15 Յունիս. Հայաստանի պետական խորհրդանիշներու տօնական Օրը
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական տօնացոյցը հաստատող 1995ի Հիմնական Օրէնքը նախատեսած չէր, որ տօնական Օր մը յատկացուի Հ.Հ. պետական խորհրդանիշներուն՝ Եռագոյն Դրօշին, Հիմներգին եւ Զինանշանին համար։
Թէեւ 1918ի Մայիս 28ին կերտուած Հայաստանի Հանրապետութեան երեք գլխաւոր պետական խորհրդանիշները իրողապէս վերականգնուեցան եւ որդեգրուեցան 1988ի Արցախեան Շարժումէն եւ Հայաստանի վերանկախացումէն՝ 1990-1991ի դարակազմիկ իրադարձութիւններէն ետք, այդուհանդերձ հարկ եղաւ սպասել մինչեւ 2009 թուականը, որպէսզի նաեւ օրինականօրէն եւ պաշտօնապէս հաստատուի Հ.Հ. Պետական Խորհրդանիշներու տօնական Օրը։
Նախ՝ «Մենք» անունը կրող Հասարակական Նախաձեռնութեան մղումով, 2008ին հրապարակ նետուեցաւ Հ.Հ. Պետական Խորհրդանիշներու Օր տօնելու գաղափարը։ Ապա՝ Հ.Հ. կառավարութիւնը իր հաւանութիւնը տուաւ եւ 2009ին կեանքի կոչեց ու Հ.Հ. Ազգային Ժողովի հաստատման արժանացուց համապատասխան օրէնք մը, որու հիման վրայ, 2010էն ասդին, ամէն տարի Յունիս 15ին կը նշուի Հ.Հ. Պետական Խորհրդանիշներու Օրը՝ պաշտօնական ու ժողովրդային հանդիսաւորութեամբ։
Այդպէ՛ս, իրենց համազգային նշանակութեամբ եւ խորհրդանշած արժէքներով՝ Եռագոյն Դրօշը, Զինանշանը եւ «Մեր Հայրենիք» Օրհներգը ունեցան իրենց ամենամեայ տօնական Օրը, ծառայելու համար հայոց սերունդներու ազգային մտածողութիւնը, հայեցի ներշնչումը եւ հպարտութիւնը արմատաւորելու վսեմ նպատակին։
Նոյնիսկ քառորդ դար առաջ, երբ Հայաստան տակաւին ենթակայ էր խորհրդային բռնատիրութեան, իսկ հայկական սփիւռքի տարածքին միայն Դաշնակցութիւնն ու անոր համակիր բազմութիւնները սրբութեան պէս կը պահպանէին եւ ազգային առիթներով կը պարզէին Մայիս 28ի խորհրդանիշ Եռագոյնը, կը յիշեցնէին Հայաստանի Հանրապետութեան Զինանշանը ու կը հնչեցնէին «Մեր Հայրենիք»ը, ոչ ոք կրնար երեւակայել անգամ, որ այսքան արագ ու արմատական փոփոխութենէ պիտի անցնէին աշխարհն ու հայ կեանքը։
Հայաստանի անկախութեան վերականգնումը անխուսափելի հռչակող եւ լուսաւոր այդ օրուան հանդէպ աներեր հաւատք ներշնչող մեր բանախօսներն անգամ իբրեւ իրականանալի երազ կը քարոզէին, թէ պիտի գար օրը եւ մեր սերունդները բախտը պիտի ունենային տեսնելու, վայելելու եւ վկայելու, թէ ոչ միայն խորհրդահայ ուրացումի դատապարտուած ու խծբծանքի առարկայ դարձած Եռագոյնը, Զինանշանը եւ «Մեր Հայրենիք»ը հայրենի հողի վրայ պիտի վերարժեւորուէին, այլեւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական տօներու շարքին 15 Յունիսը պիտի նուիրագործուէր իբրեւ Հ.Հ. Պետական Խորհրդանիշներու Օրը։
Հայոց նորագոյն պատմութեան անիւը արագ ու արմատական փոփոխութեան իր այս փուլը թեւակոխեց 1988ին, Արցախեան Պահանջատիրութեան համաժողովրդական պոռթկումի բուռն ալիքին հետ, երբ հարիւր հազարաւորներու մասնակցութեամբ կատարուած հաւաքներու եւ ցոյցերու տեսագրութիւնը աշխարհին փոխանցող լրատուութեանց մէջ յանկարծ տեսանելի դարձաւ Եռագոյն Դրօշի ծածանումը։
Օրին ո՛չ ոք կը հաւատար տեսածին եւ իրաւացի զարմանքով ու արդար հպարտութեամբ բոլորս հարց կու տայինք իրարու, թէ ճիշդ կը տեսնէի՞նք, իրապէ՞ս Եռագոյնն էր ծածանողը հայրենի մեր ժողովուրդին ձեռքը…
Շուտով հաստատուեցաւ, թէ այո՛, ճի՛շդ էր, Երագոյ՛նն էր։
Ի հեճուկս խորհրդային 70ամեայ ամբողջատիրական լուծին, հայ ժողովուրդը հայրենի հողին վրայ սրբազան մասունքի պէս պահպանած էր Մայիս 28ի եւ Հայաստանի անկախութեան Աւանդը՝ իր խորհրդանիշներով հանդերձ։
Հայաստանի անկախութեան վերականգնման քայլ առ քայլ յառաջխաղացքին հետ, առաջին ոստումը արձանագրեցինք 1990 թուականի Օգոստոս 24ին, երբ Մայիս 1990ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն համաժողովրդային շարժումը փայլուն յաղթանակ տարաւ եւ, տակաւին «Խորհրդային Հայաստան»ի իրաւավիճակով ապրող մեր հայրենիքին մէջ, նորընտիր Գերագոյն Խորհուրդը ընդունեցաւ «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական դրօշի մասին» օրէնք։ Մէկ օր առաջ, Օգոստոս 23ին, Գերագոյն Խորհուրդը ընդունած էր Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագիրը, որ «Հայաստանի Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւն» պաշտօնական խճճուած անուանումը փոխարինեց կարճ ու կտրուկ եւ իմաստալից «Հայաստանի Հանրապետութիւն» անունով։ 1918ին կերտուած Հայաստանի անկախութեան եւ Հանրապետութեան աւանդները վերականգնելու Հռչակագրի առաջադրանքը իր առաջին կիրարկումը գտաւ մէկ օր անց, երբ Օգոստոս 24ին ընդունուեցաւ Եռագոյնը իբրեւ պետական դրօշ վերականգնող օրէնքը, որ նաեւ ճշդեց, թէ Հայաստանի «Պետական դրօշը եռագոյն է՝ կարմիր, կապոյտ, նարնջագույն հորիզոնական հաւասար շերտերով (վերեւից ներքեւ)»:
Այդ օրերուն հայ ժողովուրդը քայլ առ քայլ կը հարթէր Հայաստանի Հանրապետութեան լիարժէք վերանկախացման ուղին, կը պատրաստուէր 21 Սեպտեմբեր 1991ի Անկախութեան հանրաքուէին։
Հարկ եղաւ սպասել աւելի քան մէկուկէս տասնամեակ, որպէսզի 15 Յունիս 2006ին հաստատուի «Հ.Հ. Պետական Դրօշի մասին» օրէնքը եւ իր իրաւական ամրագրումը ստանայ Եռագոյնին վերականգնումը՝ օրէնքի հետեւեալ տարազումով.-
«Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը եռագոյն է` վերեւից ներքեւ կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն հորիզոնական հաւասար շերտերով: Կարմիր գոյնը խորհըրդանշում է Հայկական Բարձրաւանդակը, հայ ժողովրդի մշտական պայքարը յարատեւման, քրիստոնէական հաւատքի, Հայաստանի անկախութեան եւ ազատութեան համար: Կապոյտ գոյնը խորհրդանշում է հայ ժողովրդի ապրելու կամքը խաղաղ երկնքի ներքոյ: Նարնջագոյնը խորհրդանշում է հայ ժողովրդի արարչական տաղանդը եւ աշխատասիրութիւնը: Դրօշի լայնութեան եւ երկարութեան չափերի յարաբերութիւնն է` 1:2ի»:
Հայաստանի անկախութեան վերականգնման եւ Մայիս 28ի խորհրդանիշներուն վերարժեւորման ուղղութեամբ երկրորդ քայլը նետուեցաւ 1991ի Յունիս 1ին, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն Խորհուրդը որոշում կայացուց եւ իբրեւ մեր երկրի պաշտօնական պետական օրհներգ ընդունեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան (1918-1920) օրհներգը՝ «Մեր Հայրենիք»ը, Միքայէլ Նալբանդեանի ծանօթ բանաստեղծութեան հետեւեալ խմբագրումով.
Մեր Հայրենիք, ազատ անկախ,
Որ ապրել է դարէ դար
Իր որդիքը արդ կանչում են
Ազատ, անկախ Հայաստան։
Ահա եղբայր քեզ մի դրօշ,
Զոր իմ ձեռքով գործեցի
Գիշերները ես քուն չեղայ,
Արտասուքով լուացի։
Նայիր նրան երեք գոյնով,
Նուիրական մէկ նշան
Թող փողփողի թշնամու դէմ
Թող միշտ պանծայ Հայաստան։
Ամենայն տեղ մահը մի է
Մարդ մի անգամ պի՛տ մեռնի,
Բայց երանի՝ որ իւր ազգի
Ազատութեան կը զոհուի:
Հայ ժողովուրդի պետական երրորդ խորհրդանիշին՝ Հ.Հ. Զինանշանին որդեգրումը տեղի ունեցաւ 1992ի գարնան, երբ արդէն միջազգային օրէնքով ճանչուած անկախ պետութիւն էր Հայաստանը։
19 Ապրիլ 1992ին ընդունուած «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական զինանշանի մասին» օրէնքով՝ Հ.Հ. Գերագոյն Խորհուրդին կողմէ «վերականգնուել է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան (1918-1920թթ.) զինանշանը, որի հեղինակներն են ճարտարապետ, Ռուսաստանի Գեղարուեստի Ակադեմիայի ակադեմիկոս Ալեքսանդր Թամանեանը եւ նկարիչ Յակոբ Կոջոյանը»։
Զինանշանի պարագային եւս Հայաստանի կառավարութիւնը 2006ի Յունիս 15ին որդեգրեց լրացուցիչ օրէնք՝ «Հ.Հ. պետական Զինանշանի մասին», ուր հետեւեալ նկարագրութիւնը եւ բացատրութիւնը օրէնքով ամրագրուեցան.-
«Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանն է` կենտրոնում` վահանի վրայ պատկերուած են Արարատ լեռը` Նոյեան տապանով եւ պատմական Հայաստանի թագաւորութիւններից չորսի` վերեւից ձախ` Բագրատունիների, վերեւից աջ` Արշակունիների, ներքեւից ձախ` Արտաշիսեանների, ներքեւից աջ` Ռուբինեանների զինանըշանները: Վահանը պահում են արծիւը (ձախից) եւ առիւծը (աջից), իսկ վահանից ներքեւ պատկերուած են սուր, ճիւղ, հասկերի խուրձ, շղթայ եւ ժապաւէն:
«Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանի հիմնական գոյնն է ոսկեգոյնը, պատմական Հայաստանի թագաւորութիւններինը` վերեւից ձախ` կարմիր, վերեւից աջ` կապոյտ, ներքեւից ձախ` կապոյտ, ներքեւից աջ` կարմիր, եւ կենտրոնում` վահանի վրայ պատկերուած Արարատ լեռը` նարնջագոյն: Նշուած գոյները խորհրդանշում են Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի գոյները»:
Ազգային ու պատմական այսպիսի՛ աւանդներու խտացումը կը խորհրդանշեն վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան Դրօշը, Օրհներգը եւ Զինանշանը, որոնց նուիրուած է Յունիս 15ի այս օրը տօնակատարուող Հ.Հ. Պետական Խորհրդանիշներու Օրը։
Այս առիթով կ’արժէ թարմացնել յիշողութիւնները՝ Հայոց Պետական Դրօշի մտայղացման մասին Սիմոն Վրացեանի հետեւեալ վկայութեամբ.-
«Հաստատուեց Հայաստանի ազգային դրօշակը՝ հորիզոնական կարմիր, կապոյտ ու նարնջի գոյներով։ Դրօշակի ձեւի եւ գոյների շուրջ եղան բաւական երկար խորհըրդակցութիւններ. ի նկատի առնուեցին հայոց պատմական դրօշակները, լսուեց հայկաբան Ստ. Մալխասեանի հիմնաւորուած զեկուցումը հայկական դրօշակի մասին եւ, ի վերջոյ, որոշուեց ընդունել վերոյիշեալ երեք գոյները՝ պայմանով, որ վերջնական հաստատումը կատարուի Սահմանադիր Ժողովի կողմից, որ պէտք է գումարուէր Հայաստանի երկու հատուածների միացումից յետոյ։
«Ի՞նչ բովանդակութիւն կամ խորհուրդ էր դրւում այդ գոյների կամ դրօշակի ամբողջութեան մէջ։
«Առանձին պատգամաւորներ իրենց մտքերում ունէին, անշուշտ, որոշ բացատրութիւն, ոմանք ճառով էլ արտայայտեցին, բայց Հայաստանի Խորհուրդը այդ մասին որեւէ որոշում չտուեց եւ դրօշակն իր ամբողջութեան մէջ, գոյների ընտրութիւնն ու դասաւորութիւնը, աւելի շուտ, արդիւնք էր քուէարկութեան պատահականութեան։
«Պատգամաւորների մի մասի կողմից մասնաւոր առարկութիւն էր լսւում – գլխաւորապէս գործնական տեսակէտից – նարնջագոյնի դէմ. Հայաստանում դժուար էր այդ գոյնի կտոր գտնել։ Առաջարկւում էր փոխարէնը դնել կանաչ գոյն. ոմանք փաստ էին բերում, որ կանաչը մեր պատմական գոյներից մէկն է։ Բայց նարնջի գոյնը առանձնապէս պաշտպանում էր Քաջազնունին, որ ղեկավարւում էր սոսկ գեղասիրական նկատումներով. կարմիրի, կապոյտի եւ նարնջագոյնի ներդաշնակութիւնը դիւր էր գալիս նրա ճաշակին։
«Կային, սակայն, հայկական Եռագոյնի մէջ եւ գաղափար ու խորհուրդ դնողներ։ Այդ գոյները, կարծես, բխում էին մեր կեանքից, խորհրդանշում էին հայ պետականութեան ծագումն ու ապագան։ Կարմիրը հայ ժողովըրդի թափած արիւնն էր, կապոյտը՝ Հայաստանի կապոյտ երկինքը եւ նարնջի կամ ոսկու գոյնը՝ խտացումը աշխատանքի։ Հայ ժողովուրդը, որ արիւնով էր ձեռք բերել իր ազատութիւնը, հայրենի կապոյտ երկնքի տակ, իր համբաւաւոր աշխատասիրութեամբ՝ պիտի վերաշինէր երկիրը եւ ապրէր ազատ ու երջանիկ…»։
Ն.