17 Յունիսին, 1971ին Պարոյր Սեւակը հեռացուցին մեր կեանքէն. Սեւակով կը լուսաւորենք մեր ուղին


Յու­նիս 17ին հայ մար­դը կ’ող­բայ ան­ժա­մա­նակ կո­րուս­տը ան­զու­գա­կան ­Պա­րոյր ­Սե­ւա­կի։

44 տա­րի ա­ռաջ, ­Յու­նի­սի այս օ­րը, ինք­նա­շար­ժի ճամ­բու ար­կա­ծի մը զոհ գնաց հայ ժո­ղո­վուր­դի հան­ճա­րեղ բա­նաս­տեղծ­նե­րուն վեր­ջին ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը։

Դ­ժո­ւար էր հա­ւա­տալ եւ օ­րին միայն ծա­ռա­յա­միտ­նե­րը ու­զե­ցին հա­ւա­տալ ու հա­ւա­տաց­նել, թէ 17 ­Յու­նիս 1971ին պա­տա­հած եւ ­Պա­րոյր ­Սե­ւա­կի մա­հո­ւան պատ­ճառ դար­ձած ճամ­բու ար­կա­ծը իս­կու­թեան մէջ սոսկ այդ­պի­սին էր՝ սո­վո­րա­կան ճամ­բու ար­կած մըն էր։

Խորհր­դա­յին ամ­բող­ջա­տի­րու­թեան դա­րաշր­ջանն էր եւ որ­քան ալ հայ մար­դիկ թե­րա­հա­ւա­տու­թեամբ եւ վե­րա­պա­հու­թեամբ ըն­կա­լե­ցին, թէ ե­ղա­ծը սոսկ ճամ­բու ար­կած մըն էր, այ­դու­հան­դերձ՝ ­Խորհր­դա­յին Միու­թեան եր­կա­թէ վա­րա­գոյ­րին այս կամ այն կող­մը պաշ­տօ­նա­պէս պար­տադ­րո­ւե­ցաւ պե­տա­կան բա­ցատ­րու­թիւ­նը ­Սե­ւա­կի մա­հը ար­կա­ծի հե­տե­ւանք նկատե­լու մեկ­նա­բա­նու­թեան մա­սին։

Բայց կա­րե­լի է՞ր ըն­դու­նիլ, որ ­Սե­ւակ զոհ գնաց ճամ­բու ար­կա­ծի…

Ո՛չ. ո՛չ եւ միշտ ո՛չ։

Պար­զա­պէս ­Սե­ւա­կը բրտօ­րէն պո­կե­ցին, խլե­ցին եւ հե­ռա­ցու­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դէն եւ ­Հա­յաս­տա­նէն։

Ա­յո՛, ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը այդ­պէ՛ս յան­կար­ծա­կի, չա­րա­բաս­տիկ օր մը, առ­յա­ւէտ կորսն­ցու­ցին ի­րենց բազ­մա­դա­րեան ձայ­նե­րուն, գոյ­նե­րուն եւ խո­հե­րուն՝ ­Հայ ­Հո­գիի եւ ­Հայ­կեան ­Հան­ճա­րի ա­մէ­նէն վա­ւե­րա­կան էա­տար­րե­րուն կեն­սու­րախ մարմ­նա­ւո­րու­մը, որ դեռ յի­սուն տա­րե­կան չէր ե­ղած եւ այն­քա՜ն ճա­ռա­գայ­թող հա­սու­նաց­ման տա­րեր­քին մէջ կը գտնո­ւէր։

Վա­ղա­ժամ լռու­թեան դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ հայ գրա­կա­նու­թեան մե­ծա­գոյն ձայ­նա­ւոր­նե­րուն վեր­ջին ան­մա­հը, որ իր կեն­դա­նու­թեան ար­դէն նո­ւա­ճած էր ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան «անլ­ռե­լի զան­գա­կա­տուն»ը շնչա­ւո­րե­լու յա­ւեր­ժա­կան բար­ձուն­քը։

Ե­թէ ար­դա­րա­դատ ենք, ա­պա ան­պայ­ման պէտք է խոս­տո­վա­նինք ու ըն­դու­նինք, որ ­Սե­ւա­կի բա­նաս­տեղ­ծու­թեամբ, ինչ­պէս եւ ա­նոր ե­ղե­րա­կան մա­հով՝ հայ ժո­ղո­վուրդն ու ­Հա­յաս­տա­նը փա­կե­ցին հա­զա­րա­մեակ­նե­րու մեր պատ­մու­թեան խա­ւա­րա­նիստ փու­լե­րէն մէ­կը, 70ա­մեայ խորհր­դա­յին լու­ծի «դա­րաշր­ջան»ը, որ բիրտ ու­ժով հա­յու­թեան պար­տադ­րեց «սո­վե­տա­կան մարդ»ու եւ «սո­վե­տա­կան հո­գե­կեր­տո­ւածք»ի ծանր բե­ռ մը։

Ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով ­Պա­րոյր ­Ռա­ֆա­յէ­լի ­Ղա­զա­րեան՝ ­Սե­ւակ ծնած էր 26 ­Յու­նո­ւար 1924ին, Ա­րա­րա­տի շրջա­նի ­Չա­նախ­չի (­Սո­վե­տա­շէն) գիւ­ղը, որ այ­սօր «­Զան­գա­կա­տուն» կը կո­չո­ւի, ի յի­շա­տակ ստրկա­միտ լռու­թիւ­նը ճեղ­քած եւ հա­յու էու­թիւ­նը բարձ­րա­ձայն շնչա­ւո­րած մեծ բա­նաս­տեղ­ծին։

Հայ գրա­կա­նու­թեան ան­խոնջ եւ ան­յագ ու­սա­նողն ու վեր­ծա­նո­ղը ե­ղաւ ­Սե­ւակ։ Ի վե­րուստ ի­րեն շնոր­հո­ւած մեծ տա­ղան­դին՝ ան միա­ցուց հայ գրո­ղի գի­տա­կան պատ­րաս­տու­թիւնն ու բա­նա­սի­րա­կան-մշա­կու­թա­յին հա­րուստ պա­շա­րը։

Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նի բա­նա­սի­րա­կան բա­ժան­մուն­քը 1945ին ա­ւար­տե­լէ եւ Հ.Ս.Ս.Հ. Ա­կա­դե­միա­յի Գ­րա­կա­նու­թեան ­Հիմ­նար­կին մէջ թեկ­նա­ծո­ւա­կա­նը պաշտ­պա­նե­լէ ետք, 1951ին, ­Սե­ւակ ըն­դու­նո­ւե­ցաւ ­Մոս­կուա­յի ­Մաք­սիմ ­Կոր­քիի ա­նո­ւան հա­մաշ­խար­հա­յին գրա­կա­նու­թեան բա­ժան­մուն­քը, ուր­կէ վկա­յո­ւե­լով՝ միեւ­նոյն հաս­տա­տու­թեան մէջ պաշ­տօ­նա­վա­րեց իբ­րեւ դա­սա­խօս։

1963ին վերջ­նա­կա­նա­պէս վե­րա­դար­ձաւ ե­րե­ւան, 1966ին ընտ­րո­ւե­ցաւ Գ­րող­նե­րու ­Միու­թեան քար­տու­ղար եւ մին­չեւ ող­բեր­գա­կան մա­հը գոր­ծեց ա­ռա­ջին դիր­քե­րու վրայ թէ՛ իբ­րեւ բա­նաս­տեղծ, թէ՛ իբ­րեւ բա­նա­սէր եւ թէ իբ­րեւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ-հրա­պա­րա­կա­խօս։

Պա­րոյր ­Սե­ւակ ար­գա­սա­բեր գրիչ ու­նէր։ Ան­կախ ա­ռան­ձին հա­տոր­նե­րով լոյս տե­սած իր բա­նաս­տեղ­ծա­կան գոր­ծե­րէն՝ «Ան­հաշտ Մ­տեր­մու­թիւն» (1953), «­Սի­րոյ ­Ճա­նա­պարհ» (1954), «­Նո­րից ­Քեզ ­Հետ» (1957), «Անլռե­լի ­Զան­գա­կա­տուն» (1959), «­Մար­դը Ա­փի ­Մէջ» (1962), «Ե­ղի­ցի ­Լոյս» (1971) եւ «­Ձեր ­Ծա­նօթ­նե­րը» (1971) գոր­ծե­րէն, ինչ­պէս նաեւ 1969ին հրա­տա­րա­կո­ւած «­Սա­յաթ-­Նո­վա» մե­նագ­րու­թե­նէն, ­Սե­ւա­կի ժա­ռան­գու­թեան մաս կը կազ­մէ հայ մա­մու­լի է­ջե­րուն ցրո­ւած թէ ան­տիպ ու կի­սա­ւարտ մնա­ցած գոր­ծե­րու ամ­բողջ հարս­տու­թիւն մը։

Ա­հա այս աս­տի­ճան բե­ղուն գրի­չը կոտ­րե­լով՝ 17 ­Յու­նի­սին փոր­ձե­ցին բրտօ­րէն կտրել ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան բազ­կե­րա­կը հայ ժո­ղո­վուր­դին։

Բայց ­Սե­ւա­կի ար­ժէ­քով մե­ծու­թիւն­ներ ծնող ­Հայ­կեան ­Հան­ճա­րին կա­րե­լի չէ լռեց­նել։

Այ­սօր ար­դէն, ա­զատ ու ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, հա­զո­ւա­դէպ կա­րե­լի է հան­դի­պիլ պնդող­նե­րու, թէ պա­տա­հա­կան ար­կա­ծի զոհ գնաց մեծ բա­նաս­տեղ­ծը։

Չա­րի­քի ­Կայս­րու­թիւ­նը՝ խորհր­դա­յին ամ­բող­ջա­տի­րու­թիւ­նը տխրահռ­չակ էր իր գոր­ծած ո­ճիր­նե­րուն հետ­քե­րը ծած­կե­լու, խե­ղա­թիւ­րե­լու կամ նեն­գա­փո­խե­լու «հնա­րամ­տու­թեամբ»։ ­Նաեւ բո­լոր կար­գի կայս­րու­թիւն­նե­րուն յա­տուկ է պե­տա­կան ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու միեւ­նոյն հո­գե­բա­րո­յա­կան խա­թա­րուա­ծու­թիւ­նը։

Սե­ւա­կը «սպան­նե­ցին», ո­րով­հե­տեւ «վտանգ» կը ներ­կա­յաց­նէր «ամ­բող­ջա­տի­րու­թեան» հա­մար…

Ո­րով­հե­տեւ՝

Իր գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով ու հա­մար­ձա­կա­խօս հրա­պա­րա­կագ­րու­թեամբ, ­Սե­ւակ մարմ­նա­ւո­րեց քսա­նե­րորդ դա­րու Ի­րա­ւա­տէ՛ր ­Քա­ղա­քա­ցիի հայ ազ­գա­յին կեր­պա­րը։ ­Մարդ­կա­յին ­Սի­րոյ, Ճշ­մար­տու­թեան ­Լոյ­սի եւ ­Լիի­րաւ Ար­դա­րու­թեան ի­մաս­տա­խոյզ վեր­ծա­նո­ղը ե­ղաւ։ Ա­մէն բա­նէ ա­ւե­լի ­Կեղ­ծի­քի դէմ պայ­քա­րե­ցաւ, սե­փա­կան թե­րի­նե­րուն եւ փոր­ձու­թիւն­նե­րուն ան­կեղծ խոս­տո­վա­նու­թեամբ ապ­րե­ցաւ, որ­պէս­զի Վ­կան դառ­նար ­Մարդ Էա­կի մնա­յուն ճի­գին՝ բարձ­րա­նա­լու ազ­նո­ւաց­ման ու վե­հաց­ման դժո­ւա­րին բար­ձունքն ի վեր։

Այդ ներշն­չու­մով ստեղ­ծա­գոր­ծեց եւ քսա­նե­րորդ դա­րու մի­ջազ­գա­յին գրա­կա­նու­թեան ա­մէ­նէն վա­ւե­րա­կան ար­ժէք­նե­րէն դար­ձաւ Սեւակ՝ նաեւ օ­տար ըն­թեր­ցո­ղի նե­րաշ­խար­հին վրայ լոյս սփռե­լով, այս­պէս կոչուած «­Խորհր­դա­յին ­Մար­դու» մէջ «ի­րաւ»ն­ ու «կեղծ»ը ճշմար­տու­թեան լոյ­սին տակ բե­րե­լով եւ պատ­գա­մե­լով.-

Դու, որ սխա­լո­ւել, սա­կայն չես ստել,

Կորց­րել ես յա­ճախ, բայց նո­րից գտել.

