, որոնք միաժամանակ թաղուած են Էտիրնէ Կապուի հայոց գերեզմանատան մէջ:

Մենք` Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս, կը ցանկանք վերցնել մեր ղեկավար ընկերներու աճիւնները եւ տեղափոխել Թուրքիայէն  դուրս: Հետեւաբար, կը պահանջենք, որ մեզի տեղեկացնէք այդ գործի օրինական ճանապարհները»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.