Ինչպէս Ազրպէյճանն ու Անոր Լոպիիստները ապակողմնորոշման կ՚ենթարկեն ԱՄՆ Քոնկրեսը


Իլիա Լոզոսքի ամերիկեան «Ֆորէյն Փոլիսի» պարբերաթերթին մէջ կը գրէ, որ տարիներով Ազրպէյճան ծածկած է իր մարդկային իրաւանց մարզի ահաւորութիւնը ինքզինք Միացեալ Նահանգներուն ներկայացնելով իբրեւ «ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին» մէջ հաւատարիմ գործընկեր մը, Իսրայէլի համար յանդուգն բարեկամ մը եւ ուժանիւթի կարեւոր մատակարարող մը։ Աւանդական դիւանագիտութեան կողքին, անիկա այս պատգամը յառաջ կը մղէր վելուծական կեդրոններուն, պետական օրէնսդիր մարմիններու եւ Քոնկրեսի միջանցքներուն մէջ աշխոյժ լոպիինկով։ Ազրպէյճանի կառավարութեան եւ անոր ամերիկացի լոպիիստներուն կողմէ եկամուտի եւ ծախսի պարտադիր բացայայտումները ցոյց կու տան, որ Պաքու եւ իր վարձկանները միայն 2014-ին նշեալ նպատակին համար ծախսած են առնուազն 4 միլիոն տոլար։ Ըստ «Սանլայթ» հիմնարկին երբ Ազրպէյճան 2013-ին միայն 2,3 միլիոն տոլար ծախսած էր արդէն Ուաշինկթընի մէջ ազդեցութիւն «գնող» օտար կառավարութեանց ցանկին առաջին տասնեակին մէջ էր։ Այս Փետրուարին Ազրպէյճանի դեսպանատունը իր գլխաւոր լոպիիստին՝ «Փոտեսթա կրուփ»-ին ամսական յատկացումը բարձրացուց 50 հազար ամերիկեան տոլարէն 75 հազար ամերիկեան տոլարի։ «Փոտեսթա կրուփ»-ի գործունէութեան պարտադիր բացայայտումը ցոյց կու տայ, որ քոնկրեսական գրասենեակներու, գործադիր իշխանութեան գործակալութեանց, լրատուական մարզի անդամներու եւ վերլուծական կեդրոններու հետ քանի մը հարիւր շփումներ։

Այս բացայայտուած ծախսերէն ոչ մէկը ապօրինի է, եւ բազմաթիւ կառավարութիւններ, ներառեալ ազատական ժողովրդավարութիւններ Ուաշինկթընի մէջ ազդեցութիւն «կը գնեն»։ Սակայն այն ինչ որ ազրպէյճանցիներն ու անոնց լոպիիստները կարողացան Քոնկրեսի մէջ ձեռքբերել ակնառու է, մասնաւորաբար նկատի առնելով ազրպէյճանական վարչակարգին իսկական բնոյթը։

Քոնկրեսական պաշտօնեայ մը, որ փափաքեցաւ անանուն մնալ նկարագրեց Ազրպէյճան-Ամերիկա Դաշինքին նման իշխանամէտ խմբաւորումներու կողմէ կազմուած ընդունելութիւնները, որոնց ընթացքին Քոնկրեսի մինչեւ 20 անդամներ «ամպիոնին առջեւ շարք կը կենան», սպասելով իրենց կարգը գովելու համար Ազրպէյճանը անոր տնտեսական յաջողութիւններուն, Միացեալ Նահանգներու հետ գործընկերութեան եւ Իսրայէլի հետ բարեկամութեան համար։ Ան ըսաւ, որ այդ ձեռնարկները նշանակալից են մասնակից քոնկրեսականներու թիւին եւ անոնց արտասանած խօսքերուն միատեսակութեան առումով, ինչ որ ցոյց կու տայ, որ այդ խօսքերը լոպիիստներու կամ իշխանամէտ կազմակերպութիւններու կողմէ թելադրուած են։ Թէեւ խօսքերուն սղագրութիւնները գոյութիւն չունին, իշխանամէտ խմբակները կը սիրեն յոխորտալ վարչակարգին նկատմամբ ամերիկացի պաշտօնատարներու գովասանքներուն մասին, ինչ որ սիրտ խառնուք կը պատճառէ։

Այն ինչ որ շշմեցուցիչ է այն է, որ Քափիթըլ Հիլի մէջ Ազրպէյճանի բարեկամներուն կողմէ անոր հասցէին արտայայտուած դրական զգացումները Պաքուի կառավարութեան կողմէ չեն փոխադարձուիր։ Դեկտեմբեր 2014-ին Ալիեւի վարչակազմին ղեկավարը գրեց երկար (եւ ակներեւ կերպով փութինական) հակաամերկեան գրութիւն մը Ուաշինկթընը ամբաստանելով ժողովրդավարութիւն ջատագովելու պատրուակով յեղափոխութիւն հրահրելու յանցանքով։ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ռիչըրտ Քոզլըրիչ կը յայտնէ, որ ատոր նպատակը փոխանցելն է հետեւեալ յստակ պատգամը.«Դուք մեզի աւելի պէտք ունիք, քան՝ մենք ձեզի»։ Նամակին կողքին պետական լրատուամիջոցներուն մէջ հակաամերիկեան արշաւ մը շղթայազերծուեցաւ, բարձրաստիճան պաշտօնատարներ թշնամական յայտարարութիւններու շարք մը կատարեցին եւ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռին նման ամերիկեան կառավարութեան կողմէ ֆինանսաւորուող կազմակերպութիւններ ճնշումներու ենթարկուեցան։

Այս շաբաթ Ազրպէյճան կը հիւրընկալէ առաջին Եւրոպական խաղերը։ Այսպիսի աչքառու հանդէսներու, ինչպէս 2012-ին Եւրոտեսիլ մրցանքին եւ յաջորդ տարին տեղի ունեցած «Ֆորմիւլա 1» մրցումին նպատակը երկիրը իբրեւ արդիական եւ միջազգային ընտանիքի զարգացած անդամ ներկայացնելն է։ Այդ պատգամի անխաթար փոխանցումը ապահովելու համար կառավարութիւնը վերջին պահուն «Միջազգային ներում»-ին եւ «Կարտիըն»-ին արգիլեց երկիր մուտք գործել։ Անցեալ շաբաթ յայտնի դարձաւ, որ «Փոտեսթա կրուփ»-ը յաւելեալ մէկ ամիսով «առցանց աշխատանքներու» մասին խորհուրդ պիտի տայ Ազրպէյճանի։ «Ֆրիտըմ Նաու»-էն Մարան Թըռնըր կ՚ենթադրէ, որ ասոր նպատակը մրցումներուն նախօրեակին Ազրպէյճանի մասին ժխտական մամլոյ հաղորդումներուն հակազդելն է։ Ուստի եթէ լուրերու հանդիպիք, թէ Կովկասի մէջ Ամերիկայի լաւագոյն բարեկամը մարմնամարզանքի մէջ հռչակ կը շահի, այդ լուրերուն մօտեցէք պատշաճ վերապահութեամբ եւ ձեր քոնկրեսականներուն յիշեցուցէք նոյնը կատարել։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.