Դու, որ սայ­թա­քել ու վայր ես ըն­կել,

Ըն­կել ես, սա­կայն եր­բեք չես ծնկել,

Այլ մագլ­ցել ես կա­տա­րից-կա­տար,

Ե­լել ես ան­վերջ, բարձ­րա­ցել ես վեր՝

Քո ա­հեղ դա­րից առ­նե­լով թե­ւեր…

Ե­լել ես, որ ողջ աշ­խար­հը տես­նես,

Որ ա­նօ­րի­նակ քո դա­րը տես­նես,

Բո­լոր կեր­պե­րով դու նրան զգաս,

Շա­հա­ծով խնդաս, կո­րուս­տը սգաս…

Ե­լել ես իբ­րեւ նրա մու­նե­տիկ,

Որ նրա հե­ռուն զգաս քեզ մօ­տիկ,

Որ ճշմար­տու­թեան ա­փե­րը տես­նես

Ծպ­տո­ւած ստի խա­բե­լը տես­նես,

Որ չվա­խե­նաս, որ չվա­րա­նես՝

Ա­նար­դա­րու­թեան դէմ­քը խա­րա­նես…

Ա­հա, թէ ին­չու դու այս­քան տա­րի,

Դու, որ հա­րա­զատ ծնունդն ես դա­րի,

Քայ­լում ես ան­դուլ, ա­ռաջ ըն­թա­նում,

Քայ­լում ես այդ­պէս ծանր ու վիթ­խա­րի,

Ա­սես աշ­խարհն ես շա­լա­կած տա­նում…

Մարդ կայ՝ աշ­խարհն է շա­լա­կած տա­նում,

Մարդ կայ՝ ե­լել է շա­լակն աշ­խար­հի…

Ա­ւե­լի քան չորս տաս­նա­մեա­կէ ի վեր ­Սե­ւակ բա­ցա­կայ է հայ կեան­քէն եւ մենք զրկո­ւած ենք՝ նաեւ ու մա­նա­ւա՛նդ իր աչ­քով եւ յու­զաշ­խար­հով մեր պատ­մու­թեան բախ­տո­րոշ վե­րի­վայ­րում­նե­րը ըն­կա­լե­լու բա­րի­քէն։

Զր­կո­ւած ենք ինք­նաքն­նարկ­ման եւ աշ­խար­հըն­կալ­ման այն ի­մաս­տա­խոյզ եւ խռո­վա­հար վեր­ծա­նո­ղէն, ո­րուն վա­ւե­րա­կան լու­սար­ձա­կով պի­տի կա­րե­նա­յինք ազ­գա­յին ու հայ­րե­նա­կան վե­րա­կանգ­նու­մի մեր դժո­ւա­րին եր­թը ա­պա­հո­վագ­րել ա­մէն կար­գի թու­լու­թեանց եւ շե­ղում­նե­րու, սայ­թա­քում­նե­րու եւ մո­լո­րու­թեանց դէմ։

Ճա­կա­տա­գի­րը նման դառն ու դա­ժան խա­ղով մեզ­մէ հե­ռա­ցուց ­Սե­ւա­կը այն­պի­սի՛ ժա­մա­նակ մը, երբ ազ­գո­վին սկսած էինք սպիաց­նել ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան բա­ցած վէր­քե­րը, վե­րա­կանգ­նիլ Ար­հա­ւիր­քէն ու թե­ւա­կո­խել հա­զա­րա­մեակ­նե­րու մեր պատ­մու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն փու­լե­րէն՝ ­Հա­յոց ­Հայ­րե­նի­քի վե­րան­կա­խաց­ման եւ հո­ղա­յին մեր ան­ժա­ման­ցե­լի ի­րա­ւունք­նե­րու աս­տի­ճա­նա­կան վե­րա­տի­րաց­ման դա­րաշր­ջա­նը։

Այ­դու­հան­դերձ՝ իր պար­տա­դիր բա­ցա­կա­յու­թեան տա­րի­նե­րուն եւս, հայ ժո­ղո­վուր­դի ու­ղին շա­րու­նա­կեց լու­սա­ւո­րել ­Սե­ւա­կեան անս­պառ հա­ւատ­քը՝ ­Հա­յո՛ւ լիար­ժէ­քու­թեան հան­դէպ, ազ­գա­յին վե­րա­կանգ­նու­մի Հա­յու ան­կոտ­րում կամ­քին եւ վա­րար նե­րու­ժին հան­դէպ, մեր սե­րունդ­նե­րուն կտա­կե­լով ինք­նա­ճա­նա­չու­մի եւ ինք­նավս­տա­հու­թեան ան­կորն­չե­լի կտա­կը.-

Մենք քիչ ենք‚ սա­կայն մեզ հայ են ա­սում։

Մենք մեզ ո՛չ ո­քից չենք գե­րա­դա­սում։

Պար­զա­պէս մենք էլ պի՛­տի ըն­դու­նենք‚

Որ մե՛նք‚ միայն մե˜նք Ա­րա­րատ ու­նենք‚

Եւ որ այս­տեղ է՝ բարձ­րիկ ­Սե­ւա­նում‚

Եր­կին­քը իր ճիշտ պատ­ճէ­նը հա­նում։

Պար­զա­պէս ­Դա­ւիթն այս­տեղ է կռո­ւել։

Պար­զա­պէս ­Նա­րեկն այս­տեղ է գրո­ւել։

Պար­զա­պէս գի­տենք ժայ­ռից վանք կեր­տել‚

Քա­րից շի­նել ձուկ‚ եւ թռչուն՝ կա­ւից‚

Ու­սուց­մա՛ն հա­մար եւ ա­շա­կեր­տե՜լ

Գե­ղեց­կի՛ն‚

Բա­րո՛ւն‚

Վ­սե­մի՛ն‚

Լա­ւի՛ն…

Մենք քիչ ենք‚ սա­կայն մեզ հայ են ա­սում։

Մենք մեզ ոչ մէ­կից չենք գե­րա­դա­սում

Պար­զա­պէս մեր բախտն ու­րիշ է ե­ղել‚-

Պար­զա­պէս շատ ենք մենք ա­րիւն հե­ղել.

Պար­զա­պէս մենք մեր դա­րա­ւոր կեան­քում‚

Երբ ե­ղել ենք շատ

Ու ե­ղել կան­գուն‚

Դար­ձեա՛լ չենք ճնշել մէկ ու­րիշ ազ­գի‚

Ո՛չ ոք չի տու­ժել զար­կից մեր բազ­կի։

Ե­թէ գե­րել ենք՝

Լոկ մեր գրքե­րով.

Ե­թէ տի­րել ենք՝

Լոկ մեր ձիր­քե­րով…

Պար­զա­պէս մահն է մեզ սի­րա­հա­րո­ւել‚

Իսկ մենք ինք­նա­կամ նրան չենք տրո­ւել։

Ու երբ ճա­րա­հատ մեր հողն ենք թո­ղել՝

Ո՜ւր էլ որ հա­սել‚ որ­տեղ էլ ե­ղել‚

Ջա­նա­ցել ենք մենք ա­մէն­քի՛ հա­մար.

Շի­նել ենք կա­մուրջ‚

Կա­պել ենք կա­մար‚

Ա­մէ՜ն տեղ հեր­կել‚

Հասց­րել բեր­քեր‚

Ա­մէն­քի՜ ն ­տո­ւել մի՛տք‚ ա­ռա՛ծ‚ եր­գե՛ր՝

Պաշտ­պա­նել նրանց հո­գե­ւոր ցրտից‚-

Ա­մէ՜ն տեղ թո­ղել մեր աչ­քից՝ ցո­լանք‚

Մեր հո­գուց՝ մա­սունք‚

Եւ նշխար՝ սրտից…

Մենք քիչ ենք‚ ա­յո՛‚ բայց կոչ­ւում ենք հայ –

Գի­տենք դեռ չան­ցած վէր­քե­րից տնքալ‚

Բայց նոր խնդու­թեամբ ցնծալ ու հրճո­ւել.

Գի­տենք թշնա­մու կո­ղը մխրճո­ւել

Ու բա­րե­կա­մին դառ­նալ ա­ջա­կից.

Դուրս գալ մեզ ա­րո­ւած բա­րու­թեան տա­կից՝

Մէ­կի փո­խա­րէն տասն հա­տու­ցե­լով…

Յօ­գուտ ար­դա­րի եւ ա­րե­գա­կի

Գի­տենք քո­ւէար­կել մեր կեան­քով նաեւ…

Բայց թէ կա­մե­նան մեզ բռնի վա­ռել՝

Մենք գի­տենք մխա՛լ – եւ կրա՜կ մա­րել.

Իսկ ե­թէ պէտք է խա­ւա­րը ցրել՝

Գի­տենք մոխ­րա­նալ որ­պէս վառ կե­րոն.

Եւ գի­տենք նաեւ մեզ կրքոտ սի­րել‚

Բայց ու­րիշ­նե­րին մի˜շտ­ էլ յար­գե­լով…

Մենք մեզ ոչ մէ­կից չենք գե­րա­դա­սում‚

Բայց մեզ էլ գի­տենք –

Մեզ հա՜յ են ա­սում։

Եւ ին­չո՞ւ պի­տի չհպար­տա­նանք…

Կա՛նք։ ­Պի­տի լի­նե՛նք։ Ու դեռ – շա­տա­նա՜նք։      

Նազարէթ Պէրպէրեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.