Հալէպի Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Միջնակարգի Ամավերջի Փառաշուք Հնադէսը


Կի­րա­կի, 14 Յու­նիս 2015-ին, կէ­սօր­ուան ժա­մը 12:30-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ Քա­րէն Եփ­փէ Ազ­գա­յին ճե­մա­րա­նի 2014-2015 տա­րեշր­ջա­նի միջ­նա­կար­գի ամա­վեր­ջի հան­դէ­սը, ուր հա­լէ­պա­հա­յու­թեան ըն­ծայ­ուե­ցաւ ինն­սուն շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րու հունձք մը, որ միջ­նա­կար­գի ու­սու­մը աւար­տե­լով, ար­ժա­նա­ցաւ հայ­կա­կան վկա­յա­կա­նի, պսակուելով «Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ամ­եա­կի սե­րունդ»: Այս մասին «Գանձասար»-ին կը գրէ Մարիա Սարգիսեանը:

Հան­դէ­սը կը վա­յե­լէր Թե­միս Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Շա­հան Ս. Արք. Սար­գիս­եա­նին հո­վա­նա­ւո­րու­թիւնը: Ներ­կայ էին նա­եւ պատ­կա­ռե­լի Ազգ. Վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ճե­մա­րա­նի խնա­մա­կա­լու­թիւնը, տնօ­րէ­նու­թիւնն ու ազ­գա­յին – միու­թե­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուպա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը:

Հան­դի­սու­թեան բա­ցու­մը կա­տար­ուե­ցաւ Սուր­իոյ եւ Հա­յաս­տա­նի զոյգ քայ­լերգ­նե­րով, եր­գե­ցո­ղութ­եամբ միջ­նա­կար­գի աշա­կեր­տա­կան երգ­չա­խում­բին, գե­ղար­ուես­տա­կան ղե­կա­վա­րու­թեամբ Գայ­ի­ա­նէ Սի­մոն­եան-Տէր­եա­նի, դաշ­նա­մու­րի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ շր­ջա­նա­ւարտ­ներ` Մայք Ան­թօնիօ Պոն­ճա­յի եւ Ռաֆ­ֆի Պալ­եա­նի:

Հա­յե­րէն բաց­ման խօս­քով հան­դէս եկաւ շր­ջա­նա­ւարտ Յա­կոբ Սա­սուն­եան, որ ըսաւ. «Մենքտա­րագրը­ւած ժո­ղո­վուր­դի մը զա­ւակ­ներն ենք, որ ի գին ամէն դժ­ուա­րու­թեան կր­ցած է պա­հելիր հա­րուստ մշա­կոյթն ու մայ­րե­նի քաղցր լե­զուն»:

Շր­ջա­նա­ւարտ Սար­գիս Պա­լա­պան­եան իր արա­բե­րէն բաց­ման խօս­քին մէջ նշեց. «Մեծ ու­րա­խու­թիւն է ին­ծի հա­մար շր­ջա­նա­ւար­տու­թեան այս յի­շար­ժան պա­հուն խօսք ար­տա­սա­նել, քաջգիտ­նա­լով, որ իւ­րա­քան­չիւրս իր լա­ւա­գոյ­նը ըն­ծա­յա­բե­րեց կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու միջ­նա­կար­գի ու­սում­նա­կան ծրա­գի­րը»:

 

 

Ապա աշա­կեր­տա­կան երգ­չա­խում­բը ելոյթ ու­նե­ցաւ յա­ջոր­դա­բար ներ­կա­յաց­նե­լով «Սուր­իաՍուր­իա», «Ալ Հաք­քու Սի­լա­հի Ուա Ու­քաուէմ», «Իմ Հայ­րե­նիք» եւ «Հա­յոց Բա­նակ» եր­գե­րը:

Յայ­տա­գի­րի յա­ջորդ բա­ժի­նով խումբ մը շր­ջա­նա­ւարտ-շր­ջա­նա­ւար­տու­հի­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցին արա­բե­րէն աս­մունք «Ալ Շու­հա­տա» խո­րա­գի­րով:

Օր­ուան արա­բե­րէն ու­ղեր­ձը ներ­կա­յա­ցուց Վա­նա Եա­գուպ­եան ըսե­լով. «Մենք, որ­պէս ու­սում­նա­տենչ հա­յոր­դի­ներ, եկած ենք հաս­տա­տե­լու, որ Ք.Ե.Ա. ճե­մա­րա­նը եղաւ այն լու­սա­շողփա­րո­սը, որ լու­սա­ւո­րեց մեր ճա­նա­պար­հը: Արդ, կը խոս­տա­նանք դառ­նալ ջա­հա­կիր­նե­րըսի­րե­լի ճե­մա­րա­նին, անոր վար­կը բարձր պա­հել եւ հաս­տա­տա­կամ ըն­թա­նալ դէ­պի աղ­բիւ­րըլոյ­սին»:

Ճե­մա­րա­նի պե­տա­կան տնօ­րէ­նու­հի Աի­շա Գա­պա­լան շնոր­հա­ւո­րե­լով ներ­կայ շր­ջա­նաւ­րատ­ներն ու անոնց ծնող­նե­րը իր սր­տի խօս­քը փո­խան­ցեց ըսե­լով. «Դուք մեր յոյսն էք ու ապա­գան: Ինչ­պէս որ ջարդը­ւած ու տե­ղա­հան­ուած ձեր պա­պե­րը դի­մա­կա­լե­ցին ամէն դժ­ուա­րու­թիւն ու պատ­ուա­բեր սե­րունդ­ներ կեր­տե­ցին, նոյն­պէս կը վկա­յեմ, որ դուք եւս ան­կոտ­րում կամ­քով եւ վըճ­ռա­կան քայ­լե­րով պի­տի շա­րու­նա­կէք անոնց կտա­կը, դառ­նա­լով բժիշկ­ներ, երկ­րա­չափ­ներ եւ երե­ւե­լի անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ»:

Յայ­տա­գի­րի վեր­ջին բա­ժի­նով խումբ մը խոստմ­նա­լից շր­ջա­նա­ւարտ-շր­ջա­նա­ւար­տու­հի­ներ մեկ­նա­բա­նե­ցին Սի­ա­ման­թո­յի գո­հար­նե­րէն «Հայ դաշ­տե­րու պա­ղա­տան­քը» քերթ­ուա­ծը:

Շր­ջա­նա­ւարտ Մար­լա Պա­հար­եան ար­տա­սա­նեց հա­յե­րէն ու­ղեր­ձը, ուր հան­գա­մա­նօ­րէններ­կա­յա­ցուց իր սե­րուն­դի պատ­գա­մը ըսե­լով. «Ահա­ւա­սիկ կը փա­կենք ու­սում­նա­կան շր­ջանմը, որ լի էր բա­զում խո­չըն­դոտ­նե­րով, սա­կայն ուս­ման տեն­չը թոյլ չտ­ուաւ, որ ընկր­կինք: Երախ­տա­գի­տա­կան խօս­քեր ճե­մա­րա­նի զոյգ տնօ­րէն­նե­րուն եւ ու­սուց­չա­կազ­մին, որոնք ամէ­նօր­եայ հե­տապն­դու­մով քայլ առ քայլ հս­կե­ցին մեր ու­սում­նա­կան վի­ճա­կի բա­րե­լաւ­ման ու կր­թա­կան ծրագ­րի իրա­գործ­ման եւ ջանք չխ­նա­յե­ցին մեզ հասց­նե­լու լա­ւա­գոյ­նին: Յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն մեր ծնող­նե­րուն, որոնք ամէն տե­սա­կի զո­հո­ղու­թիւն­նե­րով ու զր­կանք­նե­րով մեր մէջվառ պա­հե­ցին ուս­ման սէ­րը: Իսկ դա­սըն­կեր­նե­րուս բա­րի երթ կը մաղ­թեմ»:

Ք.Ե.Ա.ճե­մա­րա­նի տնօ­րէն Յա­կոբ Քի­լէճ­եան խրա­խու­սիչ իր պատ­գա­մը փո­խան­ցեց ըսե­լով. «Այս տա­րեշր­ջա­նը եւս յատ­կանշ­ուե­ցաւ տըն­տե­սա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ ըն­կե­րա­յին ճգ­նա­ժա­մով, որ իր բա­ցա­սա­կան ազ­դե­ցու­թիւնը ու­նե­ցաւ կր­թա­կան գոր­ծըն­թա­ցին վրայ, սա­կայն ճե­մա­րա­նա­կան­նե­րը իրենց ժրա­ջան աշ­խա­տան­քով հաս­տա­տե­ցին, որ իրենք չեն վհա­տիր»: Ապա տնօ­րէ­նը ներ­կա­նե­րուն փո­խան­ցեց 2014-2015 տա­րեշր­ջա­նի Ք.Ե.Ա. ճե­մա­րա­նի գոր­ծու­նէ­ու­թեան ամ­փոփ տե­ղե­կա­գի­րը:

 

 

Օր­ուան հան­դի­սա­վար Հու­րի­նա Պէր­պէր­եան-Վեր­տան­եան բեմ հրա­ւի­րեց Ք.Ե.Ա.Ճ.-ի Շր­ջա­նա­ւար­տից Միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Շա­հէ Ար­թին­եան, պար­գե­ւատ­րե­լու միջ­նա­կար­գի առաջ­նա­կարգ հե­տեւ­եալ աշա­կերտ-աշա­կեր­տու­հի­նե­րը.

Եօթ­նե­րորդ կարգ.- Բար­տի Խալ­պուրճ­եան, Նա­յի­րի Արա­պաթըլ­եան, Սե­դա Չա­միչ­եան:

Ու­թե­րորդ կարգ.- Մէյ­րի Տր­մաշ, Յա­կոբ Տէ­օք­մէճ­եան, Մա­րալ Ղա­զար­եան:

Աւար­տին, շր­ջա­նա­ւարտ­ներ Ժէ­նի Նա­ճար­եա­նի եւ Յա­կոբ Արս­լան­եա­նի դաշ­նա­մու­րա­յին գե­ղե­ցիկ նուա­գակ­ցու­թեամբ եւ նոյ­նինքն շըր­ջա­նա­ւարտ­նե­րու լօ­զունք­նե­րով բեմ հրա­ւիր­ուե­ցան 90 հա­յոր­դի­ներ, որոնք Թե­միս Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Շա­հան Ս. Արք. Սար­գիս­եա­նի ձե­ռամբ ստա­ցան իրենց վկա­յա­գիր­ներն ու հա­յե­րէն լեզ­ուի գնա­հա­տա­գիր­նե­րը:

Հուսկ, սր­բա­զան հայ­րը շնոր­հա­ւո­րա­կան բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լէ ետք իր հայ­րա­կան օրհ­նու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցեց ըսե­լով. «Մեր բո­լո­րին սր­տե­րը հպար­տու­թեամբ լեց­ուե­ցան, երբ 100ամ­եա­կի այս սե­րուն­դը իր ըն­կա­լա­ծը` մի­ա­շունչ, մի­ան­ուագ եւ մի­աս­նա­կամ ոգի­ով լա­ւա­գոյն կեր­պով ներ­կա­յա­ցուց, ապա­ցու­ցե­լով իր սէրն ու յար­գան­քը Ճե­մա­րա­նին նկատ­մամբ եւ իր լոյ­սի ճա­ռա­գայ­թու­մով ար­ժա­նա­ցաւ սոյն վկա­յա­գի­րին: Ազ­գեր կան, որոնք երա­զի ու հա­ւատ­քի կող­քին աշ­խա­տան­քով կ՛ապ­րին: Խօս­քը կը վե­րա­բե­րի մեր հա­լէ­պաբ­նակ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն, ազ­գա­յին պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն ու բա­րե­րար­նե­րուն, որոնք դպ­րոց պա­հե­լով ազ­գա­յին առա­քե­լու­թեան կը ծա­ռա­յեն: Պա­տի՛ւ ճե­մա­րա­նին, որ սփիւռք­եան զա­նա­զան գաղ­թօ­ճախ­նե­րուն հա­մար կը պատ­րաս­տէ գլ­խա­գիր ՄԱՐ­ԴԸ, որ ամէն օր ճե­մա­րա­նով կ՛ապ­րի ու կը սա­տա­րէ անոր բար­գա­ւաճ­ման ու վե­րել­քին»:

Հան­դի­սու­թիւնը փակ­ուե­ցաւ Ք.Ե.Ա. ճե­մա­րա­նի քայ­լեր­գով եւ սր­բա­զան հօր «Պահ­պա­նիչ»ով:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.