Հայ Ըմբիշը Պաքուի Մէջ Ոսկի Մետալի Տիրացաւ
1237
0
Պաքուի մէջ տեղի ունեցող եւրոպական առաջին խաղերուն, Ռուսիան ներկայացնող Ստեփան Մարիանեան տիրացաւ ոսկի մետալի` յունա-հռոմէական ոճի ըմբշամարտի 59 քկ դասակարգին մէջ
Աւարտականին հայ ըմբիշը 3-0 արդիւնքով յաղթեց Սոսլան Տաուրովին (Պիելոռուսիա):
Նշենք, որ Մարիանեան կիսաւարտականին յաղթեց ազրպէյճանցի Էլմար Մուխթարովին, իսկ քառորդ աւարտականին` Ռոման Ամոյեանին, որ ձախողեցաւ պրոնզ մետալին տիրանալ իր մղած պայքարին մէջ: